ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Գաղտնի՞ք մը ըսած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք յայտնենք, որ դաշնակցական կեանքի ու այդ միջավայրին մէջ գործող կուսակցական ընկերոջ համար, անառարկելի երկու բարեմասնութիւն`վաստակն ու գաղափարին նուիրուելու յատկութիւնը, իրենց հզօր ազդուութեամբ լոյսին կու գան, երբ ոեւէ ընկեր թէ ընկերուհի այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր դաշնակցականի խիղճն ու պարտքը կատարածի գոհունակութեամբ:
Սա արդէն կը կազմէ տուեալ ընկերոջ կենդանագիրը, որով կը հպարտանանք եւ կը ներշնչուինք մենք` յետնորդ սերունդներս ու միանգամայն ատով կը հարստանայ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ կենսագրութիւնը:
Այս օրերուն, թէեւ վերեւի մատնանշումը իտէալական կրնայ թուիլ շատերու, եւ, սապէս, երազային փափաք` ուրիշներու, այդուհանդերձ, իրողութիւնը չի դադրիր ինքզինք պարտադրելէ, աւելի՛ն, իր եզակի լոյսը սփռելէ, որքան ալ մեր կեանքի թէ շրջապատի պայմանները դառնութեամբ յագեցած ըլլան, իսկ կուսակցական թէ ազգային կեանքի մէջ ընդարմացումներ, բացթողումներ ու սխալներ կը յամենան:
Ա՛լ ինչ խօսք հակառակորդներու դժխեմ խօսքերուն մասին, որոնք կը բուսնին մեր շուրջբոլոր եւ կը փորձեն աղաւաղել պայծառ ճշմարտութիւնն անգամ:
Յայտնենք նաեւ, որ խօսքը չի վերաբերիր վաստակի մեծութեան թէ խորութեան, այլ` անոր ճշմարտացի ներկայութեան ու ծանրութեան:
Այո՛, շօշափելի ներկայութիւն` գործի ընդմէջէն, եւ պատկառելի ծանրութիւն` հեղինակադրոշմի յատկութեամբ:
Այլապէս ալ, երբ կ՛ընդգծենք գաղափարին նուիրուելու գիտակցական բարձր ունակութիւնը, սա արդէն մարդկային կարողականութեան ու հաւատամքի վսեմ եւ առաքելատիպ որակի մը գոյութեան արտայայտութիւն է, որով կը զատորոշուին շատ շատեր, դաշնակցական ընկերական թէ ազգային միջավայրի մէջ:
Կրնայ առարկուիլ, որ 21-րդ դարուն տակաւին ի զօրո՞ւ են նման մտածումներ, երբ աշխարհով մէկ մարդկութիւնը կը տուայտի նիւթին ծառայելու քաոսին մէջ:
Արդարեւ, այս ստեղծուած քաոսային վիճակէն դուրս գալու եւ գաղափարական աշխարհ մը ունենալու տառապանքին լծուած ու իրաւ դաշնակցականի կերպարին կառչած ընկեր մըն էր Շանթ Եագուպեան, որ ունէր մարդկային իւրայատուկ կազմաւորում, դաշնակցական մտքի ու հաւատամքի եզակի ըմբռնում, գաղափարին նուիրուելու եւ ատով զինուելու քաջ մօտեցում, բայց մանաւանդ` գերազանց պաշտամունք եւ ուժեղ համոզում` հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան, գաղափարախօսութեան, ազգային ըմբռնումներուն եւ անառարկելի դերակատարութեան:
Եւ ահա, համացանցային թէ ուղղակի զրոյցներու երկա՜ր ժամերու ընթացքին, եւ այս կը վկայեն իրեն մօտիկ բազմաթիւ ընկերներ ու հարազատներ անգամ, ան առանց երկմտանքի կը յայտնէր իր խոր համոզումը, աներեր մտածումն ու քննադատութիւնը` հանդէպ ազգային ու կուսակցական կեանքի մէջ առկայ տխուր երեւոյթներու եւ ողբերգական վիճակներու:
Ի դէպ, Շանթին համար քննադատութիւնը լոկ խօսքեր չէին, պարզապէս քանի մը մտածում իր շրջապատին փոխանցելու համար, այլ իւրաքանչիւր միտք, որ կը բխէր իր դաշնակցականի աշխարհահայեացքէն, ունէր, կը միտէր դէպի աւելի լաւին ձգտելու, ինքնասրբագրուելու եւ զարգանալու:
Փաստօրէն, ընկեր Շանթ ինչպիսի՛ նիւթի, մտածական հարթակի վրայ թէ խօսքի մէջ ըլլար, անոր սուր ուշադրութենէն չէին վրիպեր երկու երեւոյթ, մարդկային սխալներն ու դաշնակցական ընկերոջ, այսպէս ըսած, «տկարութիւն»-ը: Մեր ընկերոջ համար աններելի յանցանք էին վերոնշեալները, որոնցմէ զերծ պէտք էր մնայինք, թօթափէինք եւ ամուր կառչած մնայինք ՀՅ Դաշնակցութեան դաւանանքին եւ էատարրերուն:
Շանթ Եագուպեանի դաշնակցականի կազմաւորումին առընթեր, ուժեղ ներկայութիւն էր անոր գիտական միտքը, որով սպառազինուած` լոյսին կը բերէր իր եզակի խորհուրդները, հաստատակամութիւնն ու աշխարհահայեացքը: Թէեւ զուսպ, յարգալիր եւ շատ անգամ համոզկեր կ՛ըլլային արտայայտած մտածումները, այլապէս ալ տարբեր առիթներու ան չէր թաքցներ իր խիստ նկատողութիւնը` յառաջ քշելով իր քննական մտքին պաշարը, պարզապէս համեմելու զրոյցին ընթացքն ու թափը:
Յայտնենք, որ Շանթին համար զրոյցի «բռնուիլը» ժամավաճառութիւն չէր, ոչ ալ առիթ`ինքզինք ներկայացնելու: Այս վարքագծին քաջածանօթ ըլլալով` զրուցակից ընկերներ կ՛ընդառաջէին անոր եւ, իրենց կարգին, կը նետուէին «մարտադաշտ»: Թէ ինչո՛ւ այս բառը գործածեցինք, պարզապէս ընդգծելու, որ Շանթին հետ զրուցելը, ձեւով մը «մարտ»-եր էին` իրար հասկնալու, միտքերը բիւրեղացնելու, համոզումներն ու կեցուածքները առաւել յստակացնելու:
Եւ ահա, երկար ատեն (տարիներ), համացանցային զրոյցներու տեսականի մը ինքզինք կը պարտադրէր, որուն մղիչ ուժն էր մեր ընկերը: Ու յանկարծ, պաստառիդ վրայ կը տեսնէիր նախադասութիւն մը, մտածում թէ խօսք, ղրկուած իր կողմէ, որով բացումը կը կատարէր ան` երկարաժամկէտ զրոյցին, որ կը կատարուէր շատ անգամ գրաւոր, ստեղնաշարի օժանդակութեամբ եւ մաքուր հայերէնի ընդգծումով:
Դժուար թէ կարենայիր ազատիլ Շանթի մտածական տարածքի ոստայնէն, ուր ան նրբութեամբ հիւսած կ՛ըլլար իր նախադասութիւնները, հարցերը, մտահոգութիւնն ու ապրումները, որոնք էապէս կ՛առնչուէին ազգին ու ՀՅ Դաշնակցութեան, անշուշտ, առօրեայ կեանքէն թելադրուած եւ բարիին ու անկեղծին հասնելու տրամադրուած:
Մեր ընկերոջ միտքը մշակուած էր: Արդ, զրուցակիցը պարտաւոր էր հաշուի առնել այս իրականութիւնը եւ կշռադատուած պատասխանէր անոր ընդգծումին: Իր ամբողջ աշխարհը կլանած էր դաշնակցականի կերպարը, վարքագիծը, աշխատանքը, նուիրումին տարողութիւնը եւ ընկերներու գաղափարայնութիւնը: Չէր հանդուրժեր որեւէ թուլութիւն եւ մեղկ վերաբերում, հակառակ այն իրողութեան որ ան քաջ գիտէր իր իսկ դաւանած սկզբունքայնութեան ահռելի ու դժուարին կիրառելիութիւնը:
