Ազգովին մազոխակա՞ն ենք:
Աղմուկ բարձրացած է, տեղահանուած, աւելի ճիշդ` հայրենահանուած, գաղթականի եւ ապաստանեալի վիճակին դատապարտուած արցախցիներուն օժանդակելու կարգախօսով, խիղճ հանդարտեցնելու իրարանցում: Ճաշկերոյթ, նուագահանդէս, դրամահաւաք` Արցախի «գաղթականներ»-ու կարիքներուն համար:
Հարցում. ո՞ր կարիքներուն, անմիջակա՞ն, մարդկայի՞ն, ազգայի՞ն, քաղաքակա՞ն: Պիտի գոհանա՞նք յանձնառութիւն չպահանջող եւ փշրանքներու բարեսիրութեամբ, կիրակի օր եկեղեցի երթալո՞ւ պէս պիտի գործենք Արցախի եւ անոր որպէս ազգի հատուածի գոյութենական հիմնահարցի օրակարգով:
Քաղաքական-գաղափարական այլասերում է արցախահայութեան բռնագաղթը գնահատել որպէս գաղթականական խնդիր եւ մնալ բարեսիրական արշաւի աղմուկ-իրարանցումին մէջ: Այս բռնագաղթը մասնակի եւ անակնկալ երեւոյթ չէ: Ան հայ ժողովուրդի անհետացման միտող համաթրքական քաղաքականութեան դրուագ մըն է, ցեղասպանութեան շարունակութիւն:
Եթէ Ի. դարու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը համապատասխան վերաբերումի արժանացած ըլլային, ազգի եւ մարդու ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ի հանդէպ նոյն նախայարձակումը չէր կրկնուեր: Այս ըմբռնումով պէտք է առաջնորդուին հայ քաղաքական միտքը, Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ամէն բնոյթի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Ինչ որ պատահեցաւ, մասնակի չէ: Ներազգային նախաձեռնութիւնները այս ըմբռնումով պէտք է գործեն եւ բազմադէմ միջազգային համայնքը, առանց ճապկումներու, կանգնեցնեն իր պատասխանատուութեան առջեւ ու մերժեն սուտ դարմանները «placebo»-ները:
Արցախի ժողովուրդին համար պէտք չէ գործածել փախստական եզրը եւ անգիտանալ հիմնական հարցը, որ շարունակուող եւ իր անունը չըսող ցեղասպանութիւն է: Արցախի ժողովուրդը հայրենահանուած է, որպէսզի անհող մնայ եւ անհետանայ: Կայ միջազգային պատասխանատուութեան եւ բարոյականութեան խնդիր: Արցախահայութեան խնդիրը գաղթականական չէ, ան աշխատանքի համար երկիր լքած կամ երկրէն չէ փախած, կամաւոր արտագաղթող չէ: Անոր անմիջական կարիքներուն մասին պէտք չէ խօսիլ մանրուքի բարեսիրութեամբ, աւելի վատ` դիւրացնել անոր գաղթը այլ երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկա, Ովկիանիա, հորիզոններ, ուր ճամբուն ծայրը կայ ինքնութեան եւ իրաւունքի կորուստ, որ կը վերջնականացնէ հայու, Արցախ-հայրենիքի պատմութեան բեմէն ջնջումը:
Արցախցիին եւ Արցախի զօրակցութեան ՀԱՐՑ-ը բարեսիրականէ տարբեր բարձրութեան վրայ կը գտնուի: Ան երկրի մը եւ անոր ժողովուրդին հիմնական քաղաքական խնդիրն է, զոր պէտք չէ նսեմացնել բարեսիրութեամբ կամ ապաստան տալով: Թէ ի՛նչ պէտք է ընել, որպէսզի հայրենահուածներ եւ տնազուրկներ վերագտնեն` իրենց հայրենիքը, տունը, տեղը, արտը, անասունները, պատմութիւն-սրբատեղիները, ԲՈԼՈՐ հայերուն հիմնախնդիրն է եւ պատասխանատուութիւնը` միջազգային համայնքին: Այս չմոռնալով պէտք է գործել: ԱԶԳ-ին սպառնացող աղէտին դիմաց այս կամ այն ձեւով հաւաքուած լումաները ոչինչ կրնան ընել, ինչպէս նաեւ` ասդիի-անդիի զբօսէ անդին չգացող եւ ուժականութիւն չունեցող աղմուկը: Անոնք կը մնան տեղական զուարճութիւններ, եթէ բացակայի Արցախի ՀԱՐՑ-ի հիմնական քաղաքական բնոյթը, որ ժողովուրդի կամքով վճռուած ինքնորոշումն է, միջազգային ընդունուած կանոն, որ չի ջնջուիր ո՛չ տեղահանութեամբ, ո՛չ ալ անոնց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կամ աստ եւ անդ ապաստան տալով:
Քաղաքական ոճիրին դէմ բարեսիրութեամբ պայքարիլը ջուր ծեծել է:
Դէմ յանդիման կը գտնուինք զանգուածային քաղաքական ոճիրի մը: Երկրի մը դարերու պատմութիւն ունեցող բնիկը կը զրկուի իր նախնիներու ժառանգութենէն եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ շարունակութիւն ըլլալու իրաւունքէ:
Հոս հասանք, քանի որ հաւաքաբար թերացանք, Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռքներ, չդիմադրեցինք միջազգային դաւերու եւ վատութիւններու, սփիւռք, հանրապետութիւն, ազգը` ընդհանրապէս թերացանք` իրաւ հայրենասիրական եւ քաղաքական իմացումով, տէր չեղանք, կազմակերպուած բնակեցման քաղաքականութիւն չիրականացուցինք: Յուզուեցանք, Հայաստան, մօտ եւ հեռու երկինքներու տակ Արցախ հոլովեցինք, երգեր յօրինեցինք, բայց Շուշին չբնակեցուցինք: Ցանցառ բնակչութեամբ երկիր չի պահուիր, իրաւունք ունենալու եւ պահելու համար չի բաւեր մնալ հանդիսատես եւ սպասել, որ ուրիշներ մեր փոխարէն շագանակները հանեն կրակէն: Այդ հայրենատիրական քաղաքականութիւն չէ: Հողը բնակիչ եւ տէր կ՛ուզէ:
Սփիւռք(ներ)ի զգացական հայրենասիրութիւնը հայրենատիրութիւն չեղաւ: Բացառութիւններ հայրենատիրական եւ հայրենապաշտպան ուժ չէին կրնար ըլլալ: Կրկին կը խրինք չանհանգստացնող բարեսիրական աղմուկի մէջ:
(Սփիւռքը, ազգային-քաղաքական իրա՛ւ յանձնառութիւն կրնա՞յ ունենալ, պիտի ուզէ՞ տրամադրուիլ Արցախի ազատագրութեան դատին` այդ դատը միջազգայնացնելով, յառաջացնել համապատասխան կազմակերպութիւն, տրամադրելով միջոցներ:
Սփիւռքը երէկ բացակայեցաւ հիմնական բնակեցման ռազմավարական քաղաքականութենէն, չիմաստաւորուեցան «ամէն տեղ հայ կայ» զգացական բացատրութիւնը, կրկնուող «համաշխարհային ազգ»-ը: Վա՞ղը:
Երեւակայելու եւ երազելու իրաւունքով, ինչո՞ւ չձեռնարկել արցախեան ազատագրութեան դատի համասփիւռքեան Կոմիտէի եւ մարմիններու ստեղծման, առանց խաչաձեւելու արցախցիներու եւ Հայաստանի այդ դատը հետապնդելու կոչուած աշխատանքները: Այս ընել` ընթացիկ բարեսիրութենէ, հագուստ, շոքոլա կամ «քոմփիւթըր» ղրկելով հոգեկան բաւարարութիւն զգալէ: Այս ներազգային ծանծաղ մրցակցութիւններէն տարբեր, գլխագրուած ԱԶԳԱՅԻՆ որակի արտայայտութիւն կ՛ըլլայ:
Արցախի համար լումաներ հաւաքելու համար կազմակերպուած ձեռնարկները հեռուէն դիտողները կը զուարճացնեն: Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայել, բարեսիրութենէ անդին նայող տեսիլք եւ փառասիրութիւն պէտք է ունենալ:
Արցախի եւ անոր ժողովուրդի դատին ծառայելու համար ինչո՞ւ չհետեւիլ միջազգային քարոզչութեան ընծայած հնարաւորութիւններուն, չօգտագործել զանոնք: Հոն կը գտնենք ճակատագրակիցներ, դաշնակիցներ եւ համամարդկային արդարութեան եւ իրաւունքի հաւատացող ճամբու ընկերներ: Զանոնք գտնել եւ անոնց հետ գործակցիլ: Այս խելացի մրջիւնի գործ է: Առանց խօսափողի, պատկերներու եւ լուսարձակներու:
Քաղաքական ողջախոհութիւն է տեղէ մը սկսիլ ու թեւաթափ չնստիլ փակ դռներու առջեւ, եւ ինքզինք չխաբել` բարեսիրութիւնը եւ խօսափող յոգնեցնելու խաղը քաղաքականութիւն համարելով:
Արցախցին, ընդհանրապէս հայը, իրենց հայրենիքի ազատագրութեան համար պայքարող ո՛չ առաջիններն են, ո՛չ միակները:
Արցախը հայու հայրենիք է, ուրեմն նաեւ հայրենիքը` հայաստանաբնակին եւ սփիւռքի միլիոններուն: Այդ միլիոնները պիտի հասկնա՞ն, որ ապաստանի տարածք բնակավայրերը հայրենիք չեն, անոնք անհետացման տանող գնացքներու կայարաններ են, առժամեայ կացարաններ, իսկ Արցախը հայրենիքն է բոլոր հայերուն, ուրիշ ժողովուրդի մը գաւառը չէ, եւ անոր իրողապէս տէր պէտք է ըլլալ:
Դասական մրցակցութիւններէն անդին` պիտի կարենա՞նք, պիտի ուզե՞նք Արցախը դարձնել համազգային օրակարգ:
Հազար տարի ետք, երբ պատմութիւնը օղակ փոխած ըլլլայ, ոչ ոք պիտի յիշէ, թէ ո՞վ նստած էր ո՛ր աթոռին:
Ներսի եւ դուրսի օրակարգ պէտք է ըլլայ` արցախահայութիւնը որպէս տէր ժողովուրդ պահել-վերադարձնել իր հողին: Այս գոյութենական հրամայական է: Հայաստանները եւ Արցախը պիտի պահե՞նք որպէս հայրենիք, թէ՞ անոնք պիտի արձանագրուին պատմութեան վկայութեան էջ-յատակին: Այս կարելի կ՛ըլլայ, եթէ անսեթեւեթ կերպով իրականացնենք հայրենադարձութիւնը եւ բնակեցումը:
ՆԵՐԿԱՅ ՏԷ՛Ր ըլլալ նախահայրերու աւանդին` զբօսաշրջութենէ, բարեսիրութենէ եւ խօսափողի աղմուկէ տարբեր որակ կը պահանջէ: Հայրենադարձութիւն եւ բնակեցում ապագայակերտ քաղաքականութիւն են: Այս պէտք է հասկնայ յոգնակիացող սփիւռքը եւ ըլլայ մասնակից աւագ դերակատար` հայրենիք պաշտպանելու եւ իր ՀՈԳԻՆ փրկելու համար:
14 յունուար 2024, Փարիզ



