ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ ազգի հաւատարիմ զաւակ, գրականութեան անմահ փառք, գրական մտքի գերազանցութիւն, մեր մշակոյթին համար` Եղիցի լոյս, եւ ազգի յոյզերուն համար երգիչ դարձած, իր տաղանդով ու համոզումով ճշմարիտ բանաստեղծ է Պարոյր Սեւակ, որ վիթխարի ներգործութիւն ունեցաւ մեր ազգային մտածողութեան եւ աշխարհայեացքին մէջ:
* * *

Պարոյր Սեւակ ծնած է 24 յունուար 1924-ին, ներկայ Արարատի մարզի Չանախչի (հետագային` Սովետաշէն, այժմ` Զանգակատուն) գիւղը: Անոր ծնողները` Ռաֆայէլ (1892-1975) եւ Անահիտ (1894-1982) Սողոմոնեանները աստուածավախ ու բարեպաշտ մարդիկ էին, հողագործ ու անասնապահ:
Ապագայ բանաստեղծին կնքահայր եղաւ համագիւղացի Մադոյենց Խաչատուր: Ան նորածինին անունը Պարոյր դրաւ` ի պատիւ նոյնանուն սպայի, որուն զինուորը եղած էր:
Պարոյր իր ծնողներու ամուսնութեան տասնչորրորդ տարին ծնած մինուճար որդին էր (առաջինը մահացած էր):
Պարոյր Սեւակի տոհմի ազգանունը Սողոմոնեան է: Սողոմոն եբրայերէն կը նշանակէ «խաղաղութիւն»: Սողոմոնեանները քահանայական տոհմ էին, եւ անոնց ազգանունին սերունդէ-սերունդ կցուած էր հոգեւոր դասի տիտղոս Տէր-ը: Տէր Սողոմոնեան ճիւղաւորուած տոհմը կոչուած է նաեւ Տէրտէրանց տուն: Սակայն Պարոյր Սեւակ իր մեծ հօր անունով ստացաւ Ղազարեան ազգանունը: Ղազար եբրայերէն կը նշանակէ «օգնութիւն Աստուծոյ իմոյ»:
Սողոմոնեանները 1828-ին Պարսկահայաստանի Սալմաստ գաւառի Հաւթուան գիւղէն տեղափոխուած էին Չանախչի: Տոհմի նահապետ Սլոյ (Սողոմոն) Բաբլոյի զաւակներէն Ղազար գիւղին քահանան եղաւ: Տէր Ղազարի որդին է Տէր Սողոմոն քահանայ: Անոր աւագ որդին` տիրացու Ղազար, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը ուսանած էր եւ կը պատրաստուէր քահանայ օծուելու, մահացաւ 1905-ին, ետին ձգելով երկու անչափահաս որդի` Վահան եւ Ռաֆայէլ (Պարոյր Սեւակի հայրը): Տոհմի նահապետ Տէր Սողոմոն քահանայ վախճանեցաւ 1915-ին:
Բանաստեղծին ծննդավայր Չանախչի գիւղը սփռուած է Արաքսի վտակ Արածոյ գետի ձախ ափին, Գեղամայ լեռնաշղթայի հարաւային լանջին: Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին կառուցուած է 1811-ին: Գիւղին տուները, հողածածկ տանիքներով, իրարու կցուած էին, փողոցները` նեղ ու դարձդարձիկ: Սեւակ կը գրէ. «Քառասուն տարի առաջ այստեղ հարթ ու հողածածկ տանիք չունէր միայն եկեղեցին: Գարնանը թզաչափ խոտ էր ծփում տանիքների վրայ: … Տները մէջք-մէջքի էին տուել, հպուել իրար,…. իսկ ծուռտիկ- մուռտիկ փողոցներն էլ այնքան էին նեղլիկ, որ Տեառնընդառաջի տօնին չափահաս երեխաները, խարոյկների վրայից թռչկոտելով, կրակ էին տանում գիւղի մի ծայրից միւսը ոչ թէ փողոցների, այլ տանիքների վրայով»:

Սեւակի հօրենական տունը` կաւով ծեփուած պատերով եւ հողածածկ տանիքով, կ՛ընդգրկէ էյվանը (ճակատը)` թոնիրով եւ ձաւար ծեծելու սանդով, գոմը եւ օթախը (սենեակը): Սեւակ կը գրէ. «Այն տունը, որտեղ ծնուել եմ… բայց տուն չպիտի ասէի, այլ նկուղ` այս բառի ոչ պատկերաւոր իմաստով»:
* * *
Պարոյրի մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները անցան նահապետական վարք ու բարքով ապրող հարազատներու եւ համագիւղացիներու հետ: Փոքր տարիքէն, առանց դպրոց երթալու իսկ ան շատ կը կարդար: Բանաստեղծին մեծ հայրը` տիրացու Ղազարն ալ յամառ ընթերցող եղած էր, որուն պատճառով խելագարած էր: Սեւակի անգրագէտ մայրը մտավախութիւն ունէր, որ իր որդին եւս կը խելագարի:
Շատ տարիներ անց Սեւակ կը գրէր. «… Պապս ոչ թէ խելագար էր, այլ… համարեա թէ մարգարէ, որովհետեւ… օղորմածիկը ինչ որ ասում էր` կատարուեց»:
Ուսուցիչը 1930-ին արտօնութիւն տուաւ Պարոյրի դպրոց յաճախելու: Յիշելով իր դպրոցական տարիները, Սեւակ կը գրէ. «Զարթօնքի տարիներ էին, բայց դժուարին տարիներ: Չկար թուղթ ու մատիտ: Չկար դասագիրք: Յաճախ ամբողջ դասարանը սովորում էր մէկ դասագրքով: Պակասում էին ուսուցիչները, եղածներն էլ միջնակարգ եւ նոյնիսկ թերի կրթութեան տէր: … Կեանքումս մեծ գողութիւն էլ եմ արել. 3-4 հոգով կտրեցինք շրջակայ 3-4 գիւղի դպրոցական գրադարանները` կէսգիշերին, գողութեան բոլոր կանոնների համաձայն: Գողութիւն` կարդալու ծարաւից: Գլխաւորը ես էի: Ու գրքերի մեծագոյն մասն էլ ինձ էր հասնում: Ու կարդում էի ամէն ինչ: … Ախար ես միջնակարգն աւարտեցի` այդպէս էլ չիմանալով, թէ ինչ բան է աթոռ ու սեղան: Մօրս հացի տախտակն էր իմ սեղանը. պառկում էի բերանքսիվայր եւ հացի տախտակի վրայ արտագրում կամ շարադրում, խնդիր լուծում կամ գծագրութիւն անում»:
Խորհրդային Միութեան տարածքին զանգուածային ձերբակալութիւններն ու գնդակահարութիւնները 1937-ին իրենց գագաթնակէտին հասած էին: Չկար անձ մը, որ ինքզինք ապահով զգար: Հայ մտաւորականութեան ծաղիկը ոչնչացուեցաւ, եւ մահուան սպառնալիքով արգիլուեցաւ ազգային գաղափար ու ոգի պարունակող մեր ողջ գրականութիւնը: Մարդիկ նահատակուած կամ արգիլուած գրողները կը կարդային գաղտնի` խորհրդային ղեկավարներու, ընկերվարութեան գաղափարախօսներու գիրքերու կազմերուն մէջ Րաֆֆիի եւ Պատկանեանի, Սիամանթոյի ու Վարուժանի, Չարենցի ու Բակունցի գիրքերը թաքցնելով: Այս պայմաններուն մէջ պատանի Պարոյր կարդաց արգիլուած Չարենցը:
* * *
Ծննդավայրին դպրոցը գերազանց յառաջդիմութեամբ աւարտելով, Պարոյր 1940-ին Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը ընդունուեցաւ:
Արդէն 1939-ին սկսած էր համաշխարհային Բ. պատերազմը, իսկ 1941-ին Գերմանիա ներխուժեց Խորհրդային Միութեան սահմաններ: Սեւակ կը գրէ. «Համալսարանական ուսումնառութիւնս համընկաւ պատերազմին:… Ինչ տարիներ էին: Յիշելն անգամ սարսուռ է պատճառում: Սով: Ցուրտ: Փայտոջիլների արշաւանք:… Հանրակացարանի սեղանի սփռոցը չէր կարող լինել այլ բան, քան լրագիրը: Յիշում եմ, այդ սփռոցի վրայ ես անվերջ վարժւում էի գրելուն: … Բանից պարզուեց, որ լրագրի ամբողջ էջով մէկ գրուել է մի… բանաստեղծութիւն: … Նշանաւոր 1942-ին էր դա»:
Պարոյր իր գրական առաջին փորձերը 1942-ին «Սովետական գրականութիւն» ամսագիրի խմբագիր Ռուբէն Զարեանի ներկայացուց: Խմբագիրը տասնութամեայ սկսնակ գրողին առաջարկեց Սեւակ գրական կեղծանունը` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ գացած Ռուբէն Սեւակի: Պարոյր հնազանդեցաւ եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագիրին մէջ 1942-ին տպագրուեցան անոր գրական առաջին փորձերը:
* * *
Համաշխարհային պատերազմի աւարտի օրերուն` 1945-ին, Սեւակ աւարտեց Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը, որմէ ետք, նոյն տարուան հոկտեմբերին «Աւանգարդ» թերթի խմբագրութեան մէջ աշխատանքի մտաւ` իբրեւ գիւղական երիտասարդութեան բաժնի վարիչ:
Պարոյր Սեւակ 1946 ապրիլին Արտասահմանի հետ մշակութային կապի հայկական ընկերութեան մամուլի բաժինի աւագ աշխատակիցը եղաւ:
Նոյն տարին` 1946-ին Սեւակ ամուսնացաւ Մայա Աւագեանի (1922-2006) հետ, որուն ծանօթացած էր համալսարանին մէջ: 1948-ին ծնաւ անոնց որդին` Հրաչիկ Ղազարեան:
Պարոյր Սեւակի առաջին` «Անմահները հրամայում են» գրքոյկը լոյս տեսաւ 1948-ին: Սեւակ 1949-ին «Գրական թերթ»-ի խմբագրութեան մէջ աշխատանքի մտաւ` իբրեւ բանաստեղծութեան բաժնի վարիչ:
* * *
Պարոյր Սեւակ 1951-ին վերադաս մարմիններուն դիմեց եւ խնդրեց զինք Մոսկուա ուղարկել` Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութեան մէջ ուսանելու համար: Խնդրանքը ընդունուեցաւ:
Մոսկուայի մէջ Սեւակ նիւթական ծանր պայմաններ դիմագրաւեց եւ ուսումնառութեան կողքին, ստիպուած, տարբեր հրատարակչութիւններէ ու խմբագրութիւններէ ստացած պատուէրները կատարեց:
Տակաւին Մոսկուա մեկնելէ առաջ Սեւակ իմացած էր, որ իր ընտանեկան հիմերը խաթարուած են: Մայա` որդին առնելով, բաժնուեցաւ Պարոյրէն:
Մոսկուայի իր հանրակացարանին մէջ փակուած կամ մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ, սառնամանիքին ու բուքին, երկար շրջելով, Սեւակ սփոփանք գտաւ գրելուն մէջ: Այդ օրերուն` 1952-1953-ին ան գրեց «Ուշացած իմ սէր» բանաստեղծութիւնը:
«Անհաշտ մտերմութիւն» բանաստեղծութիւնը, զոր Սեւակ սկսած էր գրել 1947-ին եւ աւարտին հասցուցած 1952-ին, լոյս տեսաւ 1953-ին: «Սիրոյ ճանապարհ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն լոյս տեսաւ 1954-ին:
