Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Բողոքի Նամակ Մը Յանձնեց Բրիտանիոյ Դեսպանին

February 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն յանձնեց բողոքի նամակ մը` Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոնի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Նիւ Եորքի մէջ միջազգային ըմբռնում ցուցաբերուած է Լիբանանի կեցուածքին հանդէպ: Այն կեցուածքին, թէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան իմաստով Լիբանան ամբողջական լուծում կը պահանջէ:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ 75 տարուան բռնարարքներէ ետք, ժամանակը հասած է, որ Իսրայէլ ուղղուի դէպի խաղաղութիւն` պաղեստինցի երեխաները սպաննելու փոխարէն:

Անդրադառնալով արեւմտեան կարգ մը երկիրներու ներկայացուցած պահանջին, որ Հըզպալլայի մարտիկները 8-10 քմ դէպի հիւսիսային Լիթանի հեռանան, Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ այս «լուծում»-ը, որ կիսատ լուծում մը կը նկատուի եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն չի պարտադրեր, այլ` պատերազմը վերսկսելու դռներ կը բանայ:

«Այս պատճառով ալ մենք կը պնդենք, որ թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւն ըլլայ եւ ամբողջական լուծման կարելի ըլլայ յանգիլ: Իսրայէլի հետ սահմանազատումի առումով Լիբանան համաձայն պիտի ըլլայ միայն ամբողջական լուծումներուն», հաստատեց Պու Հապիպ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմը պտոյտ պիտի չըլլայ, իսկ Հըզպալլա պատերազմի դաշտին մէջ իր փորձառութիւնը ունի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Կոչ Ուղղեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորումը Կասեցնող Երկիրներուն Վերատեսութեան Ենթարկելու Իրենց Որոշումը

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.