Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Առ Պօղոս Սնապեան. «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Հատորին Առիթով (Պէյրութ, 2023)

December 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,

Ձեզի գրած նամակներու շուրջառումին մէջ մտայղացայ դիմել ձեզ` ըսելու համար, որ ի ցիւ թէ այն օրերուն ապրած ըլլայի` մտերմութեանց մէջ ձեր համախոհ ընկերներուն, ինչ որ ամենայն սրտագին մանրամասնութեամբ կը փայլատակի այս հատորին էջերէն: Հատորի, որ ձեր դստեր` Թամարի մեծագոյն հոգածութեամբ մտայղացուեցաւ, եւ ինչպէս ինք հատորին կազմութեան առիթով գրած է. «Ան, կ՛ակնարկուի ձեր մտերմութեան գրողներու հետ) հանդիսացաւ այն ամուր օղակը, որ գիտցաւ լարել միտքերն ու  հոգիները` միշտ ու միշտ ի սպաս հայ գրականութեան»:

Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,

Կ՛երեւակայէ՞ք` ձեր գրութիւններու մէջ երեւակայութիւնը` իբրեւ հոգեւոր խթան եւ առաջնորդ ոգի, միշտ առկայ է, տեսակ մը` սնուցանող, թէ ինչ պարտաւորուածութեամբ կ՛ուզեմ… ներկայ ըլլալ սփիւռքեան` մանաւանդ այն ժամանակներու հայու ոգորումներու ճամբաբաժանին, երբ ամէնքդ ալ` իբրեւ յետեղեռնեայ սերունդի մը դառնութիւնը տեսածներ ու ճաշակածներ կ՛ապրէիք Հայաստան հայրենիքէն դուրս` դրախտավայր Երկրին կարօտաբաղձ ոգին ի գին ամէն բանի չմոռնալու սիրոյն: Եւ ամէնէն էականը. 50-ական, 90-ական թուականներու ընդմէջ` ի՜նչ ազգային, գրապատմական այլեւայլ իրողութիւններու «ականատեսը» կը դառնայ ընթերցողը, որ չէ ապրած այդ տարիներուն: Արամ Հայկազի, Համաստեղի, Յակոբ Կարապենցի եւ միւսներուն` ձեզի եղած նամակները ընթերցելու ատեն, որոնք սոսկ նամակներ չեն, այլ` բովանդակութեամբ խրախոյս ու ոգւոյ նեցուկ ըլլալու պայման, «այլեւս հայերէնի նահանջը տենդագին թափով է առաջանում: Անցել ենք ոգու փրկութեան», ինչպէս կը գրէ Յ. Կարապենց: Մէկ այլ առիթով Կարապենց յաջողուած կը համարէ ձեր գիրը. «… Մենք մեր տկարութիւններով ու հզօրութիւններով առանձին ինքնութիւններ ենք, անհատականութիւններ: Քո գործերում շատ շեշտուած է Սնապեանը` գրագէտը, արուեստագէտը, առանց գրականութիւն անելու… բառերդ մաքուր են, զերծ` շպարից, ահա թէ ինչո՛ւ այնքան կենդանի են»:

Այլ գրողներ ալ ատենին գնահատած, արժեւորած են ձեր գրականութիւնը, իրենց անկեղծ հիացումը յայտնած. սապէս դուք վերաբերած էք այն գրողներուն, որոնց գրութիւնները «զարնուած են ձեր սրտին եւ մտքին». փոխադարձ եղբայրութիւն մը: Իրերահասկացողութեան շնորհիւ` սփիւռքեան գրականութիւնը զարթօնք ապրած է: Ահաւասիկ, ֆրանսահայ գրող Հրաչ Զարդարեանի աներկբայ հիացումով ես ալ տպաւորուեցայ. «Երէկ կարդացի «Պղտոր ջուրեր»-ը: Եւ ահա իմ երդմնալի, անկեղծ համոզումս` այսօրուան համայն հայկական իրականութեան մեծագոյն արձակագիրն ես: Հասած ես բազմադիմի կատարելութեան մը, որմէ շատ հեռու եւ շատ վար կը մնան անոնք, որոնք տարիներէ ի վեր  կը թմբկահարուին եւ դարձած են անհպելի կուռքեր»: Սապէս կը կարծեն, կ՛արտայայտուին` Աբրահամ Ալիքեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Վահրամ Մաւեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ էլի շատեր, որոնց դուք դրդած էք աշխատակցիլ «Բագին»-ին, «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ին, գրական կազմակերպիչ-հովանաւորի դերը անշահախնդրաբար ստանձնած ըլլալով: Ջերմ ու սրտագին են բոլոր նամակներն ալ, վասնզի նամակագրութիւն ունեցած էք սրտակից գրչեղբայրներուդ հետ, անոնք սփիւռքեան պայմաններուն մէջ անձնազոհաբար մաքառած են. ճիշդ այդ մասին կը գրէ Բենիամին Թաշեան. «Կը հարցնես` գրական աշխատանքներէն դուրս ուրիշ ի՞նչ գործով կը զբաղիք: Ցաւօք պիտի խոստովանիմ, որ գրական աշխատանքներէ դուրս գործերով միայն կը զբաղիմ»: Դիւրին է ըսել` ցաւով, բայց շարունակութեան մէջ Թաշեան պատմական իրողութիւնը կը ներկայացնէ. «Ասիկա միայն ցաւ մը չէ, այլ ողբերգութիւն մըն է մեր սերունդէն շատերուն համար: Կը մաղթեմ, որ դուն ողբերգութենէն դուրս մնաս միշտ»: Բայց արդեօ՞ք դուրս մնացած էք, որքան ալ մուսալեռցիի տոկուն եւ անկոտրում կամօք հեղինակած էք գրական, գրադատական ուշարժան աշխատութիւններ, ամէն հատոր ալ «բարի լոյս» մ՛աւետելու հանգոյն «ծնած է: Կը յիշէ՞ք` ի՛նչ հիացումով ընթերցած է Համաստեղ ձեր «Ժամանակ չկայ» վիպակը`  այդ առաջին աշխատանքին հանդէպ հաւատք կապած ձեր ոճին ու ճաշակին եւ հիացումը կ՛արտայայտէ. «Հաճոյքով կը հետեւիմ նաեւ ձեր գրադատականներուն «Նայիրի»-ի մէջ: Կու գաք վստահ քայլերով: Կը սիրեմ ձեր վերլուծական ոճը, որ ունիք «Ժամանակ չկայ» վիպակին մէջ: Կը հաւատամ, որ ձեր այդ նոր թափով ու թարմ ուժով պիտի տաք մնայուն աշխատանքներ»:

Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,

Ինծի կը թուի, թէ չափազանց  «սխալած էք» այն տարիներուն, երբ կը գրէք` «ժամանակ չկայ», ի հարկէ վիպակի խորագրէն դուրս նկատի ունիմ, ըսել կ՛ուզեմ` արտայայտութիւնը, ան ձեզի բնորոշ չէ. դուք անվհատ, միշտ «պատնէշին վրայ» վաւերական գրողի տիպար եղած էք: Կը յիշէ՞ք ձեր հրատարակած «Միջնաբերդ» տարեգիրքին (Պէյրութ, 1957, Ա. հատոր) «Հարցումներ սփիւռքի հայ գրագէտին» հարցարանը: Կարծեմ` տասէն աւելի գրողներու ուղղուած: Կը կարծեմ, որ ձեր «Ժամանակ չկայ»-ն առաւելս քննարժան է յատկապէս այն առումով, որ «ժամանակի» տեղը եւ դերը ցոյց տալու բոլորովին այլ դիտանկիւն ու փիլիսոփայութիւն ունեցած էք. Շաւարշ Միսաքեանը կ՛ըսէր. «Թող գործը խօսի»: Տպաւորութիւնը թող այն չըլլայ, թէ… կը փիլիսոփայեմ: Կը յիշէ՞ք` երբեմն ինծի կ՛ըսէիք. «Կը փիլիսոփայե՞ս, թէ՞ կ՛երեւակայես, երկուքն ալ ընդունելի են, երիտասարդ ես»: Կը յիշեմ յաճախ ձեր այս խօսքերը ու… կը շարունակեմ փիլիսոփայել, երեւակայութեանս ալ երբեմն տուրք կու տամ: «Քու գրագէտի ճշգրիտ դատումներդ ու դիտողութիւններդ» (Գէորգ Թօփալեան): Այս չակերտեալ խօսքերը կը պատկանին Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի հիմնադիրին. եօթը հիմնադիր անդամներէն եղած էք, մրցանակը կը շարունակուի ցայսօր եւ իր բացառիկ ազդեցութեամբ նպաստած է հայ գրականութեան զարգացումին:

Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,

Կը հաւատացնեմ` գրելիքս կ՛երկարի, եթէ այլ խնդիրներու անդրադառնամ, հոս վերջացնեմ, այս նամակը համարէք ձեզի գրուած… ամենավերջին նամակը եւ այդ բարեպատեհ պատիւը, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ինծի  վերապահած եմ  որո՞ւ կողմէ…

Ձեր պայծառ անունով`
ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Երեւան, 16 նոյեմբեր 2023
Յատուկ «Ազդակ»-ին համար

Նախորդը

Արցախեան Խորտակուած Երազէն Եւ Միասնութեան Առասպելէն Թելադրուած

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 11-րդ Թիւը

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.