«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ձեռնարկած է թերթի մատենաշարի ամբողջացման աշխատանքին, եւ կոչ ուղղած էր ընթերցողներուն, որ եթէ իրենց մօտ թիւեր կը գտնուին, բարեհաճին նուիրել «Ազդակ»-ի գրադարանին:
Այս առումով մեր ընթերցողներուն ընդառաջումը կը շարունակուի:
Գոհունակութեամբ եւ խոր գնահատանքով կ՛ուզենք յայտնել, որ մեր ընթերցողներէն Խաչիկ Պէրպէրեան «Ազդակ»-ի գրադարանին կը նուիրէ իր մօտ գտնուող եւ ցարդ անգտանելի մնացած Մարսէլ տը Թանքուրի «Միջնաբերդին լրտեսը» (թիւ 4, 1931), Սեւ-Ոստի «Լերան ոգին» (թիւ 29, 1937) եւ Գ. Հրանտի «Օրմանեան պատրիարք եւ Կարմիր սուլթանը» (թիւ 49, 1939) հատորները:





