Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անան Մակ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուց Սուրիոյ Տագնապին Հարցով Իր Զեկուցումը

April 3, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ գիշեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց իր զեկուցումը` խնդրելով իր ծրագիրին գործադրութեան համար ժամանակացոյց մը ճշդել: Ան յայտնեց, որ գետնի վրայ բռնարարքներու կասեցման առումով յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած` նշելով սակայն, որ սուրիական կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ բռնարարքները ամբողջովին դադրին 10 ապրիլին, որմէ ետք ալ Անանի ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի սկսի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն է, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը կը սերտէ եւ ոչ թէ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը` աւելցնելով, որ «Ռուսիա ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին բարեկամը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ միայն մէկ բաժինին, ինչպէս կ՛ընէ Արեւմուտքը»:

Լաւրով ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութենէն երկու պատուիրակութիւններ մօտ օրէն Մոսկուա պիտի այցելեն: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Ռուսիա կը մերժէ Սուրիոյ հարցով Անանի ծրագիրին մէջ որեւէ պայմանաժամ կամ զգուշացում»:

Լաւրով նշեց, որ Դամասկոս պէտք է առաջին քայլերը առնէ եւ իր ուժերը հեռացնէ, սակայն այդ քայլերուն զինեալ ընդդիմութեան կողմէ եւս քայլեր պէտք է ընկերակցին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին ընթացքին սուրիական զինեալ ընդդիմութեան գումակային աջակցութիւն ցուցաբերելու գծով մտադրութիւններն ու հաստատումները «անվիճելի կերպով կը հակասեն տագնապի խաղաղ լուծման նպատակներուն»` աւելցնելով, որ «բռնարարքներու կասեցման համար առաջնահերթութիւնը կը շարունակէ Անանի ծրագիրը մնալ», իսկ Անանի ծրագիրը գործադրելու համար ներկայիս շատ կարեւոր է առանց բացառութեան բոլոր կողմերուն աջակցելուն վրայ կեդրոնանալ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Եորք Մոնթանի Սուրիա պիտի այցելէ` զինադադար հաստատելու հարցը քննարկելու համար: «Ռոյթըրզ» նաեւ նշեց, որ Կարմիր խաչը սուրիական վարչակարգէն կը պահանջէ ձերբակալեալներուն այցելութեան արտօնութիւն շնորհել:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղի «Սմերլիվիյ» մարտանաւը պիտի հասնի Սուրիոյ ափերուն մօտ: Կը նախատեսուի, որ նշեալ մարտանաւը Թարթուսի նաւահանգիստ այցելէ: Նշեալ նաւուն Միջերկրական ծով ուղղուելուն մասին նախապէս յայտնած էր սեւծովեան նաւատորմիղի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պետ Վիաչեսլաւ Թրուխաչեւ, սակայն օրին մանրամասնութիւններ չէր ներկայացուցած:

Միւս կողմէ, երէկ Դամասկոսի Մարժա շրջանին մէջ գտնուող «Քինտա» պանդոկին մօտ ձայնային ռումբի մը պայթումին պատճառով չորս վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Նախորդը

Տոլմապահչէի Մէջ Էրտողան Քլինթընի Հետ Հանդիպում Մը Ունեցած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.