Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Խորհրդաժողովը Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը Ճանչցաւ Իբրեւ Սուրիացի Ժողովուրդի Օրինական Ներկայացուցիչ

April 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան 83 երկիրներ: Խորհրդաժողովի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ խորհրդաժողովը Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ճանչցած է իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ խորհրդաժողովը սուրիական կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած յստակ պատգամ մըն է, թէ ժողովին մասնակից 83 երկիրները սուրիացի ժողովուրդին կը զօրակցին:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ հարցով միակ դրական զարգացումը ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութիւնն է: «Անանի առաքելութեան մեր զօրակցութիւնը հաստատեցինք, սակայն պէտք չէ զայն բաց եւ աւարտ մը չունեցող նկատենք», նշեց Տաւութօղլու` աւելցնելով, որ «Անանի ծրագիրը պէտք է գործադրել, եւ մենք գործերու կը սպասենք եւ ոչ թէ խոստումներու: Վաղը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Անանի զեկուցումը պիտի լսենք, իսկ անոր նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ կացութեան համար վերջին առիթ մը կը նկատուի: Մեր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք, սակայն սուրիական վարչակարգին պիտի չարտօնենք սպառել  այլ առիթ մը, որ սուրիական տագնապին հարցով վերջինը կը նկատուի»:

Խորհրդաժողովի բացման իր խօսքին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իրենք այս խորհրդաժողովով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին կ՛աջակցին եւ անհրաժեշտութեան պարագային զայն մինակ չեն ձգեր:

«Սուրիական կառավարութիւնը ցոյց տուաւ, որ Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի առաջարկները պատրաստ չէ ընդունելու եւ կը շարունակէ արիւն թափել», ըսաւ ան` նշելով, որ Պոլսոյ խորհրդաժողովը Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման սկզբնակէտը պիտի ըլլայ:

«Սուրիոյ խնդիրները անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենան շրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ: Մենք վերջին տարիներուն սուրիական կառավարութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատած էինք: Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն զուգահեռ, մենք բարեկամական խորհուրդներ տուինք Սուրիոյ, որովհետեւ այս քաոսը մենք կը նախատեսէինք», ըսաւ ան:

Էրտողան պնդեց, որ Թուրքիա որեւէ երկրի մէջ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ սեփական շահեր չունի եւ պարզապէս կ՛ուզէ, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: «Ես կը հաւատամ, որ սուրիացի ժողովուրդը իր իրաւունքները պիտի ստանայ, իսկ անմեղ մարդիկը սպաննողները անպայման իրենց պատիժը պիտի կրեն», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ «եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր պատասխանատուութեանց տէր չկանգնի, ապա միջազգային ընտանիքը սուրիացիներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ընդունելուն այլընտրանք պիտի չունենայ»: Ան խոստացաւ, որ իր երկիրը պիտի չզօրակցի որեւէ ծրագիրի, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը կ՛ապահովէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեց քաղաքայինները թիրախ դարձնող գործողութիւնները դադրեցնելու: «Ձեր քաղաքացիները սպաննելէ դադրեցէք, այլապէս ծանր հետեւանքներ պիտի կրէք», ըսաւ ան, սակայն նշեց, որ իր երկիրը առայժմ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու կամ զինուորական միջամտութիւն կատարելու որեւէ ցանկութիւն չէ ցուցաբերած:

Քլինթըն խորհրդաժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց, որ Անան յառաջիկայ քայլերու ժամանակացոյց մը ճշդէ` նշելով, որ «Անանի առաքելութեան աւարտի պայմանաժամ մը պէտք է գոյութիւն ունենայ… սուրիական կառավարութեան կողմէ Անանի ծրագիրին գործադրութիւնը ձգձգելու յաւելեալ պատրուակներու ժամանակ չկայ»:

Ան ըսաւ, որ աշխարհը ներողամիտ պիտի չգտնուի, իսկ Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ` նշելով, որ «Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուց»: Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը Սուրիոյ մէջ իրանեան դերակատարութիւնը շատ մտահոգիչ նկատեց:

Նշենք, որ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քլինթըն Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղւոյն Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ իր հանդիպումին ընթացքին թագաւորին եւ տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է Սուրիոյ ներքաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման հարցին մէջ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Նախապէս Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար յայտարարած էին, որ Ասատի վարչակարգը տապալելու նպատակով պիտի զինեն սուրիական ընդդիմութիւնը:

Մինչ այդ, Դամասկոս Պոլսոյ  խորհրդաժողովը «սուրիացի ժողովուրդի թշնամիներու խորհրդաժողով» նկատեց: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «խորհրդաժողովին գլխաւոր նպատակը շրջանցելն է միջազգային համաձայնութիւնն ու Անանի առաքելութիւնը, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման ընդունելի հիմք մը կը կազմէ»:

Հաղորդագրութիւնը Էրտողանը ամբաստանեց սուրիական ընդդիմութեան ու «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն կատարած եւ ՄԱԿ-ի ու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած սպանութիւնները, առեւանգումները եւ չարչարանքները» անտեսելու յանցանքով: Հաղորդագրութիւնը նաեւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանին քննադատեց` յայտնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու անոր հրաւէրը «իր ծայրայեղ արմատական ենթահողին հաւատարմութիւն» է:

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը «պիտի չտապալի»` նկատել տալով միաժամանակ, որ զայն բռնի ուժով տապալելու փորձերը «շրջանին մէջ իրարու վրայ բարդուող տագնապի պիտի առաջնորդեն»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ հարցով միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանը սուրիական տագնապը լուծելու համար չենք սպասեր, այլ անոր լուծումին աջակցելու համար»: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ սուրիական բանակը բնակելի շրջաններէն պիտի հեռանայ, երբ ապահովութիւնը հաստատուի «առանց համաձայնութիւններու»:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսա սկիզբէն ի վեր զօրակցած է Սուրիոյ խաղաղ ընդդիմութեան` նշելով, որ «ընդդիմութիւնը զինելը կրնայ շատ սխալ ռազմավարութիւն մը ըլլալ, եւ կ՛ուզենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը համար բարենպաստ պայմաններ ապահովել»:

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պատճառով Իրանի Հետ Ճակատումի Մէջ Կրնայ Ներքաշուիլ» Կ՛Ըսէ Լէոն Փանեթա

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛Ուղղէ Թուրքիոյ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.