Սեւակ 1956-ին աւարտեց Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութիւնը, որուն Գեղարուեստական թարգմանութեան ամբիոնին դասախօսը եղաւ աւելի ուշ:
Մոսկուայի մէջ Սեւակ բարեկամական մօտիկ կապեր հաստատեց ռուս գրագէտներու եւ արուեստագէտներու հետ: Անոր բանաստեղծութիւնները ռուսերէնի թարգմանուեցան եւ մամուլին մէջ տպագրուեցան: 1957-ին լոյս տեսաւ «Նորից քեզ հետ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Սեւակ 1 դեկտեմբեր 1957-ին, իր ուսանող ընկերներէն բանաստեղծ Գենիէ Այգիի հարսանիքին ծանօթացաւ տասնութամեայ գեղանի հրէուհի Սուլամիթա Ռուդնիկ Ֆրիտպէրկի: Նոյն գիշեր ան աստուածաշնչեան ներշնչումով սկսաւ գրել իր «Երգ երգոց»-ը` նուիրելով կնոջ մը, որուն ընդամէնը քանի մը ժամ տեւած էր:
Պարոյր Սեւակ Մոսկուա ուսանողութեան տարիներուն մտերմացած էր վրացուհի Նելլի Մենաղարաշվիլիի հետ, որուն հետ ամուսնութիւնը արձանագրուեցաւ 1958-ին: Նոյն տարին ծնաւ անոնց որդին` Արմէն Ղազարեան:
* * *

Պարոյր Սեւակ կնոջ եւ որդիին հետ 1959-ին Մոսկուայէն Երեւան փոխադրուեցաւ: Հայաստան տեղափոխուելուն պատճառով Նելլի Մենաղարաշվիլի, որ բանասիրութեան ուսանողուհի էր, հրաժարեցաւ արդէն պատրաստ թեկնածուական ատենախօսութեան պաշտպանութենէն:
Սեւակի 1959-ին գրուած «Ականջդ բեր ասեմ», «Վերնագիրը վերջում» շարքերու կենսական հիմքը մոռցուած մարդ անհատի վերակենդանացումն է:
Հայ գրական ու մշակութային կեանքին մէջ յատկանշական իրադարձութիւն եղաւ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» բանաստեղծութեան լոյս ընծայումը 1959-ին, Երեւանի մէջ:
«Անլռելի Զանգակատուն» բանաստեղծութեան մէջ պատկերուած է Կոմիտաս վարդապետին կեանքը: Կոմիտասեան երգին մէջ հայոց պատմութիւնն է` ցաւի եւ ուրախութեան թրթիռներով:
«Անլռելի Զանգակատուն»-ը յայտնութիւն նկատուեցաւ եւ աննախընթաց ոգեւորութիւն յառաջացուց: Բանաստեղծին անունն ու ստեղծագործութիւնը յայտնի դարձան հայրենաբնակ եւ սփիւռքի հայութեան:
Պարոյր Սեւակ 1962-ին գրեց «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն» բանաստեղծութիւնը: Մեսրոպ Մաշտոց աստուածային պարգեւ է եւ Աստուած Մաշտոցի միջոցով հայ ազգին մեր այբուբենը նուիրեց:
Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն լոյս տեսաւ 1963-ին: Անոր առանցքը ժամանակակից անհատի ոգիի ճշմարտութեան բացայայտման պատմութիւնն է:
Սեւակ 1963-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ աշխատանքի մտաւ իբրեւ աւագ գիտաշխատող: 1964-ին ծնաւ անոր կրտսեր որդին` Կորիւն Ղազարեան: Սեւակ 1966-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարը եղաւ:
Պարոյր Սեւակ 1966-ին երկու ընկերակիցներով Արցախ մեկնեցաւ, շրջեցաւ գիւղերը եւ ամէնուրեք բացատրեց, որ Արցախը Հայաստանի վերամիաւորելու նպատակով պէտք է բողոք-նամակներ ուղարկել Մոսկուա: Այսպիսով շուրջ տասը հազար նամակ պատրաստուեցաւ: Սեւակի եւ իր համախոհներուն Արցախ առաքելութիւնը այդ օրերուն խելայեղութեան հաւասարազօր արարք էր:
Սեւակի գրական ժառանգութեան անբաժանելի մասն են անոր գրականագիտական եւ բանասիրական ուսումնասիրութիւնները, թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ «Սայաթ Նովա» մենագրութիւնը, որ պաշտպանեց իբրեւ թեկնածուական ատենախօսութիւն եւ 1970-ին արժանացաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի կոչման:
* * *
Պարոյր Սեւակի «Եղիցի լոյս» ժողովածուն հոգեւոր մաքրման եւ կատարելութեան ձգտող անհատին վէճն է սուտ հաւատացեալին հետ: Բանաստեղծին միտքը ի վերջոյ յայտնագործած է Լոյսի աղբիւրը: Լոյսի քրիստոնէական խորհրդանշանը, իբրեւ աստուածային գոյութեան արտայայտութիւն երկրի վրայ, զուգորդուած է մաքրութեան եւ կատարելութեան:
«Եղիցի լոյս»-ը ծիսակատարութիւն է, եւ պաշտամունքի արարողութիւնն ու մարդկային նկարագիրէն բխող խոհերը համատեղուած են:
«Ով չի կարդացել Աստուածաշունչը, նա չի կարող իսկական իմաստով գրագէտ մարդ կոչուել: Ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը դուրս է եկել Աստուածաշնչից», ըսած է Սեւակ: Սեւակեան որոշ տողեր ու արտայայտութիւններ կու գան Աստուածաշունչէն:
«Եռաձայն պատարագ» բանաստեղծութիւնը Սեւակի հայրենասիրական տրամադրութիւններու վերջին արտայայտութիւնն է, ուր ընդհանրացուցած է նախորդ բոլոր երկերուն մէջ արծարծուած հիմնական հարցերը:
«Եղիցի լոյս»-ի առաջին տպաքանակը` 1969-ին, բռնագրաւուեցաւ, եւ գիրքին հրատարակութիւնը արգիլուեցաւ:
«Եղիցի լոյս»-ի կալանքէն ետք Պարոյր Սեւակ հոգեկան ծանր տագնապի մատնուեցաւ: 3 յունիս 1971-ին ան հրաժարեցաւ Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան հինգերորդ համագումարի պատգամաւորութենէն:
* * *
Պարոյր Սեւակ, կինը` Նելլի եւ որդիները` Արմէն եւ Կորիւն, 17 յունիս 1971-ին հայրենի գիւղէն ճամբայ ելան դէպի Երեւան: Հայրենի գիւղէն ութ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Սեւակի վարած ինքնաշարժը բախեցաւ կաթ փոխադրող մեքենայի մը: Սեւակ եւ Նելլի մահացան, բայց որդիները փրկուեցան: Արկածը վերագրուեցաւ Սեւակի վարորդական անփորձութեան:
Պարոյր Սեւակ եւ կինը թաղուած են հայրենի գիւղի պապենական այգիին մէջ: Անոնց կողքին թաղուած են Սեւակի ծնողները: Այցելուներ հոն անպակաս կ՛ըլլան, իսկ բանաստեղծի մահուան օրը վերածուած է բանաստեղծութեան աւանդական օրուան:
* * *
Պարոյր Սեւակ հայ մտքի գերազանցութիւն է եւ յաւերժական արժէք: Անոր ստեղծագործութիւնները բոլոր ժամանակներուն ալ իրենց անփոխարինելի տեղն ու դերը ունին հայ գրականութեան, բանասիրութեան եւ մշակոյթի զարգացման վրայ: