Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակարգային առաջնային խնդիրի: Ընդդիմութիւնը Սահմանադրութեան նախագիծը ազրպէյճանական կամ ալիեւեան կը նկատէ, մեկնելով այն իրողութենէն, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար Ազրպէյճան անոր ընդունումը պայման կը ներկայացնէ: Պատճառը` գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ կայ յղում Անկախութեան հռչակագիրին, ուր նշուած են Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման ու Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջները: Իշխանութիւնները այս պահանջները «գոնֆլիկտածին» (բախում, ընդհարում ծնող) կը նկատեն ուրեմն` խաղաղութիւնը արգիլող: Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ այս պահանջները վերացնելու իրենց որոշումը ներքին` հայկական է: Կապ չունի Ազրպէյճանի նախապայմանին հետ. չար բախտէն, իշխանութիւններուն փափաքածը եւ Ազրպէյճանի պայմանը համընկնած են:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէր, որ Սահմանադրութիւնը փոխելու համար անհրաժեշտ երկու-երրորդի մեծամասնութիւնը պէտք է ապահովուի նոր պատերազմի վտանգը հեռացնելու համար: Ընտրողները երկու-երրորդ չապահովեցին Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան, ուրեմն մերժեցին պատերազմի վտանգով պայմանաւորուած սահմանադրական փոփոխութիւնը: Հարցը փակուած պէտք է նկատուէր:
Հարցը փակուած պիտի նկատուէր ճշմարիտ ժողովրդավարական հայեացքներ ունեցող պետական ղեկավարութեան համար: Սակայն կրկին իշխանութեան տիրացան Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ յատկապէս անոր ղեկավարին` Նիկոլ Փաշինեանի համար հարցը նոր փուլ փոխադրուեցաւ: Խուզարկութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ կալանաւորումներով Ընդդիմութեան վրայ ճնշումը դարձաւ համոզումի գործիք: Ինչպէս կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան, եթէ պէտք ըլլայ «պուլտոզըրով» պիտի պոկէ խորհրդարանի երկու-երրորդը, նոր սահմանադրութիւնը հանրաքուէի ենթարկելու համար:
Ինչպէս գիտենք, մերժումի ճակատը միաւորուեցաւ. նախ 12, ապա 15 կազմակերպութիւններ մէկ կողմ դրին իրենց տարակարծութիւնները եւ որոշեցին միասնաբար պայքարիլ հայ ազգի ու հայոց հայրենիքի էութիւնը վտանգող փաշինեանական քաղաքականութեան դէմ: Իշխանութիւնները իբրեւ պատասխան դիմեցին իրենց համար հարազատ դարձած միջոցներուն` հալածանքին, սպառնալիքին, սուտ կամ կասկածելի մեղադրանքներուն, առանց փաստի ամբաստանութիւններուն եւ մասամբ նորին, հինէն ու նորէն: Կատաղած` օրէնքները առանց խախտելու, ժողովուրդը իրազեկելու եւ ոչի շարժումը կազմակերպելու միացեալ աշխատանքը խոչընդոտելու անկարողութեան դիմաց:
Յայտարարուեցաւ, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը շուտով պիտի հրապարակուի: Նախագիծը պէտք է ենթարկուի հանրային քննարկման, ապա ներկայացուի Ազգային ժողովին, որ երկու-երրորդ մեծամասնութեամբ պէտք է որոշէ անոր ժողովրդային հանրաքուէի դրուիլը:
Ազգային ժողովի երկու-երրորդը ապահովելու համար, բնականաբար ընդդիմութենէն առնուազն վեց ձայներ ստանալով, Նիկոլ Փաշինեան կը դիմէ նոր խորամանկութեան մը: Կ՛առաջարկէ ապահովել սահմանադրական հանրաքուէի կայացումը. մերժումի պարագային կը խոստանայ հրաժարական տալ, ընդունման պարագային` ամբողջացնել խաղաղութեան առաջադրանքը եւ յաջորդ ընտրութեան վարչապետութեան թեկնածու չըլլալ: Հրաժարակա՞նս կ՛ուզէք. թոյլ տուէք, որ փոխեմ Սահմանադրութիւնը, ստորագրեմ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ առաքելութիւնս աւարտած` երթամ ցանկալի հանգիստի: Համբերատար եղէք, դեռ հինգ տարի պիտի շարունակեմ խեղաթիւրել պատմութիւն, աւանդոյթ, խորհրդանիշ, հաւատք ու եկեղեցի, ամփոփ` ազգային ինքնութիւն:
Եթէ խորամանկ, բայց բուռն ու հայհոյալից բառամթերքով հրամցուած այս հնարքը չյաջողի, կը մնայ դիմել յուսահատ վերջին միջոցին` կանխահաս խորհրդարանական ընտրութեան: Նիկոլ Փաշինեան կը ձեւացնէ, որ ժողովուրդը նոր խորհրդարանին մէջ իրեն պիտի շնորհէ ցանկալի երկու-երրորդ մեծամասնութիւնը: Խրոխտ կերպով կը յայտարարէ, որ Ազգային ժողովէն պիտի չքանան «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները: Անոնց փոխարինելու պիտի գան «պետականամէտ» նոր ուժեր. այսինքն` պիտի յաջողի աւելի լայն չափերով իրագործել, ինչ որ յաջողեցաւ, վերջին ընտրութեան, «Առաջարկ Հայաստանին» խմբաւորման դէմ: Արդեօք ո՞րն է «պուլտոզըրով» հանրային քաղաքական հրապարակը մաքրագործելու եւ միակուսակցական (ինչո՞ւ ոչ` միանձնական) վարչաձեւ ստեղծելու գործելաձեւը:
Վերջին երկու օրերուն, Ազգային ժողովին մէջ հարց ու պատասխանի ատեն, ապա կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ աւանդական հանդիպման ատեն, Նիկոլ Փաշինեան իր տարերքին հաւատարիմ էր: Վիրաւորանքներ, ամբաստանութիւններ, անհասցէ եւ բազմատէր զրպարտութիւններ, անմակարդակ խօսելաձեւ: Բարկացոտ եւ չարախօս: Սպառնալից:
Անմահ Յակոբ Պարոնեան պատգամած է. հայհոյութիւնը փաստի սով է: Երբ փաստ չկայ, հայհոյանքը կը դառնայ համոզելու միջոց:
Արգահատելի՛ միջոց:



