Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 8000 լ. ոսկիով, մազութինը` 9000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 5000 լ. ոսկիով : Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.559.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.599.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.552.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 934.000 լ. ոսկի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ իրենք մնայուն կերպով համաձայն են երկխօսութեան գաղափարին, «սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցարդ չէ անդրադարձած երկխօսութեան ձեւին, ծրագիրին եւ մեքանիզմին», աւելցուց ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք քաղաքական համագործակցութիւնը չեն մերժեր` աւելցնելով, որ իրենց համար մերժելի է Հըզպալլայի յեղաշրջումի քաղաքականութիւնը: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ինք ամբողջական վստահութիւն ունի լիբանանեան բանակին նկատմամբ` աւելցնելով, որ անոր նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը կարեւորագոյն եւ հզօրագոյն զէնքն է: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ իրենք պատրաստ են Հըզպալլայի հետ սեղան նստելու եւ երկխօսութիւն կատարելու` պետական հաստատութիւններու շրջագիծին մէջ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ խորհրդարանական նիստերու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձին առումով արդար ըլլալու եւ նոր յաւելումներ ճշդելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ ընդունեցին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցիները միջազգային ընտանիքէն կը պահանջեն օժանդակել իրենց` պետական հաստատութիւններուն կեանքը բարելաւելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեցին գերմանացի պետական նախարար, Պունտըսթակի անդամ Նիլզ Անեն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Սիսի Քննարկեցին Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Յաջորդը

Պու Հապիպ Բողոքի Նամակ Մը Յանձնեց Բրիտանիոյ Դեսպանին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?