Անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ անծանօթներ հրկիզեցին Մար Ժաուորժիոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող տօնածառը:
Զահիրիէ շրջանին մէջ զարդարուած այս տօնածառը քոքթէյլ մոլոթովներով ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ:
Դէպքին վայրը հասան ապահովական եւ զինուորական կառոյցներու խմբակները եւ անմիջապէս հետաքննութիւն բացին դէպքին մասին` բացայայտելու համար յանցագործները:
Քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնները իրենց կարգին մերժեցին այս արարքը` նկատել տալով, որ անիկա հեռու է Թրիփոլիի աւանդներէն, ինչպէս նաեւ ընդգծելով, որ Թրիփոլիի բնակիչները կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան:
Նոյն հեղինակութիւնները հաստատեցին, որ այս դատապարտելի արարքը կատարողները Թրիփոլիի բնակչութեան ծանօթ չեն:
Իր կարգին, Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ դատապարտեց Զահիրիէի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տօնածառի հրկիզումը` աւելցնելով, որ Թրիփոլի ազգային միասնականութեան երկիր է եւ անոր պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին:
Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի խստիւ դատապարտեց տօնածառին հրկիզումը` ընդգծելով, որ տօնածառը հրկիզողները Թրիփոլիին չեն պատկանիր:
Երեսփոխան Ժամիլ Ապպուտ իր կարգին դատապարտեց տօնածառի հրկիզումը` ընդգծելով, որ ինչքան ալ փորձեն Թրիփոլիի պատկերը աղաւաղել կամ փոփոխութեան ենթարկել, անոնք պիտի չյաջողին նման բան կատարել:
Երեսփոխան Էլի Խուրի դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ տօնածառին հրկիզումը` ընդգծելով, որ այդ քաղաքը պիտի մնայ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն գոյակցութեան քաղաքն ու խորհրդանիշը:
Մուսթաքպալ հոսանքի Թրիփոլիի մասնաճիւղը խստիւ դատապարտեց պատահածը` շեշտելով հետեւեալը. «Թրիփոլի կը դատապարտէ տօնածառին հրկիզումը»:
«Թրիփոլիի համար աշխատանքի խմբաւորում»-ի համադրող Խալտուն Շերիֆ հաստատեց, որ տօնածառի հրկիզումը համայնք մը չէ, որ թիրախ կը դարձնէ, այլ ամբողջ քաղաքը:




