«Աւելի տեղին պիտի ըլլար, եթէ Չեխիոյ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը (Չեխիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարքեթա Փեքարովա Ատամովա, «Ա.») չմեկնաբանէր հայկական կեղծ խօսոյթներու վրայ հիմնուած հարցերը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` արձագանգելով չորեքշաբթի օր Երեւանի մէջ չեխ պաշտօնատարի կատարած յայտարարութիւններուն:
Երեւանի մէջ Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ժամանակ «Չեխիան ի՞նչ կրնայ ընել Պաքուն բանակցային սեղան վերադարձնելու համար» հարցումին պատասխանելով Փեքարովա Ատամովան ըսած էր. «Այս հարցը Պաքու այցելութեան ժամանակ անպայման պիտի արծարծեմ, թէ ինչո՞ւ իրենք չեն ուզեր լուծումներ գտնել: Մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք` Պաքուի վրայ ճնշում գործադրելու` բանակցութիւններուն մասնակցելու համար… Մենք լիովին կ՛աջակցինք երկիրներու գերիշխանութեան, լաւագոյնը պիտի ըլլայ աջակցիլ երկիրներուն միջազգային մակարդակի վրայ, միջազգային համագործակցութեան ծիրին մէջ: Մեր յաջորդ այցելութիւնը Պաքու է, եւ մենք հայ ժողովուրդին մեր աջակցութիւնը ցոյց պիտի տանք»:
Հաճիզատէ պատասխանելով գրած է. «Աւելի տեղին պիտի ըլլար, եթէ Չեխիոյ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը հայկական կեղծ խօսոյթներու վրայ հիմնուած հարցերը մեկնաբանելու փոխարէն, հարցնէր` Հայաստանը ե՞րբ կը պատրաստուի Սահմանադրութենէն եւ օրէնսդրութենէն վերցնել դրացիներուն ուղղուած տարածքային պահանջները», գրած է Հաճիզատէ: