Յարութ Հարպոյեան` ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ-Ն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով Հայաստան տուած այցելութենէն վերադարձին կը պատմէ Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցի երեխաներուն հետ ունեցած իր հանդիպման մասին:
Այսպէս`
Սուրբ Նիկողայոս սքանչելագործ հայրապետին օրինակով, եօթը տարիէ ի վեր կ՛այցելեմ Մայր Հայաստանի զանազան մարզեր եւ սահմանամերձ շրջաններ` Տաւուշ, Գիւմրի, Բիւրական, Սիւնիք, Աշտարակ, Ծաղկաձոր, Արարատեան մարզ` Վեդի, Էջմիածին, Նուպարաշէն եւ Երեւանի վարժարաններ, ուր կան կարիքաւոր ընտանիքներ եւ երեխաներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն` Կաղանդ պապային:
2023- 2024 տարեշրջանին Կաղանդ պապային առաքելութիւնը իր բնոյթով կը տարբերէր նախորդ բոլոր տարիներէն:
Ինչպէս քաջատեղեակ էք, 2020 թուականը արցախահայութեան համար անկիւնադարձային եղաւ: Թուրք-ազերիական ծրագրուած բռնագաղթը արցախցիին համար սպիտակ ջարդ մըն է:
Եւ այս անմարդկային արարքը մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար:
Հայաստանէն ցեղասպանագէտ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Դեհմինէ Մարտոյեան «Վանայ ձայն»-ի հետ ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Կաղանդ պապային` ըսելով. «Յարգելի՛ Կաղանդ պապ, այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի կարիքը ունինք քո ներկայութեան, ի մասնաւորի բռնագաղթի ենթարկուած արցախցի երեխաներուն համար»:
Արդ` երեք ուխտեալ ընկերներով զօրաշարժի անցանք: Ես, Մայտա Անտոնեանը եւ մեր երրորդ համեստ ընկերը, որ չի փափաքիր անունը յիշուի, եւ որ նիւթական բոլոր ծախսերը կը հոգայ, լծուեցանք աշխատանքի այս ծրագիրը իրականութեան վերածելու:
Եկէք ծանօթանանք, թէ ինչպէս ընթացաւ օրակարգս:
– Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2023:
Ժամանում Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան: Յետմիջօրէին 400 եւ աւելի բռնի տեղահանուած արցախցի երեխաներու եւ 21 ընտանիքներու համար նուէրներու գնման աշխատանք:
– Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023:
Հարցազրոյց` Երեւանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանէն, նիւթ ունենալով, թէ ինչպէս մտայղացայ, եւ սկիզբ առաւ Կաղանդ պապային` Ս. Նիկողայոս հայրապետին դերը առնելով, ուրախացնել հայրենիքիս սահմանամերձ բնակիչներու երեխաները եւ դժբախտաբար այս տարի ալ` արցախցիները:
– Կիրակի, 24 դեկտեմբեր 2023:
Երեւանէն ուղղուեցանք Գիւմրի քաղաք. «Արմենակ եւ Եղիսաբէթ Օյունջեան» կրթահամալիրի դահլիճներէն մէկուն մէջ հաւաքուած էին շուրջ 200 արցախցի երեխաներ, որոնք անհամբեր կը սպասէին Կաղանդ պապային ժամանման:
Տօնական մթնոլորտը պահ մը մոռցնել տուաւ ինծի, թէ ո՛ւր կը գտնուիմ… Արցախ կամ` Հայաստան:
Ճիշդ է, անոնք երգեցին, պարեցին, ոտանաւորներ արտասանեցին, մաղթանքներ շռայլեցին, սակայն աչքէս չվրիպեցաւ ներկաներուն աչքին մէջի «վրէժխնդրութեան» անմար բոցը:
Շատ տպաւորիչ եւ յուզիչ էր 11 տարեկան Արթուրին սրտաբուխ արտայայտութիւնը, երբ ըսաւ. «Ձմեռ պա՛պ, ինձ ոչ մի նուէր, ոչ մի խաղալիք պէտք չի, ես ուզում եմ, որ դու կատարես մի հրաշք, եւ մենք յետ գնանք Արցախ»:
Իսկ 7 տարեկան Մանէն ըսաւ. «Ձմեռ պապ ջա՛ն, ես խնդրում եմ, որ խաղաղութիւն լինի եւ ո՛չ մի պատերազմ չլինի եւ աշխարհի բոլոր երեխաները իրենց սեփական տներում խաղաղ մանկութիւն ապրեն»:
Սրտաճմլիկ այս մթնոլորտէն դուրս եկանք, երբ նուէրները բաշխելու հերթը հասաւ… տրամադրութիւնը քիչ մը փոխուեցաւ, եւ մթնոլորտը դարձաւ տօնական:
– Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2023:
Ուղեւորութիւն դէպի Աշտարակի Աղձք գիւղ: Անակնկալ այցելութիւն մը կատարեցինք հինգ անդամներէ բաղկացած արցախցի ընտանիքի մը: Երեք մանչ զաւակներուն մայրն էր, որ հոգ կը տանէր անոնց, տան հայրը զինուորական սպայ մը եղած է եւ վերջին պատերազմին ականի պայթումի իբրեւ հետեւանք ոտքը անդամահատուած էր, եւ յատուկ խնամքի համար ան կը գտնուէր զինուորական տան մէջ: Մարդկային խիղճը անկարող էր դիմանալու այսպիսի պատկերներու:
Տան մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, երբ երեխաները ստացան իրենց Ամանորեայ նուէրները: Անոնք պահ մը անջատուեցան տիրող պայմաններէն եւ սկսան խաղալ իրենց խաղալիքներով:
Նոյն օրը շարունակեցինք մեր ուղեւորութիւնը դէպի Էջմիածին:
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրամանով, 21 արցախցի ընտանիքներու համար յատկացուած է յատուկ շէնք մը, որ նախապէս սարկաւագներու եւ քահանաներու կեցութեան վայր էր:
Շէնքի դահլիճին մէջ հաւաքուած ընտանիքները Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան երգերով ու պարով դիմաւորեցին Լիբանանէն ժամանած Կաղանդ պապը:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին Կաղանդ պապիկին խրատները եւ բարեմաղթութիւնները: Ապա իւրաքանչիւր ընտանիք իր ձեւով բարի գալուստի մաղթանքներ ըրաւ, որուն յաջորդեց արցախեան շուրջպարերու շարանը:
Նուէրներու բաշխումէն ետք բոլորս ճաշակեցինք Արցախի հռչակաւոր եւ համեղ Ճինկալով հացը:
– Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2023:
Նուպարաշէնի մեր այցելութիւնը կրկնակի ուրախութիւն էր: Արդարեւ, բացի արցախցի ընտանիքներու տրուած այցելութենէ, նուէրներու բաշխումէ եւ անոնց սրտերն ու հոգիները երջանկացնելէ, պատմական հանդիպում մը ունեցանք նուպարաշէնցի Նուպար Պէրպէրեանին հետ:
Պր. Պէրպէրեան 1920-ին Զմիւռնիոյ մէջ թուրք օսմանցի Քեմալ փաշային կողմէ հայերու եւ յոյներու դէմ կատարուած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ վերապրած հայ մըն է:
Ան յուզմունքով վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս իր հայրը գորգի մը մէջ փաթթելով փրկած էր ինք եւ հասցուցած մինչեւ Յունաստան, որմէ ետք հայրենադարձութեան շրջանին Ն. Պէրպէրեանին տրամադրած են ներկայ Նուպարաշէնի տարածաշրջանը, որ ի՛ր իսկ անունը կը կրէ:
– Չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2023:
Արարատեան մարզ, Վեդի քաղաք:
Երբ մուտք գործեցինք Վեդիի քաղաքապետարանին կողմէ յատկացուած դահլիճը, այնտեղ համախմբուած էին արցախցիները, որոնց դէմքերուն վրայ միայն թախիծ, յուսահատութիւն եւ կարօտ կար: Մարդկային խիղճն անգամ չէր դիմանար այս տեսարանին: Հազիւ կրցայ յուզմունքս զսպել եւ մտածել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է մխիթարէի ներկաները, ի՞նչ բառեր արտասանէի, որ անոնց հոգեվիճակը փոխէի եւ ներկայութեանս նպատակը վայելէին: Կացութիւնը բարդ էր: Աստուածային ուժով ինքզինքս հաւաքեցի եւ որոշեցի ընելիքս:
Նստող երեխաներուն ձեռքէն բռնելով մէկ առ մէկ բեմ բարձրացուցի եւ երգել, նուագել տուի, մինչեւ որ կրցայ յաջողիլ անոնց տրամադրութիւնը փոխել եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծել:
Միեւնոյն ժամանակ կապ հաստատեցինք Պէյրութի «Վանայ ձայն»-ի անձնակազմին հետ, եւ «Բարեւ» յայտագիրով ուղիղ եթեր սփռուեցաւ մեր ձեռնարկը:
Հաղորդավարներ` Հուրին եւ Վարդանը, յաջողեցան զրուցել քանի մը արցախցի երեխաներու հետ եւ լսելի դարձնել անոնց հարազատ արտայայտութիւնները:
Խանդավառ մթնոլորտը հետզհետէ զգալի դարձաւ…
Ներկայ մայրերէն մէկը` արցունքը աչքերուն եւ խեղդուկ ձայնով ըսաւ. «Մենք` արցախցիներս, այնքան շնորհակալ ենք սփիւռքահայերէդ եւ երախտապարտ անոնց, որոնք մեր կողքին են եղել, թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տխուր պահերին: Ձմեռ պապին ժամանումը ամենամեծ ապացոյցն է, որ եկել է Պէյրութից, որպէսզի ժպիտ, ուրախութիւն եւ նուէրներ բաշխի մեր բալիկներին: Որքա՜ն ուրախալի երեւոյթ է նամակներ ստանալ մեր սփիւռքահայ երեխէքից: Սա հայավայել ու աստուածահաճոյ նախաձեռնութիւն է, որին համար մենք զմեզ ուժեղ կը զգանք»:
Անբացատրելի երջանկութիւն էր ականատես ըլլալը, երբ փոքրերը եւ մեծերը մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդային յոյս ներշնչող իրենց ղրկուած նամակները, այդ ժամանակ ներկաները պահ մը մոռնալով ամէն բան իրենք զիրենք շոյուած զգացին` քաջ գիտակցելով, թէ հեռաւոր սփիւռքի մէջ իրենց մասին մտածող հայեր կան: Այս մէկն ալ հայապահպանման եւ գոյատեւման գրաւականներէն մէկն է:
Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել, թէ «Վանայ ձայն»-ի նախաձեռնութեամբ սկսաւ նամակարշաւի գաղափարը, որ «Արցախի քրոջս եւ եղբօրս» խորագիրը կը կրէր:
Սոյն նամակարշաւին մասնակիցներն էին «Վանայ ձայն»-ի «Լուսիկն ու մեծ հայրիկը» մանկապատանեկան յայտագիրի փոքրիկ ընկերները, ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի աշակերտները եւ Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները:
Հանդիսութեան աւարտին, երբ ներկաները մեկնելու պահուն հրաժեշտ կու տային, փոքրիկն Աննան ետքայլ մը ընելով, բարձրաձայն ըսաւ. «Ձմեռ պապ ջա՛ն, թող աշխարհն լաւ իմանայ, Արցախը մերն ա, մենք յետ գնալու ենք մեր Արցախը»:
Եւ դահլիճը կամաց կամաց դատարկուեցաւ… ինչպէս այսօր Արցախը…
– Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2023:
Վերադարձ դէպի Լիբանան:
Կազմակերպութեամբ Ռաուտայի Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ ճոխ յայտագիրով, երգ ու պարով, շեփորախումբով եւ բարի գալուստի պաստառներով դիմաւորեցին Կաղանդ պապան: Անոնք օդակայանին սպասման դահլիճին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին եւ հայկական չիր ու չամիչի տոպրակներ բաժնեցին: Ներկաներուն համար շատ տպաւորիչ եւ իւրայատուկ երեւոյթ էր այսպիսի «Բարի գալուստ» մը:
– Շաբաթ, 30 դեկտեմբեր 2023:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կաղանդ պապան` Հայաստանի մէջ այս տարուան իր առաքելութիւնը աւարտած, այցելութիւն մը կու տայ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին եւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ողջ անձնակազմին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար, ի մասնաւորի նամակարշաւի նախաձեռնութեան, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ Լիբանանի եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկուած Արցախի երեխաներուն քով եւ նոր բարեկամութիւններու առիթ ընծայեց:
Նոյն օրը ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կաղանդ պապան եւ լսեց հայրենիքի մէջ անոր կատարած վեհ առաքելութեան մասին, որուն ճամբով ան նպատակ ունէր կաթիլ մը ուրախութիւն տալ տնազուրկ եւ հայրենազուրկ արցախցիներուն:
Երկար զրոյցէ եւ կարծիքներու փոխանակումէ ետք, Կաղանդ պապան երեսփոխանին յանձնեց Արցախի պզտիկ դրօշակ մը, որ արցախցի մօր մը կողմէ ուղարկուած էր` իբրեւ յուշանուէր եւ առ ի երախտագիտութիւն սփիւռքահայութեան ցուցաբերած աջակցութեան:
– Երկուշաբթի, 15 յունուար 2024:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի վեհարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Կաղանդ պապան եւ անոր գործընկերը` Մայտա Անտոնեանը:
Վեհափառ հայրապետը լսեց Յարութ Հարպոյեանին երկար տարիներու հայրենիքի մէջ տարած գործունէութեան մասին, ի մասնաւորի` այս տարուան ամէնէն պատասխանատու առաքելութեան, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայ երեխաներուն:
Ինչպէս նաեւ ծանօթացուցին նամակարշաւի մտայղացման ու նպատակին մասին, որ մերձեցման առիթ մըն էր լիբանանահայ եւ արցախահայ երեխաներուն միջեւ:
Այցելութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց տարուած վեհ առաքելութիւնը, որ ինքնին ազգօգուտ եւ աստուածահաճոյ ծառայութենէ մը աւելին է:
Հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստացած` Կաղանդ պապան եւ իր ընկերները ուխտեցին նոր թափով ու եռանդով շարունակել իրենց ազգանուէր ծառայութիւնը:
Ա՛յս էր Կաղանդ պապային «Կտոր մը երջանկութեան պատմութիւնը»:
Սիրով`
ՅԱՐՈՒԹ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