Երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնը: Սպասուածին նման «գագաթ»-ի հանդիպումներ չկան, բայց անցեալ տարուան Իտալիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանները իրար դէմ պիտի մրցին: Միւս կողմէ, այլ հետաքրքրական մրցում մը կը թուի ըլլալ Իտալիոյ ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանի (անցեալ տարուան Չեմփիընզ լիկ»-ի փոխախոյեան) եւ Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ:
Անցեալ տարուան Մանչեսթըր Սիթի համեմատաբար դիւրին մրցակից մը ունի` Դանիոյ Քոփենհակընը:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական խումբը, որ 14 անգամ շահած է այս բաժակը` Ռէալ Մատրիտ, պիտի մրցի Գերմանիոյ Լայփցիկ խումբին դէմ:
Ստորեւ` յայտագիրը.
Երթ`
13 փետրուար – Լայփցիկ – Ռէալ Մատրիտ
Քոփենհակըն – Մանչեսթըր Սիթի
14 փետրուար – Լացիօ Ռոմա – Պայերն Միւնիխ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռէալ Սոսիետատ
20 փետրուար – Ինթեր Միլան – Աթլեթիքօ Մատրիտ
ՓՍՎ Այնտհովըն – Տորթմունտ
21 փետրուար – Փորթօ – Արսենալ
Նափոլի – Պարսելոնա
Դարձ`
5 մարտ – Պայերն Միւնիխ – Լացիօ Ռոմա
Ռէալ Սոսիետատ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
6 մարտ – Մանչեսթըր Սիթի – Քոփենհակըն
Ռէալ Մատրիտ – Լայփցիկ
12 մարտ – Արսենալ – Փորթօ
Պարսելոնա – Նափոլի
13 մարտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան
Տորթմունտ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»-էն 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերը փոխադրուեցան «Եուրոփա լիկ» եւ պիտի մրցին «Եուրոփա լիկ»-ի խմբակներու 2-րդ դիրքը գրաւող խումբերու դէմ:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւնները.
Երթ`
Փետրուար 15-ին, դարձ` 22 փետրուարին:
Շախթիոր Տոնեցք – Մարսէյ
Կալաթասարայ – Սփարթա Փրակա
Պրակա – Ղարաբաղ
Պենֆիքա – Թուլուզ
Եանկ Պոյզ – Սփորթինկ Լիզպոն
Լանս – Ֆրայպուրկ
Ա. Սէ. Միլան – Ռեն
Ֆեյենուրտ – Ա. Էս. Ռոմա