Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 4. Հինի-Նորի «Տեսութեան» Լուսաւորուող Ծալքերը

Փետրուար 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ «Իմ քայլ»-ը իշխանութեան հասաւ, առաջին «իրագործումներէն» մէկը եղաւ պառակտումի նոր ալիք մը յառաջացնել երկրին մէջ: Այդ ալիքը ունեցաւ քանի մը անուանում. սեւեր-սպիտակներ, յեղափոխականներ-հակայեղափոխականներ, ամէնէն հնչեղն ու երկարաշունչ եղաւ հիներ-նորերը: «Քալողներու» ժառանգորդ ՔՊ-ականները (անոնցմէ շատեր «քալող» էին իրենք զիրենք «ուսապարկ» կոչելէ առաջ) բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնացին այս «սկզբունքին», աւելի՛ն, պառակտումի ու «նուաճումներու» դաշտին տուին նոր տարածք` ազգակործան դրօշը տարածելով դէպի սփիւռքեան ափեր (սկիզբն ալ կար, սակայն յետոյ աւելի՛ խորացաւ):

Ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ «հիները» մեղաւոր էին, երկրին ու ժողովուրդին` վնաս հասցուցած: Մեր այս սիւնակին նպատակը «բիւզանդական վէճ» յիշեցնող, ճիշդը սխալէն ջոկող ճախճախուտին մէջ մխրճուիլ չէ, ո՛չ ալ` սա կամ նա արդարացնելը կամ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելը: Նպատակ չունինք մանաւանդ ցանկագրելու բոլոր այն չարիքները, ահաւոր ու ՊԱՏՄԱԿԱՆ կորուստները, որոնք արձանագրուեցան «թաւիշի» այս վաճառականներուն ձեռքով, այլ կ՛ուզենք լուսարձակ բերել կարգ մը ծալքերու վրայ, որոնք հիմա աւելի՛ բացորոշ կերպով կը տեսնենք, ամէն օր անոնց մասին կը խօսին իրա՛ւ մասնագէտները, հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրով մտահոգները, փրկութեան նախանձախնդիրները:

Հիմա կը տեսնենք, բայց… կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» ըսելով` այս վարչախումբը ի մտի չունէր լոկ զինք կանխած իշխանական խումբերը, այլ այդ հասկացութիւնը ունի շա՜տ աւելի լայն տարածք, անպարագիծ հորիզոններ, որոնք ծալք առ ծալք կը պարզուին իրերայաջորդ օրերու, շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին:

Հիմա արդեօք կը տեսնե՞նք եւ կ՛ըմբռնե՞նք, որ «հիներու» ցանկին են, Հայաստանի վերանկախացման օրերուն, սահմանադրութիւն եւ անոր ազգապահպան-հողապաշտպան նախաբանը մշակողները, Արարատին, Արցախին ու Արեւմտեան Հայաստանին տիրութիւն ընողները: Կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» են եղեր մեր պատմութեան` իրա՛ւ պատմութեան ուսանողներն ու դասախօս-ուսուցիչները, պատմագիրներն ու պատմաբանները: Եթէ փորձենք հետեւիլ այս ան-տրամաբանութեան, կը հասնինք հոն, ուր հիներու ցանկին կ՛արձանագրուին Սեւակներն ու Թումանեան, Իսահակեան ու Չարենց (փակագիծի մէջ` նաեւ Պարոնեան եւ սերնդակիցներ, Ազգային սահմանադրութիւնը մշակողներ), ինչո՞ւ չէ` Խրիմեան Հայրիկը, ազգային կուսակցութեանց հիմնադիրները եւ անոնց բացած ուղիները ընդարձակողները. ետ երթալով` կը հասնինք մինչեւ` Աբովեան, Դաւիթ Բէկ, Մխիթար Սպարապետ, Իսրայէլ Օրի ու մեր բոլոր պատմագիրները, անոնց ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ մէջ տեղ գրաւած արքաները, իշխաններն ու ազգ-հայրենիք այլ պահպանողները, Հայ եկեղեցւոյ ազգանուէր ու ազգապաշտպան ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՐՏՈՂՆԵՐԸ:

«Հիներու» ցուցակը կրնանք հարստացնել մեր ազատամարտիկներով ու նահատակներով, Ցեղասպանութեան զոհերով ու ֆետայիներով, «ազերիական հողերու վրայ» Հայաստանի Հանրապետութիւն արարողներով: Եւ նոյն թռիչքներով կրնանք հասնիլ մինչեւ… Հայկ նահապետ ու յետնորդներ, որովհետեւ հիմա ազերիները նոր «պեղումներ» կ՛ընեն (եղեր)` փաստելու, որ Բելը… թուրք-ազերի էր:

«Հիներու» ցանկին են եղեր «հայ-դատականները», որոնք Հայաստանի քարտէսը կը տեսնեն ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ հայրենիքի տարածքով, ցեղասպան թուրքին կը ներկայանան իբրեւ պահանջատէր (իսկ նորերը «ոեւէ մէկէն հողային պահանջ չունինք» կը յոխորտան), կը մերժեն խաղալիք դառնալ միջազգային այս կամ այն (իբր թէ) օրէնքի պարտադրանքներուն, որոնք կը փորձեն, ի շարս այլ իրաւազրկեալներու, մեր կոկորդէն վար հրել այն, որ` «Ճանչցուած սահմանները անփոփոխելի են» (իսկ ո՞ր դասակարգին մէջ են անոնք, որոնք ճանչցուած սահմանները կը բռնաբարեն, դրացիներէ հողեր կը խլեն եւ… քաջալերանք կը գտնեն): «Հիներն» են եղեր, որ բարձր կը պահէին արդարութեան եւ պահանջատիրութեան դրօշը (եւ անոնք հաւասարապէս «ռեւանշիստ» կը կոչուին թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ թուրք-ազերիական ճակատին կողմէ): Այդ «հիներուն» տեղը հիմա Երեւանի ու Պաքուի բանտերն են:

Շարունակենք. «հիներուն» մեղքերուն շարքին են մեր մշակոյթի պահպանման նախանձախնդրութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ նման ազգային հաստատութեանց պաշտպանութիւնը: Չարամիտ եւ ռազմատենչ «հիներն» են, որ կը մերժեն հողային եւ այլ զիջումներ կատարել Ազրպէյճանին:

«Հիներն» են, որ կը կրկնեն ու կը կրկնեն, թէ Արցախը տալով` խաղաղութիւն պիտի չունենանք, աւելի՛ն, թուրք-ազերիին ախորժակին դիմաց արգելքները մեր ձեռքով պիտի վերցնենք…

Այլ տարածքնե՞ր կ՛ուզէք. խնդրե՜մ. «հիներն» են, որ կը մերժեն քոչուոր ազերիներուն Հայաստան վերադարձը: «Հիներն» են, որ կը յիշեցնեն, թէ Արցախէն վերջին բռնագաղթը եւ ցեղասպանութեան համազօր ոճիրները միայն նորագոյն օղակներն էին տասնամեակներու վրայ երկարած ոճիրներու, որոնց նախերգանքը հնչած էր անցեալ դարասկիզբին, Շուշիի ջարդերով եւ հրկիզումով, ապա շարունակուած` ԼՂԻՄ-ի հանդէպ Պաքուի խտրական վարքագիծով: Նո՛յն «հիներն» են, որ կը յիշեցնեն, թէ երբ կը խօսինք 100 հազար կամ քիչ մը աւելի բռնագաղթուած հայերու մասին, մենք իսկ լուսանցքի վրայ կը ձգենք հսկայական զանգուածներ, կը մոռնանք, որ վերջին բռնագաղթէն երեք տարի առաջ Արցախի գրաւեալ շրջանէն շուրջ 100.000 հայ փախուստ տուած էր, յետոյ անոնց մեծ մասը վերադարձած էր չգրաւուած հողեր, սակայն աւելի քան 30 հազար գաղթական մնացած էր Հայաստան: Ինչո՞ւ մոռնալ արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն բռնագաղթուածները` Գետաշէնէն, Շահումեանէն, իսկ անկէ կարճ ատեն առաջ` նոյնինքն Պաքուէն: Ո՞վ արձանագրած է բոլոր բռնագաղթուածներուն ընդհանուր թիւը, եւ բացի «հիներէն»` ո՞վ է, որ երբեմն կը յիշեցնէ մեր Դատին այդ երեսը:

Եւ հիմա, երբ Ազրպէյճան կը պնդէ, որ Հայաստանէն ու Արցախէն «բռնագաղթուած» ազերիները պէտք է վերադառնան «իրենց հողերը», նոյն այն «հիներուն» ճիտին պարտքն է հաւաքագրել մեր Դատին այս մասնիկը եղող փաստերն ու հետապնդել զայն:

***

Կայ հինի-նորի քարոզչութեան (եւ անոր` ի վնաս Հայաստանին ու ազգին շահագործման) սնանկութեան մէկ այլ երեսը, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեր քննարկումներէն:

Հարց տանք. արդեօք միայն Հայաստանի՞ մէջ է, որ կան հին ու նոր իշխանաւորներ: Ի՞նչ պիտի պատահէր աշխարհին, ՄԱԿ-ը կազմող աւելի քան 200 երկիրներուն, եթէ հիներուն հանդէպ մի՛այն մերժողական կեցուածք ունեցող նորերը փորձէին յաւերժացնել իրենց իշխանութիւնը…

ԲՆԱԿԱՆ, տրամաբանութեամբ շարժող երկիրներու մէջ (Հայաստանը, տեսնե՛նք, որ անբնական վիճակի մատնուած է), որոշ կուսակցութիւններ կը պայքարին առանձինն կամ այլոց հետ ճակատ կազմելով, իշխանութեան կը հասնին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կիրարկումով, քանի մը տարի ետք կը ձախողին, մրցակիցներ կը փոխարինեն զանոնք, իսկ ճգնաժամային պահերու (դուք ձեզի հարցուցէք, թէ Հայաստան վերջին տարիներուն քանի՞ ճգնաժամէ անցաւ) ամէնէն ոխերիմ հակառակորդներն անգամ կը գտնեն գործակցութեան եզրեր, որպէսզի ԵՐԿԻՐԸ ՓՐԿԵՆ այս կամ այն վտանգէն (տնտեսական, արտաքին սպառնալիք եւ այլն): Եւ սա քաղաքական կեանքի ԲՆԱԿԱՆ զարգացման մաս կը կազմէ, որքան ալ որ խոցելի բաներ ունենան որոշ կուսակցութիւններ: (Կուսակցութիւնները անհատներով չեն պայմանաւորուիր):

Կրնանք բազմաթիւ օրինակներ ցանկագրել: Երեւակայեցէք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի պէս ապիկար մը եւ կործանարար մը «հին» չի նկատուիր այն մտայնութեամբ, որ տիրող է նիկոլական Հայաստանին մէջ: Հակառակ դատարաններու մէջ արձանագրուած անժխտելի յանցանքներուն` Թրամփ մը հիմա դարձեալ աչքերը տնկած է Սպիտակ տան աթոռին (չմտնենք քաղաքական խաղերու ոլորապտոյտին մէջ): Նոյն բնական մրցակցութիւնները կ՛իրականանան Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, մինչեւ իսկ հարաւամերիկեան, ափրիկեան ու ասիական բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հոն մարդիկ իշխանութիւնը կը դիտեն իբրեւ ԵՐԿՐԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ՅԱՆՁԱՆՁՈՂ, եւ ո՛չ թէ գրպան լեցնողներու եւ պարգեւավճարներ շռայլողներու խմբակ: Ամէն տեղ ալ (ի մտի չունինք մենատիրական երկիրները) իշխանաւորները քիչ թէ շատ կը խաղան կամայական կերպով, սակայն կան կարմիր գիծեր, իսկակա՛ն կարմիր գիծեր, որոնց խախտումը արդար պոռթկումի, մինչեւ իսկ պայթումի կը հասցնէ պահանջատէր զանգուածը:

Մէկ խօսքով, երկիրն ու ազգը պառակտող սնանկ «տեսութիւնները» պէտք է չքանան անյապաղ: Երկրի փրկութեան նախանձախնդիր, նման առաքելութիւն իրագործելու ատակ մարդոց` մասնագէտ ու գիտակ հայրենասէրներու ճիտին պարտքն է (ի շարս այլ բաներու) բանալ ժողովուրդին աչքերը, հասկցնել, որ այս իշխանաւորները մեզ հասցուցած են այնպիսի՛ ահաւոր վիճակի, որմէ դուրս գալու, փրկուելու համար պէտք է միացնել ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԲՈԼՈՐ ԱՏԱԿ ՁԵՌՔԵՐԸ, տեսնել, թէ ամէնէն անբնական վիճակներուն մէջ իսկ կայ գլխագիր ԲՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ մը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր խախտած է Հայաստանի մէջ, պէտք է վերագտնել ու վերականգնել այդ ուղին:

27-29 յունուար 2024

 

Նախորդը

Կաղանդ Պապան Եւ Արցախցի Երեխաները

Յաջորդը

Ցուլերը Կարմիր Գոյն Չեն Սիրեր

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?