Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր զինուորներն ու քաղաքացիները` Բանակի օրուան առիթով:
«Կը շնորհաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր զինուորներն ու քաղաքացիները Բանակի օրուան առիթով: Զինակից եղբայրութիւնը դարեր շարունակ ամրացուցած է ռուս եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ սերտ կապերը եւ այսօր կը ծառայէ իբրեւ մեր երկիրներու անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան ապահովման կարեւոր գործօն», կը նշուի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:


