ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Կօշիկները ձեր հին, մաշած`
Փայլուն թուղթի մէջ փաթթուած`
Ձեր թաղին մօտ աղբանոցին
Քովը դրէք այս Կաղանդին.
Աւելցուքներ ձեր կերածէն`
Ուտեստեղէն, անուշեղէն
Նաեւ եթէ պիտի թափէք,
Շատ խնամքով տուփերու մէջ`
Մաքուր, կոկիկ, տեսքով աղէկ`
Աղբանոցին ձեր յանձնեցէք.
Հագուստները ոչ նորոյթէն
Զոր չէք սեպեր ձեր ճաշակէն`
Փայլուն թուղթով, ժապաւէնով
Զարդարեցէք մեծ հաճոյքով,
Տակը ծառին աղբանոցին
Զետեղեցէք դուք ձեր թաղին.
Գէթ մէկ անգամ այս օրերուն
Մի ամչնաք նուիրելու
Զանոնք անոնց, որոնք առտուն`
Աղբերուն մէջ ձեր թաղերուն`
Պիտի շրջին ու որոնեն
Նուէրները երկար ատեն,
Ուրախութեամբ, հրճուելով,
Բեղուն կաղանդ մը տօնելով:
Այս օրերուն մարդ արարած,
Աղբերուն մէջ գլուխդ ծռած,
Կը փնտռես կեանքդ դժբախտ,
Սրտաճմլիկ բայց անվհատ:
Լիբանան