Ան` իբրեւ բնագիտութեան մասնագէտ, զգալի կը դարձնէր իր համոզումին եւ հաւատամքին գիտականութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան քաջածանօթ մեր ընկերը դրուագներու թէ կեցուածքներու ընդմէջէն կը բացատրէր իր մօտեցումը, եւ ըստ էութեան կ՛արժեւորէր ներկայի կուսակցական կեանքը: Գիտէր, կը տեսնէր եւ յաճախ կը մատնանշէր անհատ ընկերներու կողմէ կատարուած թուլութիւնն ու անյարիր վերաբերումները:
Սրամտութեամբ օժտուած մեր ընկերը, յաճախ կ՛ակնարկէր մարդկային տկարութեան, խեղճութեան եւ զզուելի վարքագծերու, որոնց վերացման համար, ըստ իր աշխարհահայեացքին, հարկ է աշխուժացնել դաստիարակչական աշխատանքն ու կենդանի գործի մղել` մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը:
Շանթ ունէր ազնիւ հոգի ու բարի սիրտ մը, որ դաշնակցականութեամբ կը տրոփէր: Ան նաեւ կը յատկանշուէր իր եզակի գաղափարայնութեամբ, այսինքն` գաղափարին նուիրուելու խոր համոզումով: Չէր հանդուրժեր կեղծիքը, սուտն ու խաբեբայութիւնը` զանոնք նկատելով մարդկային ողբերգութեան յոռի եւ անմարսելի երեւոյթներ:
Շանթ Եագուպեանի ծառայութիւնը կուսակցական կեանքի մէջ ունէր երկու աստիճանաչափ` խիստ լրջութիւն ցուցաբերել որեւէ ստանձնուած աշխատանքի հանդէպ եւ օրինակելի գաղտնապահութեամբ գլուխ հանել աշխատանքը` ինչպիսի տարողութիւն, հարթակ թէ ծանրութիւն ունեցած ըլլային անոնք:
Գերազանցապէս գաղտնապահ ու արիասիրտ մեր ընկերոջ համար չկային մեծ թէ փոքր աշխատանք, այլ` դաշնակցական ամէն ծրագիր ու առաջադրանք պէտք էր ազնիւ հոգիով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ իրագործուէր, այլապէս ցոյց տալով համակ ճիգ եւ անմնացորդ նուիրում:
Ահաւասիկ հո՛ս կը կայանայ Շանթ Եագուպեանի գաղափարական աշխարհին եւ դաշնակցականի կերպարին պայծառ դիմագիծը:
Ժամանակ մը ետք, թէեւ մեր զրոյցները տակաւ սկսան նուազիլ ու օր մըն ալ ամբողջութեամբ կասեցան, այդուհանդերձ, մեր ընկերոջ` Շանթին մտածումները, տեսակէտներն ու դաշնակցականի ամուր համոզումը փորագրուած կը մնան մեր ներաշխարհէն ներս, զինք յարգողներուն եւ սիրողներուն միշտ յիշեցնելով` Շանթ Եագուպեանի կենդանագիրը:
Մեր ընկերոջ ողջուց, դժուար թէ յանդգնէինք այս տողերը լոյսին բերել` նկատի ունենալով Շանթ Եագուպեանի ազնուասիրտ նկարագիրն ու դաշակցականի ըմբռնումը, ոչ հաճոյարաշտի ու ցուցամոլի կերպարը, այդուհանդերձ, մեր ընկերոջ յաւիտենական բացակայութեան` ճիտի պարտք էր արձանագրել ամէն ինչ, որ կը վերաբերի հաւատաւոր ու նուիրեալ դաշնակցականի մը, որ գործեց անմնացորդ եւ լո՜ւռ հեռացաւ այս աշխարհէն, օրինակելի յիշատակ մը թողնելով բոլորիս մէջ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր: