Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. վերջերս կայացաւ ուշագրաւ նորութիւն մը, եւ Համազգայինը ունեցաւ իր դրօշը: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յառաջացաւ դրօշ ունենալու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Անդրադառնանք նաեւ ընթացիկ տարուան ընթացքին Համազգայինի նորաստեղծ գրասենեակներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս Համազգայինի գործունէութեան մասին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- 2022-ի մայիսին Երեւանի մէջ գումարուած Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշեց Համազգայինը իր տարբերանշանին կողքին օժտել դրօշով, քայլերգով եւ նշանաբանով: Որոշումին առաջին մասը արդէն իրագործուած է, եւ Համազգայինը այսուհետեւ ունի իր դրօշը, որ կը գործէ պաշտօնապէս, եւ որպէսզի լաթը դրօշակի վերածուի մեր ազգային աւանդութեամբ օրհնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ եւ տարածուեցաւ Համազգայինի 19 շրջաններուն մէջ, որպէսզի իրենք ալ իրենց ձեռնարկներու ընթացքին կարենան ներկայանալ դրօշով` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի նման:
Շուտով արդէն մենք կ՛օժտուինք մեր քայլերգով եւ արդէն առաջարկներ ունինք նշանաբանի գծով, որպէսզի քոյր միութիւններու օրինակով մենք եւս ունենանք մեր նշանաբանը: Սակայն այս բոլորը պիտի իրականանան ժողովրդավարական հիմունքներով: Կայ ընտրանի նախագիծ մը նշանաբաններու, որպէսզի շրջանները եւս տեղեակ ըլլան, ցանկ մը պատրաստուած է, եւ իւրաքանչիւր շրջան պիտի քուէարկէ: Այն նշանաբանը, որ յաղթէ, այդ մէկը ժողովրդավարօրէն պիտի ըլլայ Համազգայինի նշանաբանը:
Աւելի ուշ արդէն պիտի օժտուինք քայլերգով եւս:
Համազգայինը աշխարհատարած կառոյց է: Ո՛ւր որ հայութիւն համախմբուի, ո՛ւր որ կարիքը զգացուի այդտեղ նոր կառոյցներ կը հիմնուին: Վերջերս օժտուեցանք Գիւմրիի մեր նոր գրասենեակով` Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներու կողքին: Համազգայինը իր տունը ունեցաւ Գիւմրիի մէջ: Նաեւ քանի մը տարիներ առաջ Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ունեցաւ կառոյցներ: Հայաշատ Ռուսիոյ այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Քրասնոտար եւ այլուր, կրնանք շուտով օժտուիլ Համազգայինի կառոյցներով:
«Ա.».- Խնդրանքս է` խօսիք ընդհանրապէս Համազգայինի այն ծրագիրներուն` ուսանողական մայր հաւաքին, «Youthlinks Europe»-ին, «ArtLinks»-ին, «Փեթակ»-ին եւ «h-pem.com»-ին մասին, որոնց թիրախը հայ երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն են, ինչո՞ւ կարեւոր են անոնք:
Զ. Ք.- Համազգայինը ունի նաեւ իր երիտասարդական ծրագիրները, որոնք տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր ցամաքամասի վրայ անջատաբար: Համազգայինի երիտասարդական մայր ֆորումը, որ 26 տարիներէ աւելի է, որ կ՛իրականանայ Հայաստանի մէջ, երիտասարդական հաւաք կամ ֆորում կը կոչուի: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ հայ երիտասարդ ուսանողներ կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ, նախապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը կայացնէինք, սակայն Արցախի այս վերջին պատահարներէն ետք փոխարինեցինք զայն Գիւմրիով: Ֆորումը մօտաւորապէս կը տեւէ 15 օր, որոնցմէ 12-ը Երեւանի, իսկ 3-ը` Գիւմրիի մէջ կ՛անցընեն մասնակիցները: Երիտասարդական հաւաքը պարզ շրջագայութենէ մը կը տարբերի անով, որ երիտասարդները նախ կը ծանօթանան իրարու, ապա առիթը կ՛ունենան, որպէսզի տարբեր վայրերէ, տարբեր մշակոյթներէ, տարբեր հասկացողութիւններով եկած ֆորումականները իրարու հետ հաղորդակցին, կապեր ստեղծեն, եւ այդ կապերը կը շարունակուին մինչեւ կեանքի վերջ: Պարզ շրջագայութենէ մը անդին կ՛ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ ֆորումի մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի մէջ այնպիսի վայրեր, որոնք սովորական շրջագայողի մը համար դժուար է այցելելը: Օրինակ` Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին հետ հանդիպում կ՛ունենան, բանակին այցելութիւն կը կատարեն եւ ուղղակիօրէն զինուորներու հետ շփում կ՛ունենան, թէ` անոնք ինչպէ՞ս կ՛ապրին, ո՞ւր կ՛ապրին, ի՞նչ կ՛ուտեն, նոյնիսկ մարզական դասընթացքներէն մէկ-երկու ձեւ միասին կը կատարեն, միասին կը ճաշեն, Ամերիկեան համալսարան եւ մանկատուն կ՛այցելեն: Մեր նպատակը այն է, որ ուսանողները ծանօթանան Հայաստանին` իր բոլոր երեսներով, որպէսզի ապագային, երբ իրենք մասնագէտներ դառնան, գիտակցին, որ իրենք տալիք ունին իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս: Անոնք շատ մը մարզերու մէջ կրնան օգտակար ըլլալ իրենց հայրենիքին: Փաստօրէն այս 26 տարիներու ընթացքին ունեցած ենք ուսանողներ, որոնք ֆորումի միջոցով ծանօթանալով այդ կառոյցներուն, ապագային վերադարձած են, եւ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան ծիրէն ներս օգնած ու ծառայած է եւ նոյնիսկ ինքն ալ գիտելիքներ սորված է այդ ծրագիրներէն:
Ֆորումի գլխաւոր նպատակը ղեկավարներ պատրաստելն է, այսինքն անոնք, որոնք նախապէս ֆորումական եղած են, հիմա պատասխանատուներ են: Մասնակիցները կը սորվին ծրագրաւորում, կազմակերպչական աշխատանք, ինչպէ՛ս պէտք է ղեկավարել եւ այլ հմտութիւններ: Այսպիսով, հետագային իրենք կը դառնան մեր ապագայ պատասխանատուները:
Ֆորումի ծրագիրի յաջողութենէն մեկնելով` 2015-ին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ե՛ւ արեւմտեան, ե՛ւ արեւելեան թեւերն ու Քանատան նոյն նպատակով կազմակերպեցին նոյն ծրագիրը` «ArtLinks» անունով, բայց` եռօրեայ տեւողութեամբ:
«ArtLinks»-ը ամէն տարի ցամաքամասի մը վրայ, երկրի մը մէջ կ՛իրականացուի: Նոյնպէս, ուսանողները հաւաքելէ բացի, կը հրաւիրուին աշխարհահռչակ սփիւռքահայ արուեստագէտներ. այսպիսով, մասնակիցները առիթը կ՛ունենան մօտէն ճանչնալու եւ հաղորդակցելու այդ արուեստագէտներուն հետ, նաեւ տեղեկանալու եւ օգտուելու անոնց գիտելիքներէն ու մօտեցումներէն:
2017-էն ի վեր նոյնանման ծրագիր մը արդէն իսկ սկսած է Եւրոպայի մէջ: Ինչպէս որ գիտէք, Համազգայինը Եւրոպայի մէջ ալ բաւական լայնատարած վարչութիւններ ունի, բայց տակաւին անոնք սաղմնային վիճակի մէջ են: Այսինքն, ինչպէս որ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն, Եւրոպայի մեր կառոյցները տակաւին այդքան զարգացած չեն: Ակնարկս Եւրոպայի կառոյցի իմաստով այն է, որ մարդուժի տագնապ կայ, հեռաւորութիւն եւ այլ դժուարութիւններ: Ուրեմն Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպել Եւրոպայի տարածքին, որ նորէն կը կայացուի եռօրեայ դրութեամբ եւ կը հետապնդէ երկու նպատակ: Առաջինը` Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը քով քովի բերել եւ իրարու հետ ծանօթացնել, իսկ երկրորդը` ամէն տարի երկրի մը մէջ կայացնելով` լուսարձակը արձակել այդ գաղութին, այդ երկրին հայկական կեդրոններուն վրայ, որովհետեւ երիտասարդները անտեղեակ են:
Առաջին տարին` 2017-ին, «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպեցինք Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ նշեալ երկրին մէջ Համազգայինը կազմակերպական կառոյց չունի, բայց Վենետիկը մշակոյթի կեդրոն է ու նաեւ հայկական առումով մենք հոն ունինք Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը, Ս. Ղազար կղզին եւ այլն. ուստի երկու տարի շարունակաբար «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպեցինք հոն: Հարկ է նշել, որ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց: Առաջին տարին 9 մասնակից ունեցանք, իսկ երկրորդ տարին` 15, երրորդին համար 30 հոգի արձանագրուած էր, բայց դժբախտաբար «Քորոնա» համավարակին պատճառով չեղեալ նկատուեցաւ հաւաքը:
Այս տարի, «Քորոնա» համավարակէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, բայց հիմնականին մէջ երրորդ տարին է, որ կը կազմակերպուի «Youthlinks Europe»-ը, որ նոյեմբեր 2023-ին կայացաւ Մարսէյի մէջ: Իբրեւ վայր` ընտրեցինք Մարսէյը, որովհետեւ Համազգայինը հոն ունի Ճեմարանը, որ Եւրոպայի միակ ամբողջութեամբ հայկական վարժարանն է` մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարան, ունի ամբողջական աշակերտութիւն: Նաեւ փափաքեցանք, որ կեդրոնացումը Մարսէյի Ճեմարանին վրայ ըլլայ եւ այդպէս ալ եղաւ: Դժբախտաբար, թիւի առումով, սկսանք այն թիւով, որ Վենետիկի մէջ առաջին տարին հաւաքուած էր: Շատեր արձանագրուած էին, բայց երկիր մուտքի այցագրի ուշ ստանալնուն կամ համալսարանական քննութիւններու զուգադիպութեան պատճառով չկրցան մասնակցիլ, բայց եւ այնպէս հաւաքը իրականացաւ 10 հոգիով:
Եւրոպայի երիտասարդական այս տարուան հաւաքին նախկին եութլինքսականներու նիւթական օժանդակութեամբ յաջողեցանք հրաւիրել եւ մասնակից դարձնել ծրագրին երկու արցախցի ուսանողներ, որոնք ներկայիս Հայաստան կ՛ուսանին:
«Youthlinks Europe»-ի թեման ընդհանրապէս Արցախի նուիրուած էր եւ կը նպատակադրէր երիտասարդներուն մէջ այդ յուսահատութիւնը, թէ Արցախը կորսնցուցինք, պատերազմ տեղի ունեցաւ եւ այլ ժխտական մտքեր վերացնել եւ վերածել ապրելու եւ նոր պայքարի ու նպատակի: Ասկէ մեկնելով էր, որ ուզեցինք անպայման Արցախէն մասնակից ունենալ:
Հաւաքին ունեցանք Պոլիսէն, Փարիզէն եւ Մարսէյէն մասնակիցներ, որոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու եւ շրջագայելու Մարսէյի մէջ գործող հայ կեդրոններ` «Արամ արխիւային կեդրոն», «Էտիսիոն փարանթեզ», Մարսէյի Ճեմարան, Պոմոնի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ այլ վայրեր:
Վերջապէս, Համազգայինը ունի պատանիներու համար «Փեթակ» ծրագիրը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին իւրայատուկ է իր տեսակով: «Փեթակ»-ը տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ տասնհինգ օրերու տեւողութեամբ եւ կը ներգրաւէ 12-18 տարեկան պատանիները: Ծրագրին ընթացքին մասնագէտ մանկավարժներու հսկողութեան տակ պատանիները միա՛յն հայերէնով կ՛ունենան տարբեր աշխատանքներ եւ աշխատանոցներ` ըլլան անոնք մշակութային, ձեռային աշխատանք, խաղեր, թէ այլ ծրագիրներ, եւ որովհետեւ այդ շրջանի պատանիները ընդհանրապէս հայախօս չեն, ուրեմն 15 օրերու ընթացքին ամէն ինչ հայերէնով կայանալուն շնորհիւ իրենց մէջ այսպէս ոգեշնչում տեղի կ՛ունենայ:
«Փեթակ»-ը, երիտասարդական միւս հաւաքներու նման, նոյն նպատակները կը հետապնդէ. պատանիները առիթը կ՛ունենան իրարու հետ ծանօթանալու, նորէն «ղեկավարներ» կը պատրաստուին, որովհետեւ երիտասարդներ կը զբաղին այս պատանիներով: Նշեմ, որ «Փեթակ»-ը սկսաւ կազմակերպուելու 2020-ին, եւ որոշած ենք ամէնամեայ դրութեամբ շարունակել զայն` օգոստոսի առաջին տասնհինգ օրերու ընթացքին:
Վերոնշեալ աշխատանքներու կողքին, երիտասարդութեան լայն շրջանակի մը հասնելու հեռանկարով, 2019-ին հաստատուեցաւ եւ մեկնարկեց «h-pem.com» հայկական մշակութային առցանց բեմը, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէն է: Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ բոլորին, մասնաւորաբար ծնունդով հայ, բայց ոչ հայախօս երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական ու ստեղծագործական միջոցներով հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին: Լիբանանի տնտեսական տագնապին պատճառով, որուն հետեւանքով յառաջացած նաեւ մարդուժի տագնապին պատճառով, Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշած էր Հ-բեմի աշխատանքները նուազագոյնի իջեցնել: Այժմ նոյն բնոյթի աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն` դանդաղօրէն:
«Ա.».- Այսօր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կ՛իրականանայ Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցաբար հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիր: Նախ ընդարձակ կերպով խօսինք այս ծրագիրին մասին, ապա` Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն շրջանաւարտ թէ այս ծրագիրը ամբողջացուցած մարդուժի տարած աշխատանքին:
Զ. Ք.- Համազգայինի այս ծրագիրը մեր սփիւռքի կրթական իրականութեան մէջ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ պատրաստելու ամէնէն բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ ծրագիրն է: Նախ բացատրենք, թէ ի՛նչ է ծրագիրը. այն ուսանողները, որոնք կ՛ուզեն հայոց պատմութեան ուսուցիչ ըլլալ իրենց երկրին մէջ, օրինակի համար` Լիբանանի պարագային, Հայկազեան համալսարանի մէջ կրնան մանկավարժութեան եւ teaching diplom-ի տիրանալ, նաեւ կրնան հայագիտութիւն ուսանիլ եւ BA ունենալ, որուն զուգահեռ անհրաժեշտ է teaching diplom ունենալը, որպէսզի այնուհետեւ այս համաձայնագիրի ծիրէն ներս մեկնին Հայաստան եւ հոն մագիստրոսական ծրագրի հետեւելով` անոր համարժէք մագիստրոսական աստիճան ստանան: Աւարտելէ ետք, առնուազն` եօթնամեայ յանձնառութեամբ մը, կը վերադառնան սփիւռքի տարբեր դպրոցներու մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ ըլլալու նպատակով: Ուսանողութեան տարիներուն Համազգայինը կը հոգայ իրենց կրթական ծախսերը: Հայկազեան համալսարանը յատուկ զեղչ կու տայ այս իմաստով, որուն համար շնորհակալութեան խօսք ունինք իրենց, այնուհետեւ մենք կը հոգանք ուսանողներուն երթեւեկը Հայաստան, կեցութիւնը` բնակարանով եւ առօրեայ ծախսերով, նաեւ կը հոգանք իրենց Երեւանի կրթաթոշակը: Այս իմաստով մենք վճարումներ կը կատարենք Երեւանի համալսարանին` մեր կողմէ ուղարկուած ուսանողներուն համար:
Ուրախ եմ յայտնելու, որ արդէն աւելի քան տասնեակ մը ուսանողներ վերադարձած են սփիւռքի իրենց երկիրները` Լիբանան, Կիպրոս, Եւրոպա թէ այլուր: Անոնք երիտասարդ, նուիրեալ եւ լաւ պատրաստուած ուսուցիչներ են: Այս ծրագիրը կը շարունակուի, հակառակ անոր որ ուսուցչական ասպարէզը վերջերս, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, հրապուրիչ չէ, սակայն ուրախ ենք ըսելու, որ միշտ ալ կը գտնենք երիտասարդներ, որոնք նուիրեալ են:
Վերստին կոչ կ՛ուղղենք մեր երիտասարդութեան, որպէսզի մտածեն այս ուղղութեամբ, եւ սփիւռքը օժտուի որակաւոր ուսուցիչներով: Այս ծրագիրը ինքզինք հաստատած, ինքզինք ապացուցած ծրագիր է, մենք շատ լաւ արձագանգներ կը ստանանք ե՛ւ աշակերտներէ, ե՛ւ ծնողներէ, որոնց հետ կապի մէջ ենք: Այս երիտասարդ ուսուցիչները իսկապէս թարմ արիւն կը հաղորդեն հայկական դպրոցներու համապատասխան դասապահերու ծրագիրներու իրագործման:
Նաեւ զուգահեռաբար ունինք տնօրէն պատրաստելու` դպրոցական վարչագիտութեան մէջ մասնագիտացման ծրագիրը, եւ անոնք, որոնք այս ուղղութեամբ կը մտածեն կրնան դիմել մեզի: Տարբերութիւնը այն է, որ պէտք է ենթական BA ունենայ, որովհետեւ երկու տարի Հայկազեան համալսարանի մէջ մագիստրոսական ծրագրին պիտի հետեւի եւ ստանայ մագիստրոսի աստիճան: Այս ծրագիրը կը հովանաւորէ Կեդրոնական վարչութիւնը: Վերջերս մենք նաեւ մեր շրջաններուն ուշադրութեան յանձնեցինք, որ պատրաստ ենք օժանդակելու գեղարուեստի` թատրերգութեան, պարարուեստի, երաժշտական ղեկավարներ պատրաստելու աշխատանքին: Եթէ այս իմաստով թեկնածուներ գտնուին շրջաններէն ներս, Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է ուսուցչական եւ տնօրինական ծրագրին զուգահեռ, հովանաւորելու անոնց ուսումնառութիւնը հայրենիքի մէջ, որպէսզի մենք նաեւ սփիւռքահայ պարուսոյցներ, դերասաններ, բեմադրիչներ եւ այլ մարզերու մասնագէտներ ունենանք: Այս մէկը իբրեւ յաւելում` նախապէս սկսած այս ծրագրին:
«Ա.».- Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, ողջունելի է տեսնել, հայերէն գիրքերու կողքին, Արցախի նուիրուած ալպոմի մը: Գիրքերէ հեռացող այսօրուան աշխարհին մէջ ինչո՞ւ նման քայլեր կարեւոր են:
Զ. Ք.- Համացանցը եւ համացանցային ընթերցանութիւնը իր տեղը ունի, իսկ շօշափելի գիրքով կարդալու հաճոյքը անփոխարինելի է: Այս իմաստով, մենք կը գտնուինք հրատարակչական նոր շարքի մը նախաշեմին, արդէն իսկ ահաւասիկ Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ հայ թատրոնի մեծագոյն դէմքերէն Սօս Սարգսեանի նուիրուած Սերգէյ Առաքելեանի «Նահապետ» խորագրով հատորը, որուն շնորհահանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Զուգահեռաբար կը շարունակուին մեր հրատարակութիւնները, շատ շուտով տխուր, բայց կարեւոր գիրք մը լոյս կը տեսնէ, որուն վերնագիրն է «Արցախ` վտանգուած ժառանգութիւն», որ կ՛ընդգրկէ այս վերջին պատերազմէն ետք մեր կորսնցուցած Շուշիի, Հադրութի եւ այդ տարածքին մէջ գտնուող մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը, որ պատրաստուած է Սամուէլ Կարապետեանի Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին կողմէ: Այժմ այս ուղղութեամբ կը համագործակցինք նոյն հաստատութեան մէջ մասնագէտ Րաֆֆի Գորթոշեանի հետ: Գիրքը եռալեզու պիտի ըլլայ. յայտնեմ, որ նոյնիսկ պատրաստ էր ան, սակայն երբ կորսնցուցինք ամբողջ Արցախը, Արցախի կորուստով կորսնցուցինք նաեւ, օրինակի համար, Ամարասի եւ Գանձասարի նման արժէքաւոր կոթողներ, որոնք մնացին թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Հետեւաբար անմիջապէս որոշեցինք, որ այս հատորը դարձնենք երկհատորեակի եւ արդէն իսկ երկրորդ հատորի պատրաստութեան աշխատանքը սկսած է, եւ տարի մը ետք պիտի ունենանք երկհատորը:
Այնուհետեւ Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին հետ միասին այլ հրատարակութեամբ մը լոյս պիտի տեսնէ մշակոյթի եւ կրթութեան յատուկ փաստաթուղթեր: Արխիւագէտ Գոհար Աւագեանի աշխատասիրութեամբ, պիտի հրատարակուին Մատենադարանի շարք մը կարեւոր արցախեան փաստաթուղթեր, որոնք առհաւատչեայ են, թէ այդ բոլորը հայկական են: Մատենադարանի արխիւներէն առնուած այդ փաստաթուղթերը եւս լոյս պիտի տեսնեն եռահատորով, պիտի ըլլան պատմակշիռ ու մասնայատուկ կերպով ուղղուած գիտական ու քաղաքական շրջանակներու, լի` փաստացի տուեալներով, հարուստ` յատկապէս մշակութային եւ կրթական նիւթերով:
Անշուշտ կը շարունակուին «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրատարակութիւնները: Պէտք է ըսել, որ Համազգայինը ցարդ լոյս ընծայած է բազմահազար գիրքեր եւ այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ, հակառակ անոր որ ընթերցանութեան պահանջարկը կը նուազի, սակայն կը կրկնեմ, որ հակառակ այդ բոլորին` մենք պիտի շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր, որովհետեւ կը հաւատանք, որ թուայնացուած ընթերցանութիւնը երբեւէ չի փոխարիներ շօշափելի գիրքը:
Բայց եւ այնպէս կը փորձենք քայլ պահել ժամանակին հետ եւ այս պատճառով ունինք Համազգայինի «Ե-գրադարան»-ը, որուն ընդմէջէն գիրքերը թուայնացած տարբերակով հասանելի կ՛ըլլան երիտասարդութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան: Հոս եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութեամբ յիշել, որ շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան բարեշնորհութեան` կը թուայնացուին բազմաթիւ գիրքեր ու այսպիսով հարուստ եւ բովանդակալից կը դառնայ Համազգայինի «Ե-գրադարան»-ը:
(Շար. 2 եւ վերջ)