Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կը շարունակուին բուռն թափով:
Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Խիամ, Մասլախ, Ապու Լապան, Իքլիմ Թուֆֆահ, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ, Համամեսի բարձունքներ, Խրայպէ, Ռաշայա Ֆըխխար, Հուլա, Մերժահիուն, Տհայրա, Տըպըլ եւ Հանին շրջանները:
Պէտք է աւելցնել, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց մայրաքաղաք Պէյրութի եւ Քեսրուանի վերեւ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն յայտարարեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պէտք է հասկնայ, որ յաջորդ թիրախը ինքն է, եթէ Հըզպալլա Լիթանիի հիւսիսային կողմը չփոխադրուի:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց հաստատեց, որ Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանի կացութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ի գործ դրուող դիւանագիտական ճիգերը սկսած են սպառիլ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը քաղաքական հեղինակութիւններուն յայտնեց, թէ 2024-ը պիտի ըլլայ պատերազմի տարի` նոյնիսկ Լիբանանի դէմ:
27 դեկտեմբերի երեկոյեան Դիմադրութիւնը 30 հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Նշենք, որ Հըզպալլայի երեք անօդաչու թռչող սարքեր խզեցին Լիբանանի հետ սահմանը եւ ինկան Ժապալ Ռուս շրջանին մէջ:
Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց Մազարեհ Շեպաայի իսրայէլեան Սըմմաքա դիրքը` պատճառելով մարդկային վնասներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը իսրայէլեան Հունին դիրքին վրայ` պատճառելով վիրաւորներ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հետ Բախումներ
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախանցեալ գիշեր Թիպէի մէջ արձանագրուած է յարձակում մը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ` անծանօթ երիտասարդներու կողմէ. այդ յարձակումին պատճառով վիրաւորուած է խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ինտոնեզիացի զինուոր մը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ խաղաղապահ ուժերուն վրայ գործուող յարձակումը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի եւ լիբանանեան օրէնքի խախտում է:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց ամբողջական ու արագ հետաքննութիւն բանալու այս իմաստով եւ յանցագործները յանձնելու Արդարութեան պալատին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերը կը շարունակեն խաղաղապահ իրենց առաքելութիւնը` հսկելով կայունութեան եւ հակակշռելով ապահովական որեւէ մագլցում:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Քֆարքիլայի մէջ խումբ մը երիտասարդներ արգիլեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ֆրանսական ջոկատին երթեւեկը` ստիպելով, որ ֆրանսացի զինուորներէ բաղկացած շրջուն ջոկատը հեռանայ:


