Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Զոհրապ Ըռքոյեանի Եւ Մհեր Քումունցի Պատկերագիրքը Նորովի Պիտի Ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Պատմական Մշակութային Ժառանգութիւնը
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» (The historical and cultural heritage of the Nagorno-Karabakh conflict zone) անգլերէն պատկերագիրքը աշխարհին պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը` նորովի բացայայտելով այն:
Գիրքին մէջ ներառուած լուսանկարները շատ բան կը պատմեն յուշարձաններու մասին, իսկ բացատրողական գրութիւնները ամբողջական կը դարձնեն տեղեկութիւնները, որոնք հեղինակները` լրագրող Զոհրապ Ըռքոյեանն ու բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Մհեր Քումունցը գրած են` հիմնուելով պատմական աղբիւրներու վրայ:
Զոհրապ Ըռքոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դրամաշնորհային մրցոյթի («Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութիւն») ծիրին մէջ:
«Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանը ներառած է Մեծ Հայքի Սիւնիք եւ Արցախ նահանգներու մօտ վեց կամ եօթը գաւառ: Տարբեր ժամանակներու մէջ գաւառներու թիւը աւելցած կամ պակսած է, բայց գիրքին մէջ հիմնականօրէն ընդգրկուած են Սիւնիքի Աղահեճք, Կովսական, Քաշունի, Արցախէն Բերդաձոր եւ այլ գաւառներու պատմական մշակութային յուշարձանները, որոնք ունին դարերու պատմութիւն` սկսած նախաքրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 20-րդ դարու վերջը», նշած է Ըռքոյեան:
Ան 1996 թուականէն ապրած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ, աշխատած է կրթութեան վարչութեան մէջ, հետագային եղած է շրջանային «Մերան» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ այդ տարիներուն կարելիութիւն ունեցած է շրջելու Քաշաթաղի ամբողջ տարածքի պատմական գաւառներուն մէջ եւ` պարզած, որ այդ տարածքին մէջ շատ-շատ են հայկական յուշարձանները` եկեղեցիները, վանական համալիրները, խաչքարերը, տապանաքարերը, ամրոցները, կամուրջները, ջրաղացները եւ այլն:
«Այդ տարածքը 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն կամաց-կամաց հայաթափուած էր մինչեւ 1990-ական թուականները: Հակառակ 200-է աւելի տարիներուն` յուշարձանները պահպանուած էին: Երեսունէ աւելի եկեղեցւոյ լուսանկար կայ գիրքին մէջ, խաչքարերը հարիւրաւոր են, սակայն քիչ լուսանկարներ զետեղած ենք: Անտառներու, ձորերու, լեռներու գլխուն պահպանուած են հայկական գերեզմանոցներ, որոնք ժամանակին հաւանաբար չեն նկատուած, չեն աւերուած: Խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանցիներուն կառուցած տուներուն պատերուն վրայ հայկական խաչքարեր կային, տապանաքարերու բեկորներ: Անոնք քանդուած եկեղեցիներու քարեր օգտագործած էին: Գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ անոնց կառուցած տուներուն մէջ կը հանդիպէիր հայկական ժառանգութեան հետքերու», պատմած է Ըռքոյեան եւ կարեւոր նկատած է այն, որ գիրքին մէջ ներառուած յուշարձաններուն մասին գրելով օգտուած են հայ պատմիչներու գիրքերէն` Խորենացիէն մինչեւ Մակար Բարխուդարեանց:
Զոհրապ Ըռքոյեան շեշտած է` Քաշաթաղի շրջանի բոլոր եկեղեցիները առաքելական են, ոչ թէ ուտիական կամ աղուանական: Բոլոր յուշարձաններուն վրայ հայերէն արձանագրութիւններ կան, օտար լեզուներով արձանագրութիւններ չկան: «Գիրքին մէջ կան քանի մը մահմետական յուշարձաններ, որոնք 14-15-րդ դարերուն են եւ ոչ մէկ կապ ունին Ազրպէյճանի հետ: Անոնք մոնկոլական յուշարձաններ են: Հաւանաբար մոնկոլական արշաւանքներու ժամանակ մոնկոլ զօրավար զոհուած է, զայն թաղած են այդ տարածքին մէջ ու գերեզմանին վրայ կառուցած` դամբարան: Հետաքրքրականը այն է, որ այդ դամբարանը կառուցող վարպետները հայեր եղած են, որովհետեւ անոնք դամբարաններու վրայ ձգած են իրենց հետքը. հայկական զարդանախշեր, փոքր խաչեր քանդակած են», մանրամասնած է գիրքին համահեղինակը:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հայկական յուշարձաններու ներկայիս վիճակի մասին` Ըռքոյեան ըսած է, որ որոշ տարածքներու հայկական գերեզմանոցներու խաչքարերը քանդած են: «Ազրպէյճանը ցոյց տուաւ, որ մեր եկեղեցիները կը քանդեն: Օրինակ` Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին քանդած են, այլ բան կը կառուցեն, Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին պայթեցուցած էին, իսկ հիմա իբրեւ ուղղափառ եկեղեցի կը կառուցեն: Արբանեակային լուսանկարներէն երեւցած է, որ որոշ եկեղեցիներ եւս քանդած են` Հադրութի տարածքի եկեղեցիները, գերեզմանոցներն ալ: Անոնք հաղորդումներով ցոյց տուած են, թէ ի՛նչ ըրած են: Ծիծեռնավանքի մէջ բերած են ուտի հոգեւորական` փորձելով ըսել, որ իբր թէ անիկա ուտիական է, բայց ուտիները խաչեր կամ հայերէն տառեր չէին կրնար քանդակել: Մեր եկեղեցաշինութեան մէջ ընդունուած է, որ եկեղեցւոյ խորանը միշտ արեւելեան պատին վրայ պէտք է ըլլայ, եւ բոլոր եկեղեցիները այդ կ՛ապացուցեն», հաւաստիացուցած է Զոհրապ Ըռքոյեան եւ` ընդգծած, որ գիրքին միջոցով մարդիկ կ՛իմանան հայկական յուշարձաններուն տեղը, կը կարողանան ուսումնասիրել զանոնք եւ տեղեկանալ, որ խաչքարերը միայն հայերը կը ստեղծեն, հակառակ անոր որ խաչապաշտ ժողովուրդները իրենց գերեզմաններուն վրայ խաչ քանդակած են:
Անոր խօսքով, հնագէտ, լուսանկարիչ Թորոս Թորամանեանի, դերասան, լուսանկարիչ Արամ Վրոյրի լուսանկարներուն միջոցով եւս աշխարհին կը յիշեցնենք, որ Անին, Կարսը հայկական էին: «Նախիջեւանի խաչքարերը ոչնչացուած են, հայկական յուշարձան չէ մնացած, բայց Արամ Վրոյրի եւ այլոց լուսանկարները, գիրքերը պահպանուած են ու ամէնէն կարեւոր փաստաթուղթերն են», ընդգծած է պատկերագիրքին համահեղինակը:
Ան անգնահատելի կը համարէ նաեւ լուսահոգի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանին կատարած աշխատանքը` նշելով, որ շարունակած են անոր գործը, եւ այդ հարցին մէջ գիրքին հեղինակներուն օգնած են ո՛չ միայն հնագէտները եւ այլ մասնագէտներ, նաեւ տարածքի բնակիչները` երեխաներ, դպրոցականներ:
«Անոնք անտառներու, ձորերու մէջ զբօսնելու ժամանակ խաչքար կը տեսնէին, տեղեակ կը պահէին այդ մասին, ես ալ կ՛երթայի, կը լուսանկարէի եւ կ՛ուսումնասիրէի: Այդ երեխաներէն քանի մը հատը, աւա՜ղ, զոհուեցան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ` հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարելու ընթացքին», ըսած է ան:
Եղած են յուշարձաններ, որոնք պատահաբար նկատուած են: Ըռքոյեան այդպէս վիշապաքար գտած է: Հնագէտները հաստատած են, որ տարածքին մէջ անիկա եզակի է, եւ զարմացած են, որ պահպանուած է:
«Կային դամբարաններ, որոնք անուանուած են անհաւատներու տուներ: Պարզուեցաւ` 5 հազար տարուան դամբարաններ են: Պեղումներ կատարած ենք, տրոնով նկարահանումներ` յատկապէս ամրոցներու տարածքներու մէջ: Մօտաւորապէս 50 բերդ ու ամրոց գտած ենք: Կան լաւ պահպանուած ամրոցներ, որոնք նոյնիսկ պարիսպներ ունին, կան ամրոցներ, որոնց միայն հետքը պահպանուած է, սակայն ժամանակին հզօր ամրոցներ եղած են: Երբեմն լսած եմ, որ հայ ժողովուրդը ամրոցներ չի կառուցեր, բայց միայն Քաշաթաղի շրջանին մէջ յիսունէ աւելի ամրոց գտած ենք: Աղաւնոյ եւ Որոտան գետի ափերուն` ե՛ւ աջ, ե՛ւ ձախ հատուածներուն մէջ բլուրներու վրայ ամրոցներ կառուցուած եղած են թէ՛ նախաքրիստոնէական շրջանին, թէ՛ միջնադարուն», պատմած է Ըռքոյեան:
Յայտնենք, որ պատկերագիրքը տպագրուած է հազար օրինակով, որմէ 900-ը պիտի տրուի արտերկրի կրթական հաստատութիւններուն: Հեղինակները նպատակ ունին զայն թարգմանել այլ լեզուներով: «Չինարէն թարգմանուած է: Կը փափաքինք հրատարակել նաեւ արաբերէնով, գերմաներէնով, ֆրանսերէնով», նշած է համահեղինակը եւ` աւելցուցած, թէ գիրքին հայերէն տարբերակը, որ աւելի ծաւալուն է, լոյս տեսած է տարիներ առաջ:
Երեւանի Մէջ Կայացաւ Պարոյր Սեւակի «100 Բանաստեղծութիւն» Ժողովածուի Շնորհահանդէսը
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին հետ համագործակցութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» ժողովածոն, որ նուիրուած է բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին:
Գիրքը կազմած է գրողի որդին` գրականագէտ Արմէն Ղազարեանը, իսկ ժողովածուին տպագրութիւնը հովանաւորած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
17 յունուարին Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի ձգած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան` նշելով, որ Սեւակ այն եզակիներէն է, որուն խօսքը բոլոր սերունդներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար է: Ան Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորեց ներկաները` գիրքի լոյս ընծայման եւ բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին առիթով:
Պարոյր Սեւակի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին անդրադարձան` գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Արցախի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արշալոյս Գալստեան եւ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան: Հայաստանի Գրողներու միութեան անունով խօսք արտասանեց Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Նորեկ Գասպարեան:
Մեծ հօր կեանքին եւ ստեղծագործական գործունէութեան մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացուց Սեւակի թոռնիկը` գրականագէտ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեան:
Գրական նախաձեռնութիւնը ամբողջացաւ Սեւակի ստեղծագործութիւններու ընթերցանութեամբ, զոր կատարեցին Հայաստանի վաստակաւոր դերասան Դաւիթ Յակոբեան եւ ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեան: Նաեւ հնչեցին Սեւակի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր:
Ներկաները Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուէն օրինակներ նուէր ստացան:
Սիլվա Կապուտիկեանի 105-Ամեակին Արուեստագէտները Ծաղիկներ Զետեղեցին Բանաստեղծի Շիրիմին
Մեծանուն բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 105-ամեակին Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ` բանաստեղծին շիրիմին մօտ տեղի ունեցած է յիշատակի արարողութիւն:
«Տարիներ շարունակ Սիլվա Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւնները դպրոցական ծրագրի մաս կազմած եւ ծանօթ եղած են դպրոցականներուն: Կարեւոր է պահպանել եւ սերունդներուն առաւել հասանելի դարձնել անոր ձգած գրական ժառանգութիւնը», նշած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը եւ աւելցուցած է` ըսելով, որ առիթը ունեցած է անձամբ հաղորդակցելու Կապուտիկեանին հետ:
«1990-ականներուն, երբ դպրոցական էի, ամրան Սիլվա Կապուտիկեան կը հանգստանար Ծաղկաձորի Գրողներու տունը եւ կը սիրէր երկար քալել: Զիս կը հետաքրքրէր, թէ ինչո՞ւ ան այդքան մտահոգ էր եւ ինչի՞ մասին կը մտածէր: Հետագային, երբ կը կարդայի անոր բանաստեղծութիւնները, կը հասկնայի, թէ այդ ժամանակ ի՛նչ կը խորհէր ան», յիշեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:
Պանթէոնի ձեռնարկէն ետք Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ: Ներկաները անդրադարձած են գրողի կեանքին, ստեղծագործութիւններուն, գրական-հասարակական գործունէութեան:
Բանաստեղծի յոբելեանին առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ, վերահրատարակուած է Սիլվա Կապուտիկեանի «Էջեր փակ գզրոցներից» գիրքը:
Հայկական Moxie Մարդ-Մեքենան Լաս Վեկասի Մէջ Մրցանակ Շահեցաւ
Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկահայ Փաօլօ Փիրճանեանի Embodied ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ արտադրուած Moxie մարդ-մեքենան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած CES-2024 լայն հասարակութեան գործածութեան ուղղուած ելեկտրական գործիքներու միջազգային ցուցահանդէսին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին` «Արհեստական բանականութիւն» անուանակարգին մէջ:
Հաղորդենք, որ Moxie մարդ-մեքենան իր արհեստական բանականութեամբ (AI) կը համարուի մանուկի մը զարգացման յեղափոխական արհեստագիտութիւն մը: Մարդ-մեքենան նախատեսուած է ֆիզիքական հաշմանդամութենէ կամ այլ թերութիւններէ տառապող 5-10 տարեկան մանուկներու համար: Moxie-ն մանուկներուն կը սորվեցնէ հաղորդակցիլ` զարգացնելով անոնց յուզական որակները: Օգտագործելով յառաջադէմ արհեստագիտութիւններ եւ արհեստական բանականութիւն` Moxie-ն կը ցուցաբերէ ամբողջական մօտեցում մը, ինչ որ մանուկներուն խաղի միջոցով կը սորվեցնէ հիմնական զարգացման հմտութիւնները: Գործիքը նաեւ կարելիութիւնը կու տայ հետեւելու մանուկին զարգացման փուլերուն:
«Irish Cinephile» Լրատուականը «Աւրորայի Լուսաբացը» Ընդգրկած Է 2023-ի Լաւագոյն Ժապաւէններու Շարքին Մէջ
Ըստ «Irish Cinephile» շարժանկարի եւ հեռուստատեսային նորութիւններու լրատուականի, բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» գծանկարային շարժանկարը 2023 թուականի 25 լաւագոյն ժապաւէններու շարքին մաս կը կազմէ: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնը:
«Աւրորայի լուսաբացը» գծանկարային, արխիւային վաւերագրութիւն է, մարդկային յուզիչ պատմութիւն, որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանին անցած ճանապարհը, կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ան դարձաւ հին Հոլիվուտի աստղ համր ժապաւէնի, որ ցուցադրուած է շարք մը երկիրներու մէջ եւ արժանացած է մրցանակներու, իսկ հնդկաստանեան անդրանիկ ներկայացումները կայացան յունուար 20-21:
Շարժանկարի ստեղծման աջակցած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Անիկա հայ-գերմանա-լիթուական միացեալ արտադրութեան ժապաւէն է (արտադրող ընկերութիւններ` «Պարս մետիա», «Gebrueder Beetz Filmproduktion», «Artbox Laisvalaikio Klubas»): Բեմադրիչ եւ բեմագիր` Իննա Սահակեան, արտադրիչներ` Վարդան Յովհաննիսեան, Քրիսթիան Պից, Եուսթէ Միխայլինայտէ: Ժապաւէնը ստեղծուած է «Զօրեան» հիմնարկի գիտական աջակցութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւի հիման վրայ: