ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ վրացական «Առաջին ալիք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինան` նշելով, որ ՕԹԱՆ-ը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը:
«Իմ կարծիքովս, Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը իսկապէս հիմնարար խնդիր է ոչ միայն այն աշխատանքի ծիրին մէջ, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛ընէ Վրաստանի մէջ, այլ նաեւ այն ծիրին մէջ, որ կրնայ ապահովուիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման իբրեւ արդիւնք», ըսած է Քոլոմինա:
Երեւան յայտարարած է, որ կը բազմազանեցնէ իր անվտանգային քաղաքականութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՕԹԱՆ-ի հետ մերձեցման հարցին մէջ Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը կը տեսնէ՞, Քոլոմինա ըսած է. «Իմ կարծիքովս, Հայաստանը շատ յստակ որոշում տուած է փոխելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Մոսկուայի հետ յարաբերութեան մէջ ինքզինք հեռու պահելու: Մենք ալ ատիկա ողջունած ենք: Հայաստանի քաղաքացիները որոշումներ տալու ազատութիւնը ունին եւ անոնք այդպէս որոշած են:
«Իմ կարծիքովս, Հայաստանը արդէն սկսած է մերձենալ մեզի (ՕԹԱՆ-ին): Անոնք կը պահանջեն աւելի շատ համագործակցութիւն, աւելի շատ քաղաքական երկխօսութիւն եւ ՕԹԱՆ-ի աւելի մեծ ներկայացուածութիւն: Մենք կ՛ողջունենք մեր գործընկերներու որոշումները` ի շահ շրջանի կայունութեան, ատիկա մեզի համար շատ կարեւոր է»:


