ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Իրանի հետ երկարատեւ ճակատումի` շեշտելով, որ իր երկիրը իրանեան բարձր մակարդակով հարստացուած իւրանիոմէն ձերբազատուելէ եւ իւրանիոմի հարստացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ ինքզինք պատերազմին մէջ իր ռազմավարական նպատակները իրագործած պիտի չնկատէ:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան նպատակներու իրագործումը կը պահանջէ բարձր մակարդակով հարստացուած իւրանիոմի թղթածրարի կարգաւորում եւ իրանեան հարստացման աշխատանքներու ապագայի վերաբերեալ փոխըմբռնման գոյացում:
Անդրադառնալով լիբանանեան թղթածրարին` ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց. «Ժամանակն է, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը (ՖԻՆԻՒԼ) հեռանան Լիբանանէն»:
«Ֆրանսայի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ Լիբանանի մէջ սպասուող խաղաղութեան պահպանման հաւանական ձեւին շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարենք», ըսաւ Ուալց:


