Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Այս Փուլին Խորհրդակցիլը Աւելի Քան Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Միքաթի

Փետրուար 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մեկնումի պահուն Միքաթի հաստատեց, որ այս փուլին խորհրդակցիլը աւելի քան անհրաժեշտ է:

Նշենք, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած էր, որ ինք խորհրդարանը իրերայաջորդ նախագահական ընտրութեան նիստերու պիտի չհրաւիրէ, եթէ խորհրդակցութիւններ եւ երկխօսութիւն կարելի չըլլայ կատարել:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի դեսպանները նախագահական ոեւէ թեկնածու վեթոյի չեն ենթարկած, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածուի մը առաջարկը չեն ներկայացուցած:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու հաւանականութեան` Պըրրի հաստատեց, որ անոր վերադարձը որեւէ ատեն ողջունելի է: «Վերջին երեսփոխանական ընտրութիւնները փաստեցին, որ Սաատ Հարիրի մեծագոյն յաղթանակ արձանագրողն է` հակառակ քաղաքական ասպարէզէն հեռանալուն: Հարիրի Նաքուրայէն մինչեւ Նահըր Քապիր իր ներկայացուցած համայնքին քուէներուն 24 առ հարիւրը ստացաւ», շեշտեց Պըրրի: ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ այդ բանաձեւը անկարելի է փոփոխութեան ենթարկել եւ Լիբանանի սահմաններէն զիջիլ:

ՄԻՒՍ կողմէ, Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, քննարկելու համար անհրաժեշտ 25 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Կոչ Ուղղեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորումը Կասեցնող Երկիրներուն Վերատեսութեան Ենթարկելու Իրենց Որոշումը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններուն Վերջ Տալը Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Սեժուրնէ

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?