Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ճա Մըրենթ 31 Կէտ Նշանակելով Կ՛առաջնորդէ Մեմֆիսը

December 28, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ճա Մըրենթ, որ այս տարեշրջանի իր 4-րդ մրցումը կը կատարէր, 31 կէտ նշանակելով իր խումբը առաջնորդեց 116-115 արդիւնքով յաղթանակի` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի վրայ:

Արդարեւ, յաջորդական 4-րդ մրցումը ըլլալով Մեմֆիս Կրիզլիզ յաղթանակ կ՛արձանագրէ մանաւանդ Մըրենթի վերադարձով: Մրցումը վերջ գտաւ 103-103 արդիւնքով:

Մրցումը շատ հետաքրքրական էր, եւ Մեմֆիս կրցաւ 2-րդ կիսախաղի վերջերուն 15 կէտով ետ մնալով հանդերձ հաւասարիլ եւ պարտադրել յաւելեալ 5 վայրկեաններ:

Տեզմընտ Պէյն նշանակեց 27 կէտ, որոնց կարգին 3 կէտեր վերջին վայրկեանին բնական ժամանակէն, երբ 15 կէտ էր տարբերութիւնը: Ան նշանակեց նաեւ ազատ հարուածներ յաւելեալ ժամանակին` 4 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով, երբ 4 երկվայրկեան կար երկարաձգման աւարտին:

Նշենք, որ Մըրենթ, որ անցեալ շաբաթ վերադարձած էր նոյնինքն Նիւ Օրլինզի դէմ, ընտրուեցաւ շաբթուան լաւագոյն մարզիկը (արեւմտեան շրջանի)` նշանակելով միջին հաշուով 28,8 կէտ, 25 մրցումով կախակայուելէ ետք «Էն. Պի. Էյ.»-էն, 2 անգամ զէնքով վիտէօներ ցուցադրելու յանցնաքով ընկերային ցանցերու վրայ:

Ճերըն Ճեքսըն 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մեմֆիսի: Զայըն Ուիլիըմսըն 23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Փելիքընզի, որուն աստղերէն Պրենտըն Ինկրամ (24 կէտ), Եոնաս Վալանսիոնաս (17 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Սի. Ճէյ. Մըքոլըմ (16 կէտ) փայլեցան:

Օքլահոմայի մէջ, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 129-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թանտըրէն: Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր նշանակեց 34 կէտ, Ճէյլըն Ուլիըմզ աւելցուց 21 կէտ ի նպաստ Օքլահոմա Սիթիի, որ 18 կողով նշանակեց 3 կէտի սահմանէն: Չեթ Հոլմկրըն եւ Լու Տորթ աւելցուցին 20 կէտ ի նպաստ Թանտըրի, որ 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց 9 պարտութեան կողքին` Մինեսոթային ստիպելով 24 թըրնովըրներ, որոնք առաջնորդեցին 23 կէտերու:

Անթոնի Էտուըրտս 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, մինչ Մայք Քանլի (17 կէտ) եւ Քարլ Անթոնի Թաունզ (16 կէտ) եղան քիչ մը աւելի նուազ մակարդակով:

Ինտիանա Փոլիսի մէջ, Ինտիանա Փէյսըրզ 123-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսթըն Ռոքեթցը: Թայրիս Հալիպըրթըն 33 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ինտիանայի:

Շիքակօ Պուլզ 118-113 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի: Անտրէ Տրամընտ 24 կէտ եւ 25 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ Թրէյ Եանկ 21 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Աթլանթայի, որ 18-րդ պարտութիւնը կրեց 30-րդ մրցումին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք 119-127
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց 112-118
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ 118-130
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 129-106
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 115-116
Հիւսթըն Ռոքեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 117-123
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս 118-113
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 130-113
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 113-104

Նախորդը

Ըստ «Այ. Էֆ. Էֆ. Էչ. Էս.»-ի. Հաալանտ` 2023-ի Աշխարհի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Յաջորդը

«Փրեմիըր Լիկ». Եունայթըտի «Քամպեքը» Եւ Նունիեսի «Ծոմը»

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.