Շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալի կամ միջցամաքամասային ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի գծով 2 մրցումներ:
Ճափոնի Ուրաուա Ռետզ խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեքսիքայի Լէոն խումբը: Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալեքս Շալք 78-րդ վայրկեանին:
Ուրաուա այս յաղթանակէն ետք կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը գիշեր, ժամը 20:00-ին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա):
Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Իթթիհատ, որ 3-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Նոր Զելանտայի Օքլենտ Սիթին, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ափրիկէի եւ Եգիպտոսի ախոյեան Ահլիէն:
Մրցումի աստղն էր Եգիպտոսի խումբի բերդապահ եւ խմբապետ Մոհամետ Շեննաուի, որ շատ առիթներէ փրկեց իր բերդը` Պենզեմայի, Քորոնատոյի եւ Ռամարինիոյի փորձերուն դէմ:
Ալի Մաալուլ, Հիւսէյն Շահաթ եւ Իմամ Ալուր նշանակեցին եգիպտական ակումբին կոլերը, մինչ Քարիմ Պենզեմա նշանակեց Իթթիհատի միակ կոլը` 90-րդ վայրկեանին:
Ահլի կիսաւարտականին պիտի մրցի Պրազիլի եւ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Ֆլումինենսէ խումբին դէմ, այսօր ժամը 20:00-ին: