Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Ռուսիոյ Դերը Այլընտրանք Չունի»

February 12, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Ռուսիոյ դերը այլընրանք չունի, այդ դերակատարութիւնը շատ մեծ է եւ բացառիկ: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

Ան ընդգծած է, որ ինքնին Ռուսիոյ եւ անոր ղեկավար Վլատիմիր Փութինի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է նոյեմբեր 2020-ին եւ սեպտեմբեր 2023-ին դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները:

Կալուզին յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ հովանիին տակ մշակուած են ռուս-հայ-ազրպէյճանական համաձայնութիւնները` կարգաւորման հոլովոյթի հետագայ քայլերուն շուրջ:

«Այսօր մեր առջեւ առաջադրանք կայ օգնելու մեր գործընկերներուն` Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, դուրս գալու հաշտեցման եւ խաղաղ փոխադարձ գործակցութեան կայուն ուղիի վրայ, օգնել ստեղծելու փոխըմբռնման եւ վստահութեան մթնոլորտ, որպէսզի շրջանին մէջ կացութիւնը ըլլայ կայուն եւ խաղաղ: Այս ծիրին մէջ մենք առաջնային նշանակութիւն կու տանք եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման: Պէտք է ըսեմ, որ այս հարցին մէջ մենք մեր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ լուրջ յաջողութիւններու հասած ենք կարգաւորման բազմաթիւ ոլորտներու մէջ», ըսած է Կալուզին:

«Մոսկուան յոյս ունի, որ Երեւանը պիտի գիտակցի այն փաստին, որ ինքնին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացումն է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ամէնէն յուսալի ճամբան», ըսած է ան:

Կալուզինի կարծիքով` կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արտաշրջանային դերակատարները, նախ եւ առաջ` Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւելու ջանքերը յաջողութեան պիտի չյանգեցնեն: «Արեւմտեան դերակատարներու գործունէութիւնը ուղղուած է ոչ թէ լուծման նպաստելուն, այլ Ռուսիան այս հոլովոյթէն դուրս մղելուն, Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու գոյութիւն ունեցող հաւասարակշռութիւնը քանդելուն եւ, հետեւաբար, Ռուսիոյ դրացնութեամբ անկայունութեան յաւելեալ օճախ մը ստեղծելուն», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Խօսելով հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման մասին` ան նշած է, որ Ռուսիան Պաքուին եւ Երեւանին կ՛առաջարկէ խորհրդատուական ծառայութիւններ, որովհետեւ միայն Մոսկուան ունի համապատասխան բացառիկ տեղագրական նիւթեր:

«Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան հոլովոյթին, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման, ապա Ռուսիան աշխուժօրէն կը շարունակէ օգնել քննարկել հարցերու ամբողջ շրջանակը: Մենք միշտ պատրաստ ենք մեր հարթակը տրամադրելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն համար», ըսած է դիւանագէտը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը «Ռոսիա 24»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ ընդհանուր ըմբռնում կայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ վերականգնուիլ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը»:

«Խօսքը, մասնաւորաբար, Ազրպէյճանէն` Հայաստանի Սիւնիքի մարզով դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի մասին է: Ինչ կը վերաբերի հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, ապա Ռուսիան Պաքուին եւ Երեւանին կ՛առաջարկէ խորհրդատուական ծառայութիւններ, որովհետեւ միայն Մոսկուան ունի համապատասխան բացառիկ տեղագրական նիւթեր», ըսած է Կալուզին:

Նախորդը

Թուրքիան Հայաստանին Փոխանցած Է Անիի Պատմական Կամուրջի Վերականգնման Իր Պատկերացումները

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանցի Առիթով Հայ Աւետարանական Պաշտամունք

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.