Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանոր

Յունուար 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Տարի մը աւարտեցաւ, եւ նորը սկսաւ արդէն։ Ձմրան եղանակը իր սառնութեամբ սկսաւ սրդողեցնել բոլոր անոնք, որոնք զանազան պատճառներով իրենց տան տաքուկ պատերէն դուրս կը գտնուին։ Այս էր պարագան հազիւ տասնութ տարիները բոլորած Հայկին, որ՝ համալսարանական առաջին կիսամեակը աւարտելով, դասընկերներուն կանխիկ Շնորհաւոր ամանոր կը մաղթէ եւ փարիզեան ճամբաներով կ՛ուղղուի տուն։

Հայկ քալած ատեն կը դիտէ ամէն տեղ զետեղուած կաղանդի զարդարանքները, լոյսերը, տօնածառերը, ձմեռ պապուկին օգնականները, սահնակը եւ եղնիկներու շարանը։ Վերջապէս՝ Փարիզը աշխարհահռչակ էր իր գեղեցկութեամբ եւ հմայքով, նամանաւանդ՝ Նոր տարուան շրջանին։ Փողոցները կը պսպղան հազարաւոր աստղանման լուսապսակներով, գերբնական հսկայութեամբ կառուցուած տօնածառերով եւ ծաղկեպսակներով։

Երիտասարդը կը հետեւի ամբոխին քայլերուն, միեւնոյն ժամանակ աչալուրջ ուսումնասիրելով անոնց դէմքին արտայայտութիւնները։ Տօնական մթլոլորտով հարբած, բոլորը անխտիր, զուարթ եւ ցնծուն ճառագայթներ կ՛արտացոլեն։ Այս համահունչ պատկերին մէջ միակ այլասեռ ազդակը ինքն էր։ Երբ բոլորը կ՛անցընէին ընտանեկան կամ ընկերային հաճելի ժամանակ, ան ոչ միայն առանձին կը թափառէր փարիզեան պողոտաները, այլ ցանկութիւն իսկ չունէր մարդոց ընկերակցութեան։ Բայց ինչո՞ւ։ Արդեօք ընտանիք եւ ընկերներ չունէ՞ր։ Ո՛չ։ Անոր ընտանիքը տունը անհամբեր կը սպասէր անոր վերադարձին։ Իսկ ընկերները զանազան ծրագիրներ ու ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, որպէսզի արձակուրդին ընթացքին հանդիպին ու զուարճանան։ Սակայն այս տարօրինակ պատանին ոչ կ՛ուզէր տուն երթալ, ոչ ալ տրամադրութիւն ունէր մասնակցելու ընկերներուն ձեռնարկներուն եւ երեկոներուն։ Անոր միտքը զբաղած էր աւելի ճնշող հարցերով։ Ուղեղին մէջ անդադար կը մտրակէին միեւնոյն հարցումները․- «Ինչպէ՞ս մոռնալ։ Ինչպէ՞ս հեռանալ»։

Անոր խելքն ու սիրտը վարակուած էին խո՜ր կսկիծով, լեցուած այնքան ցաւով ու վիշտով, որ բաւարար էր հասարակ պատանի մը վայրկեանական խելագարութեան հասցնելու։ Անոր տառապանքը նման էր սիրականի մը, որուն սիրելին վերջնականապէս լքած էր զինք՝ ապաստան գտնելով ուրիշին թեւերուն մէջ։ Գիտնալով, որ ան վերջին անգամ ըլլալով պարգեւուած է սիրահարին ներկայութեամբ, հասկնալով, որ վերջին անգամ
ըլլալով արտայայտած է իր սիրոյ խօսքերը, վերջին անգամ ըլլալով խոստովանած է իր անսահման սէրը անոր եւ իրեն նուիրած վերջին ծաղկեփունջը։ Բայց ինչպէ՞ս ընդունիլ այս բոլորը։ Երբ խելքն ու սիրտը տարբեր երգեր կ՛երգեն, ո՞ր մէկուն լսել։ Սակայն պատանին հոգւոյն խորքին վստահ էր, որ թշուառ բաբախող գահին միակ տէրն ու տիրականը կը մնայ միեւնոյնը՝ յաւիտեան։

Հակառակ իրեն տարեկից եւրոպացի ընկերներուն, Հայկի սրտի իշխանուհին լոկ մահկանացու աղջիկ մը չէ։ Անոր սիրտը կը բաբախէր ուրիշ գոյութեան, տարբեր գաղափարի համար։ Ան լեցուած էր Արցախեան ցաւով։ Երիտասարդը դադար չունէր․ գիշերն ու ցերեկը իրար խառնած, խորհրդաւոր մտածումներով կը ծրագրէր, իր շուրջ կը համախմբէր իրեն նման երիտասարդներ, որոնք նոյնպէս մտահոգ էին արցախեան իրադարձութիւններով եւ կը բաժնեկցէին իրենց մտահոգութիւնները։ Երկա՜ր նիստեր գումարած, կը լուսաբանուէին, կը վիճաբանէին ու այս բոլորը՝ նպատակ ունենալով միեւնոյն տեսլականը․

«Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»։

Բայց այսօր որքա՜ն հեռու կը թուի այդ տեսլականը։ Որքա՜ն անհասանելի, որքա՜ն անիրագործելի։ Յուսահատութեան հոսանքով տարուած երիտասարդը դարձեալ նոյն հարցումներով կը տանջուի։ «Ինչպէ՞ս յանձնել հայրենիքը։ Ինչպէ՞ս ուրանալ մայրենի հողը։ Ինչպէ՞ս դարձեալ գլուխ ծռել թուրքին»։

Ան մտամոլոր կը դեգերի փարիզեան լայն ու լուսաւոր պողոտաները՝ սրտնեղութեամբ եւ մութ մտքերով տանջուած։ Կը հասնի այն եզրակացութեան, որ այլեւս միայն դատապարտել բաւարար չէ։ Բաւարար չէ միայն խօսիլ, միայն ազդարարել, միայն լռել։ Ալ պէտք է հայոց ձայնը լսելի դարձնել, պարտադրել յարգանք եւ վախ, որ կարելի է միայն ուժով։ Բայց ի՜նչ ընել։ Ինչպէ՞ս իրականացնել այս իղձը։ Մտածումներու մէջ կորսուած, Հայկ ինքնաբերաբար կը սկսի մրմնջել մեղեդի մը, յստակ եւ հաստատուն ոճով, ապա ատելութեամբ լի աչքերէն արտասուքի կաթիլ մը հոսելով կ՛արտասանէ հետեւեալ խորհրդաւոր բառերը․-

«Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր»․․․։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (5 Յունուար 2024)

Յաջորդը

«Համազգայինի Գործունէութիւնը Շատ Տարողունակ Է, Որովհետեւ Համազգայինը Կը Գործէ 19 Շրջաններով, Եւ Ուրախալի Է Հաստատել, Որ Ա՛յս Է Համազգայինի Հարստութիւնը», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեան

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?