Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 12 յունուարին ըսած է, որ Թուրքիան հաւաքած եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան յանձնած է նիւթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ «ցեղասպանութիւն» կը գործէ:
Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ տրամադրել Իսրայէլի դէմ իր ունեցած բոլոր մեղադրական նիւթերը: Թուրքիոյ նախագահը աւելցուցած է. «Ես կը հաւատամ, որ Իսրայէլ մեղաւոր պիտի ճանչցուի ցեղասպանութեան մէջ»:
Իսրայէլեան «Նիուզ» կայքին համաձայն, Իսրայէլի նոր արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց պատասխանած է Էրտողանին:
«Թուրքիոյ նախագահը, երկիր մը, որ ցեղասպանութիւն գործած է հայ ժողովուրդին դէմ եւ կը կարծէր, որ աշխարհը պիտի լռէ, այսօր հպարտ է, որ Լա Հէյ փոխանցած է նիւթեր, որոնք կրնան օգնել Իսրայէլը մեղադրելու ցեղասպանութեան մէջ: Մենք ձեզ լսեցինք: Մենք ո՛չ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ալ քիւրտերու դէմ գործուած ջարդը մոռցած ենք: Դուք մարդ սպաննած էք: Մենք ձեր բարբարոս ընկերներէն կը պաշտպանուինք», գրած է իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:


