Քրեմլինը Երեւանին եւ Պաքուին զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէ: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Մոսկուան ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին:
«Շփման գիծէն ստացուող լուրերը, անշուշտ, մտահոգիչ են, երկու կողմին զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք` ամէն ձեւով խուսափելու այլ գործողութիւններէ, որոնք միւս կողմը կարող է սադրիչ նկատել: Շատ ուշադիր պիտի հետեւինք», ըսած է Փեսքով: