Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` նուիրուած արաբական երկիրներու հայ համայնքներու զարգացման առանձնայատկութիւններուն, արդի հիմնական հարցերուն եւ հեռանկարներուն:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի արաբական երկիրներու բաժինի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեան նշեց, որ փոխակերպուող տարածաշրջանային միտումներու ծիրին մէջ շատ կարեւոր է Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու հետ կապուած իրողութիւններու ճիշդ գնահատումը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան տարբեր ուղղութիւններու մշակումը:
«Գիտաժողովը նպատակ ունի հանրային դիւանագիտութեան հարթակին մէջ ակադեմական եւ դիւանագիտական շրջանակներու միացումով քննարկել տարածաշրջանային զարգացումներն ու բոլոր փոխակերպումները, որոնք մեծապէս կ՛ազդեն հայ համայնքներու հետ կապուած գործընթացներուն վրայ: Մեր աշխատանքներուն առցանց տարբերակով կը մասնակցին Ծոցի երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնք առանձնակի կարեւորութիւն կը հաղորդեն գիտաժողովին: Մեր նպատակն է արդի իրողութիւններու ծիրին մէջ շեշտադրումներու տեսքով ուղղորդել եւ գիտական կիրառական նշանակութիւն հաղորդել քննարկումներուն, որոնք միտուած են պետութեան եւ հանրային ու դիւանագիտական շրջանակներու կապի ամրապնդման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու խթանման», ըսաւ Լիլիթ Յարութիւնեան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան իր կարգին նշեց, որ աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումներու ծիրին մէջ ընտրուած նիւթը բաւական արդիական է, որովհետեւ մեր ժողովուրդին 70 առ հարիւրը Հայաստան չ՛ապրիր, ուստի հայապահպանութեան գործը շարունակ պէտք է ըլլայ հոգածութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնը:
«Յատկապէս մեզի բարեկամ արաբական երկիրներու մէջ կը գործեն համայնքներ, որոնք անմիջականօրէն հետեւանքն են Հայոց ցեղասպանութեան, հետեւաբար շատ կարեւոր է մնայուն եւ աչալուրջ հետեւիլ, թէ ինչպէ՞ս կեանքը կ՛ընթանայ հայ համայնքներու մէջ, ինչպէ՞ս կը գործեն ազգային, կրօնական, մշակութային կազմակերպութիւնները: Բայց միայն այդ չէ հարցը: Մեր համայնքները պէտք է դառնան չափազանց կարեւոր գործիք` ամրապնդելով կապը Հայաստանի հետ, որովհետեւ առանց պատմական հայրենիքի` կը մնան անդէմ եւ ոչ այդքան կարեւոր: Անհրաժեշտ է շատ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ պահպանել յատկապէս այն երկիրներուն հետ, ուր կը բնակին մեր հայրենակիցները: Այդուհանդերձ, կայ եւս մէկ հարց: Մեր համայնքները պէտք չէ բացառապէս դիտարկուին իբրեւ Հայաստանին օգնող կառոյցներ կամ պատկերաւոր ըսած` «կթան կով»: Մենք պէտք չէ միայն նայինք սփիւռքի ձեռքին, այլ վերջինս պէտք է անմիջականօրէն մեր տնտեսութեան մէջ ներգրաւուելու կարելիութիւնը ունենայ: Պէտք է ըլլան գործարար եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ` մեծցնելով հետաքրքրութիւններու ցանկը եւ նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման», նշեց Սուվարեան:
Գիտաժողովին ներկայ էր նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գոռ Մարգարեանը: Ան կարեւոր նկատեց Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու պատմական դերն ու առաքելութիւնը, որոնք իրենց գոյութեամբ իսկ մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացուցին գիտական հանրութեան համար ինչպէս հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայապահպանութեան, մեր ինքնութեան հարցի ուսումնասիրութեան, այնպէս ալ արաբական աշխարհի մէջ հայերու ունեցած դերին, արաբ ժողովուրդին եւ հայ համայնքներուն միջեւ ձեռք բերուած համակեցութեան յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն:
«Պատմութեան տարբեր փուլերու հայ համայնքները արաբական աշխարհին մէջ նօսրացան միջազգային ճգնաժամերու եւ պարբերաբար կրկնուող ռազմական քաղաքական ցնցումներու, հայ ժողովուրդին պատուհասած դժբախտութիւններուն պատճառով: Բայց, միւս կողմէ, երախտապարտ արաբ ժողովուրդը մնայուն կերպով հայերուն նկատմամբ կը ցուցաբերէ լաւ վերաբերմունք: Այսօր եւս Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր հատուածներու մէջ բռնկող հանգոյցները, ոչ պակաս ծանր հետեւանքներ յառաջացուցած բնական կլիմայական աղէտները ցաւալիօրէն կը շարունակուին լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցնել թէ՛ արաբական երկիրները, թէ՛ այնտեղ ձեւաւորուած հայ համայնքները: Արդի գիտական հանրութիւնը եւ տարբեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները ահռելի միջոցներ կը ծախսեն գաղթի հարցերու ուսումնասիրութեան համար: Այս գիտաժողովը նոյնպէս պատշաճ հարթակ է` արդի մարտահրաւէրներն ու հիմնական հարցերը քննարկելու եւ կարելի լուծումներ գտնելու», նշեց Գոռ Մարգարեան:
Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Ռուբէն Մելքոնեան ըսաւ, որ հայկական արեւելագիտութիւնը զարգացած է բարեկամ երկիրներու մէջ հայ համայնքներու ուսումնասիրութեան զուգահեռ: Հայկական արեւելագիտութեան աշխարհագրութեան առումով, յատկապէս այն երկիրներուն, որոնց մէջ մնայուն եղած են աւանդական, ուժեղ համայնքներ, գիտական ուսումնասիրութիւնները ունին առանձնայատուկ դեր:
«Հայ համայնքներու ուսումնասիրութիւնը կարեւոր նկատուած է տակաւին խորհրդային օրերէն, իսկ այսօր հետաքրքրութիւնը կրկնապատկուած է, որովհետեւ ուսումնասիրելով մեր հայրենակիցներու տարատեսակ հարցերը տարբեր արեւելեան երկիրներու մէջ` աւելի ընդգրկուն կերպով կը տեսնենք իրողութիւններն ու զարգացումները: Մերձաւոր Արեւելքի թէժացող իրավիճակին մէջ հայ համայնքներու հարցերուն ուսումնասիրութիւնը ունի համապետական եւ համազգային կարեւորութիւն: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան այն դրական, բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք կան հայերու եւ իսլամադաւան ժողովուրդներու միջեւ: Այս քրիստոնէական եւ իսլամական երկխօսութեան յաջողած օրինակ է, որ յատկապէս հիմա, երբ աշխարհի մէջ կ՛աւելնան թշնամանքն ու ատելութիւնը, կրնայ դառնալ համերաշխութեան եւ իրական խաղաղութեան շատ կարեւոր օրինակ», նշեց Մելքոնեան:
Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժինի տնօրէն Յովհաննէս Ալեքսանեան կարեւոր նկատեց կազմակերպումը այսպիսի գիտաժողովներու, որոնք նուիրուած են Հայաստան-արաբական երկիրներ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ` այդ երկիրներու մէջ հայ համայնքներու արդի հարցերուն:
«Ցաւօք տասը տարի շարունակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած գործընթացները յանգեցան անոր, որ մեր համայնքները զգալիօրէն վերափոխուած եւ տուժած են: Կան կանխատեսումներ, թէ` վատթարացումները պիտի շարունակուին, որոնց պատճառով ունինք ներգաղթ տարբեր համայնքներէ` դէպի Հայաստան: Այս գիտաժողովի քննարկումներու արդիւնք հանդիսացող զեկոյցներու ժողովածուի հրատարակումը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ ինչպէս գիտական շրջանակներու, այնպէս ալ պետական մարմիններու համար` իրենց քաղաքականութիւնը ճիշդ մշակելու եւ նախանշելու իմաստով», եզրափակեց Յովհաննէս Ալեքսանեան:
Սուրիոյ, Թունուզի եւ Մարոքի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանի կարծիքով, Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները անմիջականօրէն անդրադարձան հայ համայնքներու կենսակերպին վրայ, եւ այսօր բնականաբար առաջնահերթութիւն դարձաւ անվտանգութեան հարցը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի ժամանակ Փոլատեան նշեց, որ այսօր կարելիութեան սահմաններու մէջ անհրաժեշտ է գոնէ եղածը պահպանել, եւ այդ գործին մէջ շատ կարեւոր է յատկապէս Հայաստանի աջակցութիւնը մեր հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին կ՛ապրին Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ, հետեւաբար անվտանգութեան հարցը օրակարգի ամէնէն կարեւոր հարցերէն է:
«Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանը կը շարունակէ մեզի համար մնալ կենսական, որովհետեւ հոն կ՛ապրի մեր ժողովուրդին ստուար մէկ հատուածը: Երբ խօսինք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գոյացած հայ համայնքներու եւ առհասարակ հայ-արաբական յարաբերութիւններու մասին, ապա յառաջ կը մղուի այն պատմական իրողութիւնը, որ այդ յարաբերութիւնները ունին աւելի քան երկուհազարամեայ պատմութիւն: Այդ ամբողջ ժամանակահատուածին բաւականին ջերմ կապեր հաստատուած են: Ցեղասպանութենէն ետք, անշուշտ, մեր հայրենակիցներէն շատերը բռնագաղթուեցան եւ իրենց փրկութիւնը գտան մերձաւորարեւելեան երկիրներու մէջ, յատկապէս` Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի», նշեց դիւանագէտը:
Փոլատեանի խօսքով, նշուած տարածաշրջանին անցեալ դարավերջին սկսած եւ այսօր ալ ընթացող ռազմական-քաղաքական բուռն փոփոխութիւնները իրենց հերթին որոշակի ազդեցութիւն ձգեցին նաեւ հայ համայնքներու կենսագործունէութեան վրայ, որոնք տարբեր դրդապատճառներով նօսրացան: Օրինակ` Լիբանանի մէջ նախորդ դարավերջին ունէինք 250 հազար հայերէ բաղկացած հզօր համայնք, բայց անոնց թուաքանակը, յատկապէս` Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, զգալիօրէն նուազեցաւ: Միւս համայնքներուն մէջ նոյն իրավիճակն է` պայմանաւորուած Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներով: Սուրիոյ մէջ աւելի քան տասը տարի տեւած եղբայրասպան պատերազմի պատճառով 120 հազար հայերէ բաղկացած համայնքէն մնաց 30-40 հազար հայ:
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան իր հերթին գնահատեց ակադեմիային կողմէ սփիւռքահայութեան առնչուող նիւթերը գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ այսպիսի մակարդակով քննարկման առարկայ դարձնելու գործելաոճը:
«Մեկնելով այն փաստէն, որ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու հայ համայնքները կը տարբերին իրարմէ կենցաղային եւ հոն տիրող իրավիճակին առումով, ուստի պէտք է հայ համայնքները դիտարկել իբրեւ առանձին միաւորներ եւ ցուցաբերել առանձնակի մօտեցում: Այդուհանդերձ, այդ համայնքները ունին քանի մը ընդհանրութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են առկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու հանգամանքով: Նախեւառաջ` հայ համայնքները դատապարտուած են նօսրանալու եւ թուլնալու վտանգին: Երկրորդ հարցը այն է, որ մարդիկ հետզհետէ աւելի քիչ կը խօսին արեւմտահայերէն: Երրորդը` այսօր հայ համայնքներու տնտեսական աղբիւրները նուազած են: Չորրորդ հարցը նուազ կարեւոր չէ եւ կ՛առնչուի հայ ինքնութեան պահպանութեան», յայտնեց Արիսեան:
Դեսպանը կեդրոնացաւ յատկապէս Սուրիոյ վարած քաղաքականութեան վրայ` ընդգծելով, որ տասնեակ տարիներ տեղւոյն իշխանութիւնները սատարած են եւ այսօր ալ կ՛աջակցին տեղաբնակ հայերուն: Սուրիոյ կառավարութիւնը խորապէս կ՛ընկալէ այն իրողութիւնը, որ տուեալ արաբական երկիրը աչքի կը զարնէ նախեւառաջ իր բազմամշակութայնութեամբ, ուստի կը գործէ` մեկնելով այդ սկզբունքէն: Հայկական համայնքին սատարելու օրինակներէն է հայկական կազմակերպութիւններու, դպրոցներու, ազգային, կրօնական կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովումը պետական մակարդակով, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով անոնց տրամադրուող աջակցութիւնը, որ շարունակուեցաւ պատերազմէն ետք եւս: Այդ գործին մէջ, անշուշտ, կարեւոր է նաեւ Հայաստանի զօրակցութիւնը: Ըստ Արիսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքները գոյատեւելու իրաւունք ունին, եւ անոնց օժանդակելու գործին մէջ Սուրիոյ կառավարութեան գործելակերպը կրնայ օրինակ դառնալ շատ մը երկիրներու համար: