Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 11-րդ Թիւը

December 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի նոր` 11-րդ թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է սփիւռքի հիմնահարցերուն, վերակազմակերպման եւ զարգացման հարցերուն, ինչպէս եւ` հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, ընդհանուր ռազմավարութեան եւ նպատակներուն:

Յօդուածներուն հեղինակները` ըլլալով Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներէն, կլոր սեղանի շրջանակի մը մէջ տեսակէտներ կը յայտնեն առաջադրուած հարցերուն վերաբերեալ եւ կարծիքներ կ՛արտայայտեն այլ հեղինակներու տեսակէտներուն շուրջ:

Կլոր սեղանի ձեւաչափով այս քննարկումը տեղի ունեցած է որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին եւ սկիզբ առած է այն ատեն, երբ տակաւին Արցախի բռնագրաւումը եւ հայաթափման ցեղասպանական գործողութիւնը տեղի չէին ունեցած:

Նախքան այս թիւի լոյս ընծայումը` խմբագրական կազմը անդրադարձաւ այս իրողութեան եւ որոշեց յօդուածները լոյս ընծայել այնպէս, ինչպէս ե՛ն, երբ մասնաւորապէս, հրապարակուած նիւթերուն մէջ, բնականաբար, կը բացակային մեծ ողբերգութեան  արձագանգները:

Ձեռնամուխ ըլլալով այս նախաձեռնութեան` պաշտօնաթերթին խմբագրական կազմը նկատի ունեցաւ կուտակուած հիմնահարցերը եւ կ՛ակնկալէ, որ այս համազգային նշանակութիւն ունեցող խօսակցութիւնը կրնայ խթանել վերջինիս ծաւալման եւ արդիւնաւէտ լուծումներու որոնման:

Զանազան ցամաքամասեր եւ երկիրներ ներկայացնող յօդուածներու հեղինակները կուսակցական եւ ոչ կուսակցական մտաւորականներ են. մտորումներ կը կիսէ նաեւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչը: Բոլոր այս յարգարժան անհատները կարելիութիւն ունեցած են ազատօրէն ներկայացնելու իրենց գնահատականները եւ տեսակէտները:

«Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմը կ՛ակնկալէ, որ ընթացք առած խօսակցութիւնը պիտի ունենայ շարունակութիւն` ներգրաւելով հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ անուանի մտաւորականներ եւ գործիչներ, որոնց տեսակէտներուն համար յառաջիկային եւս պաշտօնաթերթը սիրով պիտի տրամադրէ իր ամպիոնը:

«Դրօշակ»-ի 11-րդ թիւը ընթերցելու համար այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2023/11/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-11-2023-%D5%A9.-2.pdf

Նախորդը

Նամակ Առ Պօղոս Սնապեան. «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Հատորին Առիթով (Պէյրութ, 2023)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» 26 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Տալաս 30-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ, Բայց…

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.