Ժալ Էլ Տիպի կամուրջին կազմաքանդումէն ամիսներ ետք, շրջանին բնակիչները, որոնք իրենց բնակարանները հասնելու եւ անկէ իրենց աշխատանքին ուղղուելու համար լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Ժալ Էլ Տիպի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին փակեցին մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում մը:
Բնակիչներուն կազմակերպած բողոքի նստացոյցին մասնակցեցան նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Նեպիլ Նիքոլա եւ Սելիմ Սալհապ, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենց շարժումը բողոքի եւ զգուշացման առաջին քայլն է, որ պիտի կրկնուի ամէն երեքշաբթի առաւօտ` հետզհետէ ստանալով մագլցողական բնոյթ:
Քանաան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը եւ զգայ, որ կան կարիքաւոր շրջաններ:
Իր կարգին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի շեշտեց Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով. «Մենք պիտի սպասենք նոր կամուրջ մը կառուցելու թուականին եւ տեւողութեան մասին պատասխանատուներուն կարծիքին, նախքան յառաջիկայ երեքշաբթի օրուան քայլերը որոշելը»:
Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այնքան ատեն որ այդ կամուրջին չգոյութիւնը մեր բնակիչներուն վնաս կը հասցնէ, ուրեմն մենք ալ կը վնասուինք եւ կը բողոքենք Մեթնի բնակիչներուն փոքր խնդրանքը անտեսելուն դէմ»:
Երեսփոխան Նիքոլա նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է անպայման Ժալ էլ Տիպի մէջ կամուրջ մը շինել` աւելցնելով, որ նիւթական տագնապի պատճառաբանութիւնը անտեղի է, որովհետեւ կամուրջին շինութիւնը միայն 5 միլիոն տոլարի գումար մը կ՛ենթադրէ:
Նիքոլա կոչ ուղղեց այս մասին իսկոյն որոշում տալու:
Պէտք է աւելցնել, որ Նիքոլա նախանցեալ երեկոյեան այցելած էր փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, որ հաստատած էր, որ կառավարութիւնը նոր կամուրջ մը շինելու կարելիութիւնները սերտելու ընթացքին մէջ է:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Էտի Ապի Լամաա ընդգծեց, որ Ժալ էլ Տիպի բնակչութեան երթեւեկին առումով կառավարութիւնը անպատասխանատու կեցուածք որդեգրած է` աւելցնելով, որ այդ շրջանը արժանի է հոգատարութեան:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ըսաւ, որ կառավարութիւնը չէ ուշացած Ժալ էլ Տիպի կամուրջը շինելու առումով` նկատել տալով միաժամանակ, որ նոր կամուրջ մը շինելու առումով կառավարութիւնը երեք տարբեր ծրագիր ունի:
Միւս կողմէ, Մեթնի այլ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ` քննարկելու համար Ժալ էլ Տիպի կամուրջին հարցը:
Ան իր կատարեալ զօրակցութիւնը յայտնեց Ժալ էլ Տիպի բնակչութեան եւ անմիջական լուծում պահանջեց այդ առումով:


