Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Սապունճեան Խստիւ Դատապարտեց Միջին Արեւելքի Մէջ Թրքական Քաղաքականութեան Գոհացում Տալու Փորձերը

April 5, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան խստիւ դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ թրքական քաղաքականութեան գոհացում տալու փորձերը` հիմնականին մէջ քննադատելով լիբանանեան կարգ մը դպրոցներու կողմէ թրքերէնի ուսուցման փորձերը, նոյնիսկ եթէ թրքերէն սորվիլը ընտրովի է եւ ոչ պարտադիր:

«Այս ջանքերը մեզի կը վերադարձնեն դէպի Օսմանեան կայսրութեան մտայնութիւնը, որ ԺԹ. դարէն ի վեր որոշած է թրքացումի քաղաքականութիւնը` բոլոր շրջաններուն մէջ թրքերէնը դարձնելով միակ պաշտօնական լեզուն: Լիբանանցիները իրենց ապրած զարթօնքի շրջանին կրցան դիմադրել թրքացումի քաղաքականութեան` արաբերէնի ուսուցումը դպրոցներուն մէջ ամրապնդելով, արաբական հրատարակչատուներ հիմնելով, արաբերէն օրաթերթեր, պարբերաթերթեր եւ գիրքեր հրատարակելով Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ արաբական այլ երկիրներու մէջ: Այս զարթօնքը իր շինիչ ազդեցութիւնը ունեցաւ արաբերէնի զարգացման մէջ եւ կրցաւ զայն քակել իր կապերէն, որ անոր վրայ պարտադրուած էր օսմանեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին», ըսաւ Վ. Սապունճեան:

Ճարտարարուեստի նախարարը ընդգծեց, որ մեր դարաշրջանը յատկանշող համաշխարհայնացումը մեզ կը մղէ որդեգրելու այն լեզուները, որոնք ամէնէն աւելի տարածուած են աշխարհի երեսին եւ ոչ թէ սահմանափակուած են իրենց ժողովուրդներով եւ պետութիւններով:

«Մենք հպարտ կը զգանք, որ արաբերէնը այն լեզուներէն է, որ կենդանի է, տարածուած է, հետզհետէ կը բարգաւաճի եւ միջազգային առումով որդեգրուած է»,  ըսաւ Վ. Սապունճեան:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքականութիւնը մէկդի դնել լիբանանեան կրթական ծրագիրներէն, որովհետեւ թրքերէնի ուսուցումը մշակութային ոչ մէկ արդիւնք կրնայ ունենալ:

Ան յայտնեց, որ լիբանանեան դպրոցներուն մէջ թրքերէնի ուսուցման փորձերը կը միտին Լիբանանը դարձեալ թրքացնել եւ լիբանանեան զարթօնքին նուաճումները թերագնահատել:

Վ. Սապունճեան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ գործող կարգ մը բարձր մակարդակի դպրոցներու պարագային լատիներէնի ուսուցումը նուազած է, հակառակ անոր որ լատիներէնը Լիբանանի եւ Արեւմուտքի մէջ լեզուներու, մշակոյթներու եւ արուեստներու մայրն է:

Նախորդը

ԺԱՀԺԱՀ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ՄԸ

Յաջորդը

Պըրրի Քննադատեց Կառավարութեան Դանդաղ Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.