Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Անդամը Առաջարկած Է Անտունները Տեղաւորել Բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի Դատարկ Տուներուն Մէջ

December 23, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկած է ազրպէյճանցի գաղթականները, որոնք նկուղներու մէջ կ՛ապրին, տեղաւորել բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ տուներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Հայկական յարձակումի հետեւանքով մեր մեծ թիւով քաղաքացիներ մնացած են անտուն: Որքա՞ն պիտի սպասենք եւ ճենթըլմենութիւն դրսեւորենք Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանցիները դատարկ տուներու մէջ տեղաւորելու հարցին մէջ: Մեր ընտրողները անընդհատ մեզի այս մասին կը հարցնեն: Թերեւս արտաքին գործոց նախարարութենէն մէկը այս հարցումին պատասխան ունի՞», ըսած է ան:

Միւս կողմէ` «Ազրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան շինարարական նախագիծերու բաժինի ղեկավար Թուրալ Ապպասլին յայտնած է, որ ընկերութիւնը 2024 թուականին բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ պիտի սկսի Ակնա-Ստեփանակերտ նոր երկաթուղային գիծի կառուցման:

Անոր համաձայն, այս ճամբու նախագծումը սկսած է, արդէն կատարուած է տարածքի նախնական զննութիւն, նախատեսուած է ճամբու նախնական երթուղի:

«Այս նախագիծի նպատակն է Խանքենդին (Ստեփանակերտը, «Ա.») եւ Շուշան (Շուշին, «Ա.») միացնել երկրի երկաթուղային ցանցին, արտօնել այդ ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ուղեւորափոխադրումներ եւ բեռնափոխադրումներ, ինչ որ պիտի նպաստէ երկարամեայ բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներու լիարժէք վերականգնման», ընդգծած է Ապպասլի:

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի «Ձեռք Երկարենք» Յայտագիրը 200 Միլիոն Լիբ. Ոսկի Կը Հանգանակէ Ի Նպաստ Ընկերային Կարիքաւոր Պարագաներու

Յաջորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիան Եւ Հայաստանը Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան Ոլորտին Մէջ Նոր Համաձայնագիրներ Կը Քննարկեն»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.