Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 6, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ Ռայի պատրիարքին անունով դատապարտեց անոր դէմ կատարուած մահափորձը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի խստիւ դատապարտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը` շեշտելով, որ քաղաքական տարակարծութեան պարագային ուժի գործադրութիւնը մերժելի է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը միայն ան եւ իր շուրջինները ապրած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը այլ սպանութիւններու շարունակութիւնն է:

ԿԸ նախատեսուի, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին պատմական ճառ մը արտասանէ նախագահական պալատէն: Նշենք, որ յառաջիկայ կիրակի օր Պքերքէ եւ Պաապտա պիտի հրապարակեն հաղորդագրութիւն մը, որ պիտի պարփակէ սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ժամանակացոյցը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման թղթածրարին շուրջ հանգոյցները կրնան լուծուիլ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական հեղինակութենէ մը, յայտնեց, որ Սամիր Ժահժահի դէմ կրակ բացողը մէկ հոգի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք 7 մայիսի վէրքը մնայուն կերպով պիտի յիշեն, բացի եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Պէյրութէն անձամբ ներում հայցէ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի աւագ ականատես Զուհէյր Սըտտիքի դաշնակիցներն են, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Ուիսամ Հասան եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա սուտ վկաներուն հովանաւորներն են:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Պատտաուիէն Սուր բնական կազի խողովակաշար մը շինելով կարելի կ՛ըլլայ լիբանանեան պետական գանձարկղին համար մէկ միլիառ տոլարի գումար մը խնայել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի երէկ այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան  ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ դատապարտեց անոր դէմ կատարուած մահափորձը: «Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դէմ կեցող իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձին», ըսաւ Մաժտալանի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ լիբանանեան վարչակարգը փորձանքի մը մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ վարչակարգի աշխատանքի բոլոր գործիքները խանգարուած են, իսկ այդ վարչակարգին պատասխանատու իշխանութիւնները լուրջ մտահոգութեան մէջ են:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ կառավարութիւնը տապալելու նախաձեռնութիւնը հիմնական նպատակ մըն է` լիբանանեան ընդդիմութեան օրակարգին վրայ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սպանութիւններու լեզուն կտրականապէս մերժելի է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրել` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ գործուող սպանութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ կարելի չէ երեսփոխան Ժոմպլաթի քաղաքական եւ ժողովրդային ներկայացուցչութիւնը անտեսել կամ շրջանցել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ ժամանակը հասած է Լիբանանի մէջ սպանութեան եւ բռնարարքներու լեզուին վերջ մը տալու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի վարչագիտութեան բաժանմունքին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան 20 անդամներ եւ անոնց օգնական այլ ուժեր երէկ խոշտանգած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ երեք երիտասարդներ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Դէպի Հիւսիսային Կիպրոս Թռիչքները Կը Ջնջէ

Յաջորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Աւարտեց Քաղաքացիութիւնը Իր Զաւկին Շնորհելու Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունքին Մասին Օրինագիծին Մշակումը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.