Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քլաուսը, որուն հետ քննարկեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու հարցը:
Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ այդ որոշումը վերատեսութեան ենթարկուի` մասնաւորաբար Լիբանանի համար, որովհետեւ կայ լիբանանեան իւրայատկութիւն եւ պէտք է զայն նկատի ունենալ:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք կապ պիտի հաստատէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնող երկիրներուն հետ եւ կոչ պիտի ուղղէ անոնց վերատեսութեան ենթարկելու իրենց որոշումը` նկատի ունենալով այդ որոշումին ունենալիք հետեւանքները` լիբանանեան իրականութեան վրայ:
Հանգստեան Կոչուած Զինուորականները
Բողոքի Ցոյցեր Կատարեցին
Երէկ առաւօտեան հանգստեան կոչուած զինուորականները հրկիզուող անիւներով փակեցին Պէյրութի նաւահանգիստին մուտքը, Յաւելուած արժէքի տուրքի ու Պշարա Խուրիի Ներածման ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնները տանող ճամբաները:
Հանգստեան կոչուած զինուորականները խստիւ քննադատեցին կառավարութիւնը իրենց հաշուոյն անարդար ըլլալու յանցանքով:
Այս ցոյցերուն ընթացքին հանգստեան կոչուած զինուորականները պետութենէն պահանջեցին յարգել իրենց իրաւունքները եւ առիթ տալ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու` աւելցնելով, որ իրենք, որ արիւն թափած են Լիբանան հայրենիքին համար, կը պահանջեն, որ իրենց ամսական 500 տոլար տրամադրուի, որպէսզի իրենց ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովեն:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենք պետական մարզի պաշտօնէութեան դէմ չեն եւ իրենք զիրենք անոնց հետ չեն բաղդատեր, սակայն ընդունելի չէ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարել: Անոնք կոչ ուղղեցին պետական պաշտօնեաներուն զօրակցելու իրենց, որպէսզի պետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ 2019-ին ճշդուած աշխատավարձերը:
Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ
Բախումները Կը Շարունակուին
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Տհայրա, Թէյր Հարֆա, Մէյսէլ Ժապալ, Զըպքին, Ժպպայն, Ալմա Շաապ, Հուլա եւ Մըրուահին շրջանները:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ
դարձուցին իսրայէլեան Սըմմեքա եւ Ռուէյսաթ Ալամ դիրքերը` Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ եւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ, արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Եաֆթահ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ. արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Ռամիմ զինուորական դիրքը:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժալ Էլամ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով թիրախ դարձուցին Ռամիմ զօրանոցը` անոր դէմ ուղղակի հարուած հասցնելով:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մարժի դիրքը, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պէյթ Հալալ զօրամասի կեդրոնը:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Ռամթա եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերը, քանդելով հոն զետեղուած լրտեսական սարքերը:
Նշենք, որ Հըզպալլայի մարտիկներէն Սալման Մոհամետ Հասան Ֆաքիհ, Ապպաս Ահմետ Խարսա եւ Ապպաս Խտըր Նասեր միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: