Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սերկէյ Լաւրովը

April 4, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Զրուցակիցները հանդիպման սկիզբը զիրար շնորհաւորեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին առիթով: Երկու կողմերը նշեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը, բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն շրջագիծին մէջ աշխուժ ձեւով զարգացող համագործակցութիւնը կը վկայեն երկու ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային ամուր փոխյարաբերութիւններուն մասին, որոնք տարուէ տարի կ՛ամրապնդուին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ պարբերաբար տեղի ունեցող բարձր մակարդակի հանդիպումներով:

Սերկէյ Լաւրով տարին յոբելենական նկատեց նաեւ օգոստոս 2012-ին լրացող Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի 15-ամեակին առիթով: Ան աւելցուց, որ յոբելենական տարուան առիթով կազմակերպուող նախաձեռնութիւնները կը համատեղուին համագործակցութեան աւելի զարգացման ուղղուած որոշակի ծրագիրներու իրագործումով:

Նաեւ` Պուլկարիոյ Վարչապետը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց նաեւ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովը:

Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ հայ եւ պուլկար ժողովուրդներուն միջեւ պատմական խոր արմատներ ունեցող ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները ամուր հիմք կը հանդիսանան միջպետական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու համար:

Պորիսով նշեց, որ իր այցելութեան օրերուն Հայաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը յաւակնոտ ծրագիրներ տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, բարձր արհեստագիտութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ մարզերու մէջ, ուր գործակցութեան զգալի ներուժ կայ:

Պորիսով նաեւ վստահեցուց, որ Պուլկարիա պատրաստակամ է եւրոպական համարկման ճամբուն վրայ աջակցելու եւ իր փորձառութեամբ օգտակար դառնալու Հայաստանին:

Նախագահ Սարգսեան եւ վարչապետ Պորիսով անդրադարձան նաեւ պուլկարահայ համայնքին` կարեւոր նկատելով հայ-պուլկարական երկկողմանի կապերու ամրապնդման գործին մէջ Պուլկարիոյ հայ համայնքին մեծ դերը:

 

Նախորդը

Ծատուրեան. «Մեր Խնդիրն Է Պատռել Թուրքիոյ Դիմակը»

Յաջորդը

Իլհամ Ալիեւ Հակահայ Յայտարարութիւններ Կատարեց «Եւրանեսթ»-Ի Խորհրդաժողովին. Հայկական Պատուիրակութիւնը Խստիւ Բողոքեց

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.