Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ կը շարունակէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր յաղթական երթը եւ յաջորդաբար 6-րդ մրցումը ըլլալով կրցաւ յաղթել այս անգամ Չարլոթ Հորնեթցի, որ պատմութեան ամէնէն ծանր պարտութիւնը կրեց` 135-82 արդիւնքով:
53 կէտի առաւելութեամբ յաղթած Ֆիլատելֆիայի աստղը` Ժոել Էմպիիտ 42 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Թայրիս Մեքսի 21 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Պրենտըն Միլըր 14 կէտ նշանակեց, իսկ Պրայս Մըքկուընզ 12 կէտ աւելցուց ի նպաստ Չարլոթի:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 22 կէտի առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը (144-122): Քլիփըրզի յաջորդական 7-րդ յաղթանակն էր այս: Քուայ Լենըրտ 36 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փոլ Ճորճ` 25 կէտ եւ 7 էսիսթ եւ Ճէյմս Հարտըն` 10 կէտ եւ 12 էսիսթ, իսկ սենթըր Իվիքա Զուպաք 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ճէյլըն Պրանսըն, որ օր մը առաջ 50 կէտ նշանակած էր Ֆէօնիքս Սանզի դէմ, 22 կէտ նշանակեց: Նոյնքան կէտեր նշանակեց Ճուիըս Ռենտըլ` ի նպաստ Նիւ Եորքի:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ իր 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 127-103 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզի: Քարլ Անթոնի Թաունզ 40 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ աւելցուց 37 կէտ ի նպաստ Մինեսոթայի, որ Պոսթընի նման 19 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն կրած է: Մինեսոթա եւ Պոսթըն յաջորդաբար գրաւեցին արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններու պարագլուխի դիրքերը:
Ճիմի Պաթլըրի պազըր պիթըրով (վերջին զանգին նշանակել) կրցաւ յաղթել Շիքակօ Պուլզի 118-116 արդիւնքով: Ճեմի 28 կէտ նշանակեց, մինչ Քեւըն Լավ աւելցուց 22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: Շիքակօ Պուլզէն լաւագոյն մարզիկներն էին Տըմար Տըրոզըն (27 կէտ, 5 էսիսթ), Փաթրիք Ուիլիըմզ (25 կէտ, 7 ռիպաունտ), Քոպի Ուայթ (22 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Նիքոլա Վուչեվիչ (12 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ինտիանա Փէյսըրզ 137-123
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 124-92
Չարլոթ Հորնեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 107-112
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 129-115
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Աթլանթա Հոքս 104-125
Պոսթըն Սելթիքս – Օրլանտօ Մեճիք 128-111
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 96-103
Ֆէօնիքս Սանզ – Նիւ Եորք Նիքս 122-139
ԵՐԷԿ
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 146-114
Չարլոթ Հորնեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 82-135
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Աթլանթա Հոքս 127-119
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 127-109
Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ 118-116
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Պրուքլին Նեթց 124-120
Փորթլէնտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մեւրիքս 120-131
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 117-118
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ 125-104
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նոր Եորք Նիքս 144-122