Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիւնիի Ճոպանուղիին Վրայ Արձանագրուեցաւ Արկած Մը

December 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճիւնիի ճոպանուղիին վրայ երէկ արձանագրուեցաւ արկած մը, երբ ճոպանուղիի երկու վակոնները իրարու բախեցան եւ պատճառ դարձան, որ շուրջ 20 հոգի ժամերով օդին մէջ կախուած մնան` իրենց օգտագործած վակոններուն մէջ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին փրկելու քաղաքայինները, որոնք բանտարկուած մնացին այդ վակոններուն մէջ:

Աւելի ուշ լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ ուղղուեցան Ճիւնիի ճոպանուղիին վայրը` մասնակցելու համար փրկարար աշխատանքներուն:

Ճոպանուղիի տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ դէպքը պատահած է թեքնիք խանգարումի մը պատճառով:

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար ուղղուեցաւ Ճիւնի, ուրկէ ան յայտարարեց, որ իրենք կազմ ու պատրաստ են ապահովելու ճոպանուղիին վրայ գտնուող քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը` հաստատելով, որ կարեւորագոյնը հաշուետուութիւնն է:

Նասսար կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին մեղմացնելու ժխտական կէտերը եւ կեդրոնանալու միայն դրականին վրայ` յօգուտ զբօսաշրջութեան մարզին:

Նասսար նշեց, որ կարեւորը ժողովուրդին ապահովութիւնն է եւ զանոնք դուրս բերելը` մայրամուտէն առաջ:

Ճիւնիի քաղաքապետ Ժոուան Հըպէյշ յայտնեց, որ ճոպանուղիի արկածը թեքնիք խանգարումի պատճառով է` աւելցնելով, որ ճոպանուղին կանոնաւոր դրութեամբ կը ստուգուի, եւ անոր վրայ նորոգութիւններ կը կատարուին:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու փոխտնօրէն Ռիմա Մըր յետմիջօրէին հաստատեց, որ փրկարար աշխատանքները կը շարունակուին, եւ 25 հոգիէն 15-ը արդէն իսկ կարելի եղած է փրկել: Ան աւելցուց, որ մնացեալ տասը քաղաքայինները եւս կարելի պիտի ըլլայ դուրս բերել ճոպանուղիի վակոններէն:

 

Նախորդը

Պայսարի Այցելեց Նապաթիէ

Յաջորդը

Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները Կը Սաստկանան, Իսկ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Ռմբակոծումները Բուռն Կերպով Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.