Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ուաշինկթըն Արձանագրեց Իր 4-րդ Յաղթանակը. Քլիփըրզի Յաղթանակներու Շարքը Ընդհատեց Թանտըր

December 23, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ 26 մրցումներու ընթացքին 22 պարտութիւն կրած էր, կրցաւ մրցումի սկիզբէն տիրապետել եւ վերջին երկվայրկեանին ալ կրցաւ պահել չնչին առաւելութիւն մը` 118-117 արդիւնքով:

Քայլ Քուզմա 32 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց, մինչ Թայըս Ճոնզ աւելցուց 24 կէտ` ի նպաստ Ուաշինկթընի: Փորթլենտ իր դաշտին վրայ բնաւ չկրցաւ առաջ անցնիլ, հակառակ անոր որ 24 տարեկան Էնֆըրնի Սիմընզ 41 կէտ նշանակեց: Սենթըր Տիանտրէ Այթըն 23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Փորթլենտի, որ մրցում մը յաղթելէ ետք չկրցաւ յաջորդական 2 մրցումի հասցնել իր յաջողութիւնը: Ռիատիի նախկին մարզիկ Տիոփ Ռիթ 9 վայրկեան խաղցաւ, նշանակեց 10 կէտ եւ ձեռք ձգեց 5 ռիպաունտ, ի նպաստ Փորթլենտի:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ 9 յաջորդական յաղթանակ արձանագրած էր, 3-րդ մասին 1 կէտով անցնելէ ետք Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի, կը կարծուէր, թէ պիտի շարունակէ իր յառաջխաղացքը, սակայն Չեթ Հոլմկրեն ազատ հարուածի կէտէն գնդակը նետեց Իվիքա Զուպաքի վրայէն եւ վազելով գնաց տանք ըրաւ Թանտըրի ի նպաստ, որ վերստին ունեցաւ մրցումի ղեկը, որմէ ետք յաջորդական 13 կէտեր (13-0) նշանակելով Թանտըր եղաւ անհասանելի:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 31 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ, մինչ Հոլմկրեն 23 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց: Հոլմկրեն, որ 21 տարեկան է, 2,16 մեթր է, ինքզինք պարտադրեց խումբին մէջ եւ միջին հաշուով 17 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ:

Քլիփըրզ, որ կը խաղար առանց Քուայ Լենըրտի (հանգիստ), 23 կէտեր նշանակեց Ճէյմս Հարտընի շնորհիւ, որ 9 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց, մինչ հիւանդութեան պատճառով վերջերս բացակայ Փոլ Ճորճ վերադարձաւ 22 կէտ նշանակելով: Ճորճ 5 հատ 3 կէտնոց կողով նշանակեց, մինչ Հարտէն` 4: 4 հատ 3 կէտնոց կողով նշանակեց նաեւ Նորմըն Փաուըլ, որ ընդամէնը 16 կէտ նշանակեց: Ռասըլ Ուեսթպրուք 15 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի:

Ճա Մըրենթ առաջին անգամ ըլլալով Թենըսիի մէջ Մեմֆիսը առաջնորդեց յաղթանակի` Ինտիանայի դէմ մրցումին: Արդարեւ, 25 մրցումներ պարտուելէ ետք, Մըրենթ վերադարձած էր, դաշտէն դուրս կատարած էր առաջին մրցումը եւ յաղթական դուրս եկած էր. ան երէկ Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտին վրայ 20 կէտ նշանակելով 3-րդ մասէն ետք տիրապետեց իր խմբակիցներուն հետ, որոնք յաջորդական երկրորդ յաղթանակը կերտեցին:

Տեզմընտ Պէյն 31 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, մինչ Ճերըն Ճեքսըն Ճունիըր 21 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Կրիզլիզի:

«Այս երկու տղաքը (Պէյն եւ Ճեքսըն) հետդ ունենալով կրնաս բարձր մակարդակի պասքեթպոլ խաղալ: Կը զգամ, որ շատ դժուար կ՛ըլլայ մեր դէմ պաշտպանելը», ըսաւ Մըրենթ:

Օպի Թոփըն 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, մինչ Թայրիս Հելիպըրթըն (17 կէտ, 14 էսիսթ), Պատի Հիլտ (15 կէտ) եւ Մայլզ Թըրնըր (15 կէտ) եղան Ինտիանայի լաւագոյնները:

Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքի Պաքսի, որ 28 մրցումներու ընթացքին 21-րդ յաղթանակը արձանագրեց 118-114 արդիւնքով` Օրլանտօ Մեճիքի դէմ մրցումին:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց առանց Լըպրոն Ճէյմսի Մինիանափոլիսի մէջ, երբ 118-111 արդիւնքով պարտուեցաւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն:

Անթոնի Էտուըրտծ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ Պոսթընի նման 21 յաղթանակ եւ 6 պարտութիւն ունի` լաւագոյն արդիւնքներով խումբերու դասաւորման մէջ:

Լըպրոն Ճէյմս 2-րդ յաջորդական մրցումն է, որ կը բացակայի կռնակի ցաւի պատճառով: Անթոնի Տէյվիս 31 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օսթըն Ռիվզ 20 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի:

Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկներն էին Քարլ-Անթոնի Թաունզ (21 կէտ), Մայք Քանլի (16 կէտ եւ 8 էսիսթ) եւ Ռուտի Կոպերթ (15 կէտ եւ 13 ռիպաունտ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Եութա Ճեզ 111-119
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 104-123
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 134-115
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք 118-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 116-103
Շիքակօ Պուլզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-95
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 118-111
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 117-118

 

 

Նախորդը

Լուիս Սուարես Միացաւ Ինթեր Մայեմիի

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Լիվըրփուլ – Արսենալ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.