Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 27, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

20 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցին

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Մռաւի լանջին հերոսաբար զոհուած դաշնակցական Կիմ Խաչատրեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու 20 նորագիրներու երդման արարողութիւն:

Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան գրած է հետեւեալը. «Այսօր Արենիի մէջ էինք: 20 նորագիր, կնքահայրութեամբ Հայ դատի մարտիկ Համբիկ Սասունեանի, Կիմ Խաչատրեանի շիրիմին մօտ տուին դաշնակցական երդում` թէկուզ կեանքի գնով ծառայել հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին, եւ անդամագրուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին: Ինչպէս իր երդման հաւատարիմ` 44-օրեայ պատերազմին դաշնակցական գումարտակի կազմին մէջ իբրեւ կամաւոր` առաջնագիծ մեկնեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ, ապագայ բժիշկ Կիմ Խաչատրեանը եւ կեանքը նուիրեց հայրենիքին, Արցախին: Առաջին անգամ Կիմի շիրիմին երդման արարողութեան մասնակցած էի իբրեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան գործիչ, իսկ այս անգամ` իբրեւ այս երկու մարզերու Գերագոյն մարմինի պատասխանատու: Երբ առաջին անգամ` 2020 թուականին, այստեղ կ՛ընդունէինք «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նորագիրներու երդման արարողութիւնը, Արցախը թէեւ` վիրաւոր, բայց կանգուն էր, եւ Կիմի հայեացքին ներքեւ, ընկերներով իրարու լուռ նայելով, կարծես թէ լռութեամբ իրար խոստանայինք, որ մեր կողմէ ամէնէն արժանի ընծան` մեր ընկերոջ յիշատակին ու մեր ընկերութեանը, ազատագրուած Արցախն է իր ամբողջական տեսքով: Եւ օր մը մենք պէտք է այդ կարգավիճակով ներկայանանք մեր ընկերոջ դատին: Տարիները անցան, մեզ ու մեր հայրենիքին աւելի մեծ փորձութիւններ բաժին ինկան, եւ այսօր արդէն շատ աւելի ծանր ու խճճուած վիճակի մէջ, կրկին մարդիկ եկան մեզի համար սրբատեղի դարձած մեր ընկերոջ շիրիմին` Դաշնակցութեան անդամագրուելու:

Անձնապէս շատ բարդ ու դժուար զգացողութիւններ ունէինք բոլորս: Այս զգացողութիւններուն մէջ նաեւ կը զգայինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նոյնիսկ գերեզմանէն պայքարիլ հայրենիքի արժանապատուութեան համար, եւ այդ պայքարին վառ օրինակը դուն ես, ընկե՛ր ջան… Քեզմէ մեզի մնացած անաւարտ պայքար, իսկ մեզմէ քեզի իբրեւ պարտք` ազատ եւ անկախ Արցախ կերտելու յարատեւ պայքար… Շատ դժուար է, ընկե՛ր ջան, բայց ինչպէս դուն կ՛ըսէիր. «Բախտը մէկն է զինուորին. կա՛մ մահ, կա՛մ ազատութիւն…»»:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Պատանեական Միութեան Առաջին Ընկերային Ձեռնարկը

Վերջերս Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ արցախեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Արցախի տարբեր շրջաններէ աւելի քան 50 պատանիներ:

Յայտագիրին ընթացքին պատանիները կարելիութիւն ունեցան իրարու հետ ծանօթանալու, խաղալու, երգելու եւ ճաշակելու արցախեան ուտելիքներ: Ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ:

Հաւաքի աւարտին ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ պատանիները նուէր ստացան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:

Այսպիսով, ստեղծուած նոր պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութիւնը կ՛առաջարկէ դառնալ նոր հարթակ` արցախցի պատանիները միաւորելու եւ անոնց համար հարազատ ու անմիջական մթնոլորտ ստեղծելով`  զանոնք տիրող իրավիճակէն որոշ չափով անջատելու:

Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ Արցախահայութեան Ուղղուած Օգնութեան Առաջին Բեռնաքանակը Հասաւ Հայաստան

Հայաստան հասաւ Թեհրանի հայոց թեմին կողմէ արցախահայութեան ուղղուած օգնութեան առաջին բեռնաքանակը: 17 թոն բեռը կը ներառէ մաքրութեան պարագաներ, սննդեղէն ու կաթսաներ: Վառարաններ ու մաքրութեան պարագաներ ներառող երկրորդ բեռնաքանակը կը գտնուի մաքսատան մէջ` թղթաբանութեան փուլի մէջ:

«Yerkir.am»-ը այցելեց Հայ օգնութեան միութեան պահեստներէն մէկը, ծանօթացաւ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն եւ վերջին ստացած բեռնաքանակին:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան ներկայացուց անցնող ամիսներու ընթացքին իրականացուած աշխատանքները` նշելով, որ հասցուցած են օգնութիւն տրամադրել Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ բնակող Արցախի շուրջ 7 հազար ընտանիքի: Օգնութեան ծրագիրը իրականացուեցաւ քանի մը փուլով: Օգնութեան այս բեռնաքանակը ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին մինչեւ Ամանոր:

Արցախահայութեան օժանդակելու Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կեանքի կոչած յանձնախումբի ատենապետ Ալֆրետ Քէշիշեան յայտնեց, որ տեղահանուած արցախահայութեան կարիքները ճշդելու համար նախ կապ հաստատած են Հայաստանի Կարմիր խաչի, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) հետ` յստակացնելու համար անհրաժեշտ առաջնային կարիքները: Յետոյ որոշած են օգնութիւնները կեդրոնացնել վերմակներու, ծածկոցներու եւ տաք հագուստներու, ինչպէս նաեւ ելեկտրական վառարաններու գնման վրայ: Առաջին բեռնաքանակին մէջ, ծածկոցներէն բացի, կան նաեւ սննդեղէն եւ կաթսաներ: Ան տեղեկացուց, որ երկրորդ բեռնաքանակին մէջ ներառած են մաքրութեան պարագաներ եւ ելեկտրական վառարաններ, իսկ երրորդ բեռը ամբողջութեամբ պիտի ըլլայ վառարաններ:

ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետ Մելանիա Բալայեան երախտագիտութիւն յայտնեց` սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, ՀՕՄ-ին, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներուն եւ իրանահայ համայնքին:

«Հալէպ» Կազմակերպութիւնը Կազմակերպեց Ամանորեան Ձեռնարկ`Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Երեխաներուն Համար

«Հալէպ» հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը 16 դեկտեմբերին կազմակերպեց ամանորեան ձեռնարկ` Արցախէն բռնի տեղահանուած մանուկներուն եւ «Արեւիկ-Հայաստան» յատուկ կարիք ունեցող երեխաներու կեդրոնի սաներուն համար:

«Հալէպ» հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները մանուկներուն համար կազմակերպեցին հետաքրքրական եւ ժամանցային ծրագիր, որ անոնց կարելիութիւն ընձեռեց մասնակցելու տարատեսակ խաղերու եւ վայելելու համեղ ուտեստներ: Ձեռնարկի աւարտին մանուկներուն այցելեց Կաղանդ պապան եւ փոքրիկներուն տուաւ նուէրներ:

«Հալէպ» հասարակական կազմակերպութիւնը  ամէն տարի Ամանորի նախաշեմին կ՛իրականացնէ տարատեսակ մարդասիրական նախագիծներ` կազմակերպութեան շահառու ընտանիքներուն համար: Ծրագիրներէն մեկը ամանորեան ձեռնարկն է մանուկներուն համար: Մենք ուրախ ենք, որ Ամանորի նախաշեմին կարողացանք նաեւ ջերմութիւն փոխանցել բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներու մանուկներուն: Այս ձեռնարկին իրականացումը կարելի դարձաւ Պասմաճեան, Չեմպերճեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներու բարի կամքի դրսեւորման շնորհիւ», նշեց «Հալէպ» հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Անի Պալըխեանը:

Յայտնենք, որ «Հալէպ» հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը մարդասիրական է: Ան տարիներ շարունակ աջակցած է սուրիական հակամարտութեան պատճառով Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն: Վերջին տարիներուն կազմակերպութեան ծրագիրներու շահառուներ կը հանդիսանան նաեւ Հայաստան տեղափոխուած լիբանանահայերը եւ 2020 թուականի պատերազմի ու 2023 թուականի բռնի տեղահանման պատճառով Հայաստան հաստատուած արցախահայերը:

«Forbes» Լուսարձակի Տակ Կ՛առնէ «Ահաբեկչութեամբ» Ամբաստանուող Ռուբէն Վարդանեանի Բարերարութիւնը

«Ահաբեկչութեան աջակցելու մեղադրուող Ռուբէն Վարդանեան ինչի՞ վրայ ծախսած է իր  գումարները» վերնագիրով յօդուածով մը ամերիկեան «Forbes» տնտեսական թերթը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Վարդանեանին իրագործած բարեգործական ծրագիրներուն: «Ազրպէյճան Ռուբէն Վարդանեանը կ՛ամբաստանէ ահաբեկչութեան աջակցելու, ապօրինի զինուած խմբաւորումներ կազմելու եւ սահմանը խախտելու մեղադրանքներով: «Forbes»-ը կը ներկայացնէ այն հիմնական ծրագիրները, որոնց ուղղութեամբ Վարդանեան գումարներ ծախսած է», կը գրէ թերթը` ցոյց տալով, որ ենթակային նախաձեռնութեամբ իրագործուած ծրագիրները կապ չունին ահաբեկչութեան հետ:

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Վարդանեանին ձեռնարկած  կրթական, զբօսաշրջութեան եւ ենթակառուցային, մարդասիրական, ինչպէս նաեւ ընկերային մեծ ծրագիրները, մասնաւորապէս` «Տաթեւեր վերածնունդ»-ը, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի (UWC Dilijan) ծրագիրը եւ «Օրորա» մարդասիրական միջազգային նախաձեռնութիւնը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Վարդանեանին ընտանիքը եւ անոր գործընկերները 2001-2023 շուրջ 700 միլիոն տոլար արժող ներդրում կատարած են Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական աշխարհին մէջ: Տնտեսական զարգացման բնագաւառի ներդրումներէն բացի` շուրջ 430 միլիոն տոլար ուղղուած է` կրթական ծրագիրներու (202 միլիոն), մարդասիրական նախաձեռնութիւններու (68 միլիոն), մշակոյթի եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ի նպաստ (20 միլիոն), զբօսաշրջութեան ծրագիրներու միջոցով տարածքներու զարգացման եւ ենթակառուցային ծրագիրներու (108 միլիոն), գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան եւ գիւղատնտեսական-բնապահպանական ծրագիրներու (13 միլիոն):

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի նաեւ վերոնշեալ հսկայական ծրագիրներու ազդեցութիւնը.

– UWC Dilijan-ը, որ «Միացեալ համաշխարհային քոլեճներ (UWC)» ցանցին անդամ է եւ արդէն 820 շրջանաւարտներ ունի: 160 հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ նաեւ միջազգային կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ունեցած են դպրոցին` UWC անդամակցութեան շնորհիւ: Ուսանողներուն 74 տոկոսը մասնակի կամ ամբողջական կրթաթոշակ ստացած է: 2016-ին Դիլիջանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ուսումնառու քաղաքներու համաշխարհային ցանցին մէջ:

– Անդրադառնալով «Տաթեւեր վերածնունդ»-ին` կը նշուի, որ անոր հիմնական նպատակը զբօսաշրջութեան ծրագիրներու միջոցով տեղւոյն բնակչութեան կեանքի որակի բարելաւումն է: Այժմ արդէն Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր հինգ զբօսաշրջիկներէն մէկը իր ծրագիրին մէջ կ՛ընդգրկէ «Տաթեւեր» ճոպանուղին:

– «Օրորա»-ի ծիրին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերուած է 427 ծրագիրներու, որոնցմէ օգտուած են առաւել քան 3,2 միլիոն անձեր: Թերթը կը նշէ, որ նախաձեռնութիւնը ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: Անիկա կ՛աջակցի կրթական եւ մարդասիրական ծրագիրներու, կը պահպանէ հայկական ժառանգութիւնը` յարգելով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողները փրկողներու յիշատակը:

Թերթը կ՛անդրադառնայ նաեւ 2008-էն ի վեր Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ Արցախի մէջ իրագործուած ընկերային, բարեսիրական, մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրներուն` նշելով, որ ընդհանուր ներդրումները կը հասնին շուրջ 8 միլիոն տոլարի:

Netflix-ի Եւ Երկու Այլ Ընկերութիւններու 3 Ժապաւէններ Հայաստանի Մէջ Պիտի Նկարահանեն Հայ Մասնագէտները

«Հայաստանի հանրային ռատիօ»-էն կը հաղորդեն, որ Հայաստանի մէջ նոյն ատեն պիտի պատրաստուին արտասահմանեան 3 ժապաւէններ, որոնցմէ մէկը Netflix-ի երկար ֆիլմաշարն է: Հակառակ անոր որ նիւթի առումով անոնք Հայաստանի հետ որեւէ կապ չունին, սակայն անոնց նկարահանումները ամբողջութեամբ պիտի կատարուին Հայաստանի մէջ: Ֆինանսական ներդրումներ ենթադրող այս նախագիծներուն իրականացման համար արդէն համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան եւ ֆիլմարտադրող հայաստանեան եւ արտասահմանեան ընկերութիւններուն միջեւ:

Ոլորտին մէջ գործողները վստահ են, որ Հայաստան արտասահմանցի շարժապատկերի գործիչներուն համար գրաւիչ դարձած է յատկապէս «Կինեմատոգրաֆիայի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ վերջերս կատարուած փոփոխութիւններէն ետք:

Շարժապատկերի գործիչ Արման Նշանեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը ներկայիս 3 ժապաւէններու` Հայաստանի մէջ նկարահանման շուրջ կը բանակցի Netflix-ի, գերմանական եւ ամերիկեան ընկերութիւններու հետ:  Հայաստանի մէջ նկարահանուելիք այս ժապաւէններուն արտադրութիւնը պիտի կատարեն հայ մասնագէտներ: Ըստ անոր, այսպիսի միտք մը սկիզբ առաւ, երբ իր հրաւէրով գերմանացի յայտնի դերասան, շարժապատկերի արտադրիչ Թիլ Շուայկըր եկաւ Հայաստան եւ որոշեց իր ժապաւէնները անպայման Հայաստանի մէջ նկարահանել:

Խօսելով ժապաւէններու նիւթերուն մասին` Նշանեան ըսաւ. «Ժապաւէններէն երկուքը գեղարուեստական են. անոնցմէ մէկը կռուող աղջկան մը մասին իրական պատմութիւն է, դէպքերը տեղի կ՛ունենան Պերլինի եւ Սարայեւոյի մէջ, միւսը աշխարհի վերջի մասին բազմաթիւ մասերէ բաղկացած ֆիլմաշար մըն է, իսկ միւսը կրկին Պերլինի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեան մասին է եւ կը պատմէ, թէ հերոսները ինչպէ՛ս մէկ երեկոյի ընթացքին փողոցներու մէջ կը վերացնեն չարիքները: Կոպիտ ըսած` 3 ժապաւէններն ալ բեմագրութեամբ եւ բովանդակութեամբ Հայաստանի հետ կապ չունին, բայց մենք կրցանք այնպէս ընել, որ այս նախագիծները գան ու Հայաստանի մէջ նկարահանուին»:

Նշանեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծ ժապաւէններ նկարելու հսկայ ուժականութիւն ունի: Առաջին անգամ չէ, որ արտասահմանցի շարժապատկերի գործիչները կու գան եւ տպաւորուած կը հեռանան: Հայաստանի մէջ Նշանեանի ղեկավարած People of Ar եւ Ava films ընկերութիւնները կը զբաղին այս ժապաւէններու արտադրական գործընթացով:

«Իրենք պիտի գան իրենց գեղարուեստական «կորիզով»: Իրենց հաւանաբար պիտի ընկերակցին բեմադրիչը, նկարահանման ղեկավարը եւ նկարիչը, որ պիտի աշխատի մեր նկարիչներու խումբին հետ: Այսինքն նկարահանող խումբը պիտի կազմուի հայաստանցի մասնագէտներէ. 100 հոգինոց խումբէն երեւի 4-10-ը պիտի ըլլան արտասահմանցի մասնագէտները», ըսաւ ան:

Ժապաւէն արտադրողներու համար Հայաստան ո՛չ միայն մասնագիտական, այլ նաեւ գործարարական տեսանկիւնէ գրաւիչ առաջարկներ ունի:  Ըստ «Կինեմատոգրաֆիայի մասին» օրէնքին մէջ վերջերս կատարուած փոփոխութիւններուն, պետութիւնը իրականացուած ներդրումներուն 10-40 տոկոսը կը վերադարձնէ ֆիլմարտադրողներուն:

«Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»-ի տնօրէնի պաշտօնակատար Շուշանիկ Միրզախանեան յայտնեց, որ Netflix-ի, գերմանական եւ ամերիկեան ընկերութիւններու միանգամայն 3 նախագիծները առաջին հերթին Հայաստան ներգրաւած է ինքնին այս առաջարկը, յետոյ նաեւ` Հայաստանի մէջ զանազան տեսակի նկարահանումներ ընելու կարելիութիւնները:

«Եթէ մասնագիտօրէն նայինք, ապա Հայաստանը ունի տարուան 4 եղանակներ, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն նոյն ժամանակահատուածին, օրինակ, Մեղրիի մէջ նկարահանել ամառնային տեսարաններ, իսկ քանի մը ժամ ետք Արագածի փէշերուն` ձմեռնային տեսարաններ, իսկ Սեւանի մէջ` որեւէ ծովափային պատկերներ: Վերջին 5 տարիներուն մենք ունեցանք միացեալ արտադրութիւններ` ֆրանսական, ամերիկեան, պելճիքական ընկերութիւններու հետ, ու ես չեմ յիշեր նոյնիսկ մէկ դէպք, որ անոնք Հայաստանէն դժգոհ հեռացած ըլլան», ըսաւ Միրզախանեան:

Ան վստահ է, որ օրէնսդրական համապատասխան փոփոխութենէ ետք ասիկա առաջին, բայց միակ համագործակցութիւնը պիտի չըլլայ: «Մենք անցեալ տարի յուշագիր ստորագրեցինք Հնդկաստանի հետ, եւ իրենք նպատակ ունին Հայաստանի մէջ բազմաթիւ նկարահանումներ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ` այստեղ յետարտադրական ծառայութիւններ իրականացնել ու սթիւտիոներ հիմնել: Իրենք ալ անհամբեր կը սպասէին ներդրումներու մասնակի վերադարձի այս կարելիութեան», դիտել տուաւ ան:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան շարժապատկերի ոլորտի աւագ մասնագէտ Լուսինէ Սարգսեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ միջազգային համագործակցութիւնները ուղիղ ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ տեղական ֆիլմարտադրութեան վրայ: «Այս ո՛չ միայն փորձի փոխանակում է, այլ նաեւ` նոր կապերու եւ ծանօթութիւններու մեկնարկ: Կնքուած յուշագիրին համաձայն, արտադրական գործընթացին անպայման պիտի մասնակցին նաեւ ոլորտի սկսնակ մասնագէտներն ու ուսանողները», մանրամասնեց Սարգսեան` աւելցնելով. «Յուշագրի դրոյթներուն մէջ ամրագրած ենք, որ մեր շարժապատկերի գործիչները եւ ուսանողները անպայման պէտք է ընդգրկուած ըլլան տուեալ նկարահանումներու գործընթացին: Այս ամէնը յստակ սահմանուած է, թէ օրինակ` որքանո՛վ պէտք է տեղական արտադրողները ներկայացուած ըլլան: Ըստ այդ եւ քանի մը այլ գործօններու, կը սահմանուի նաեւ, թէ քանի՛ տոկոս վերադարձ կ՛իրականացուի: Անպայման նկատի պիտի առնուի նաեւ, թէ տուեալ ծրագիրին մէջ որքանո՛վ քարոզչութիւն կը կատարուի Հայաստանի, մեր մշակոյթին, տեղանքին, պատմամշակութային կոթողներուն եւ այլ արժէքներու մասին»:

Ներկայ դրութեամբ, նախարարութեան մէջ կը մշակուին օրէնքէն բխող ենթաօրէնսդրական դրոյթներ: Ասոր զուգահեռ, ժապաւէն արտադրող հայաստանեան ընկերութիւնը նախապատրաստական աշխուժ բանակցութիւններու սկսած է: Տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ պիտի սկսին նկարահանումները, սակայն միջազգային ընկերութիւնները բոլոր երաշխիքները արդէն ստացած են:

 

 

Նախորդը

Սպասելով Ամանոր Եւ Հրաշք` Հոգեմաշ Զրոյց` Անցեալի, Ներկայի Եւ Յոյսի Մասին

Յաջորդը

Սլաք. Օտարին «Քրիսմը՞ս»-ը… Թէ՞ Հայուն Սուրբ Ծնունդը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?