Կիրակի երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները Թաատոտի դաշտին վրայ հանգիստ մրցում մը ունեցան եւ 50-41 արդիւնքով յաղթական վերադարձան Անթիլիաս:
Խումբին մարզիչը առիթ տուաւ բոլոր մարզիկներուն, որ դաշտ ներկայանան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցումին` աւելի փորձառութիւն շահելու յաջորդող մրցումներուն:
Փաթիլ Ասատուրեան 11 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 5 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ: Եաշա Զէյնուն (6 կէտ) եւ Տիմա Շահին (8 կէտ) եղան խումբին լաւագոյններէն. Եաշա ձեռք ձգեց 3 ռիպաունտ: Փերլա Ղաթթաս 5 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց նաեւ Օսէան Թապպախ` նշանակելով 5 կէտ: Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ակադեմիայի մարզիկ (Ալիք Քէշիշեան (15 տարեկան):
ՀՄԸՄ-ի աղջկանց յաջորդ մրցակիցն է վերջին դիրքը գրաւող Շիյյահ, ուրբաթ օր ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:


