Կրկին Նոր տարի է:
Մթնոլորտը տօնական է, բարեմաղթութիւնները, նոյնիսկ եթէ շատ լաւատեսական չեն, բայց կա՛ն:
Մինչ մարդիկ կը մտածեն, թէ արդեօք այս կամ այն բարեկամին, այս կամ այն ազգականին ու ընկերոջ իրե՞նք պէտք է առաջ գրեն, թէ՞ սպասեն, որ բարեմաղթութիւններ ստանան, ապա պատասխանեն, կամ նոյնիսկ` անպատասխան ձգեն…
Մինչ մարդիկ կը փորձեն յիշել, թէ նախորդ տարիներուն իրենց բարեկամներէն որո՞նք զիրենք շնորհաւորած էին, որպէսզի այս տարի չմոռնան զանոնք, իսկ անցեալին զիրենք մոռցողներուն իրենք ալ մոռնան այս անգամ…
Կը գրեմ բազում ու ի սրտէ բխող բարեմաղթութիւններ, կը փորձեմ, հակառակ ամէն ցաւի ու տրտմութեան, ընկճուածութեան եւ յուսալքութեան, լաւատեսութիւն եւ յոյս փչել տողերուս մէջ, կը գրեմ, կը ջնջեմ, աւելի լաւը կը փորձեմ գրել, դրականութեան տոկոսը քիչիկ մըն ալ կը փորձեմ աւելցնել, կրկին կը կարդամ… Լա՛ւ է կարծեմ, տպաւորիչ կը թուի… Կ՛որոշեմ ղրկել այլեւս, բայց… հասցէն չեմ գիտեր… Ոչ ոք գիտէ…
Ո՞ր հասցէին ղրկեմ ձեզի ուղղուած սրտագին բարեմաղթութիւններս, սիրելի՛ հրեշտակներս: Դուք, որ մեզի հետ չէք այլեւս, ձեր ձայները չենք կրնար լսել կրկին, ձեր աչքերուն չենք կրնար նայիլ անգամ մը եւս, ձեր ծիծաղով չենք կրնար վարակուիլ այլեւս… Սրտագին, հարազատ ու անհաշիւ են բարեմաղթութիւններս, բայց ո՞ւր ղրկեմ զանոնք…
Երանի՜ գտնուէիք հասցէ ունեցող վայրի մը մէջ, եւ ես, առանց դոյզն իսկ մտածելու, որ արդեօք դո՞ւք պէտք է գրէք առաջ, թէ՞ ես, նախորդ տարի զիս յիշա՞ծ էիք, թէ՞ ոչ, պիտի գրէի ձեզի, պիտի մաղթէի, պիտի ուղարկէի եւ նոյնիսկ պատասխանի չսպասէի, կարեւորը գիտնայի, որ ստացաք, կարդացիք ու կաք…
Իսկ հիմա միայն մէկ բառ կը կրկնուի մտքիս մէջ ու կը թակէ սրտիս դռները… ԿԱՐՕՏ…