ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը` յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքը:
Ըստ վերջինիս, կազմակերպութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի յանգեցնէ երկարատեւ խաղաղութեան:
«ՄԱԿ-ը կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` օգտագործելու այդ համաձայնագիրը փոխադարձ վստահութեան խթանման եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ապահովման համար` ի շահ իրենց ժողովուրդներուն եւ շրջանին», աւելցուցած է ան:
Քանատա Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ
Ազրպէյճանի Միացեալ Յայտարարութիւնը
Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը` խրախուսելով երկխօսութիւնն ու բարի կամքի դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան մթնոլորտը խորացնելու ուղղուած ջանքերը:
«Քանատան կ՛ողջունէ երկու ազրպէյճանցի եւ 32 հայ զինուորներու ազատ արձակումը եւ դրական կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ երկիրները միջազգային ատեաններու մէջ ցուցաբերած են իրարու նկատմամբ:
«Մենք քաղաքական երկխօսութեան այս աննախադէպ բացումը կ՛ընդունինք` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող խաղաղ հոլովոյթին ուղղուած քայլ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած միացեալ ջանքերուն համար:
«Քանատան կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային քաղաքական լուծման` հիմնուած Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման հետագայ որոշակի քայլերը: Քանատան կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցելուն», նշուած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեմ` Կարելի Եղածին Չափ
Շուտ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու»
Ֆրանչիսկոս պապը կիրակնօրեայ աւանդական քարոզի ընթացքին յայտնած է, որ ուրախ է հայ եւ ազրպէյճանցի զինուորներու ազատ արձակման համար եւ յոյս յայտնած է, որ շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ես գոհ եմ զգալի թիւով հայ եւ ազրպէյճանցի զինուորականներու ազատ արձակումով, եւ մեծ յոյսով կը սպասեմ այս դրական ազդանշանին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու համար», ըսած է ան:
«Կողմերուն եւ անոնց ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեմ` որքան կարելի է շուտ հաշտութեան համաձայնագիր կնքելու», աւելցուցած է Ֆրանչիսկոս պապը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կ՛ողջունեն
«Խաղաղութեան Ամրապնդման Վերջին Քայլերը»
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ողջունած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցած «դրական զարգացումները եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերջին քայլերը»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր գնահատած է երկու երկիրներու կողմէ համաձայնեցուած վստահութեան ամրապնդման քայլերը եւ յոյս յայտնած, որ նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ կայունութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեան քայլերուն, որ կը ներառէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ ամբողջ կովկասեան շրջանին մէջ հետագայ զարգացման ձեռքբերումը:
«Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ համաձայնեցուած բոլոր այն քայլերուն, որոնք կ՛ամրապնդեն անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, եւ կը նպաստեն կայուն կարգաւորման, որով երկու երկիրներուն միջեւ կառուցողական համագործակցութեան նոր շրջան կը սկսի:
Նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ընդգծեն կամուրջներ կառուցելու, համագործակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` տարակարծութիւնները խաղաղ ճամբով լուծելու համար»:


