Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Կ՛ուզէ Լքել Իր Տունը Եւ Բռնի Տեղահանուիլ

Դեկտեմբեր 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ-ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Պատասխանը դո՛ւք գիտէք:

Ազրպէյճանի վարչակարգը ինը ամիս առանց սնունդի,  դեղորայքի, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան ձգեց Արցախի հայ ժողովուրդը, մինչեւ 19 սեպտեմբեր 2023, երբ սկսաւ ռմբակոծել ժողովուրդին բնակարանները. ռմբակոծումը` օր մը միայն: Պատերազմի ընթացքին արցախցին կռուեցաւ, սակայն մէկ օր ետք Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ենթարկուեցաւ անձնատուութեան ներկայացուած պահանջին: Այս կացութիւնը մեծ խուճապ յառաջացուց արցախցիներուն մէջ, աւելի քան հարիւր հինգ հազար մարդ ստիպուած լքեց իր հողերը, սեփական բնակարանները, ունեցուածքը եւ հեռացաւ Արցախէն, ոմանք ինքնաշարժերով, ուրիշներ` բեռնակառքերով կամ այլ միջոցներով, մեքենաներով, հեծանիւներով: Ժողովուրդը գիւղերը լքեց եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ հասաւ, ապա շարունակեց դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Գորիս քաղաքը: Այս տեղահանութիւնը տեւեց քանի մը օր: Ոչ ոք ունէր վստահութիւն եւ միտքի հանգստութիւն` մնալու եւ ապրելու ազրպէյճանական դաժան, բարբարոս վարչակարգի լուծին տակ:

Արցախցիները Գորիսէն  տեղափոխուեցան  Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններ: Ոմանք բախտ ունեցան տուն վարձելու, ուրիշներ տեղ գտան բարեկամներու մօտ, բայց գլխաւորաբար ապաստան գտան իրենց առաջարկուած բնակարաններու մէջ, ուր աւելի քան չորս կամ հինգ ընտանիք պարտադիր միասնաբար սկսան ապրիլ:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Հայաստանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին ենթակայ թեմերու առաջնորդանիստներուն միջոցով կը հոգայ արցախցիներուն պէտքերը` Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ գտնուող իրեն պատկանած կալուածներուն մէջ: Առաջնորդներն ու բոլոր հոգեւորականները կը հետեւին բռնի տեղահանուածներու բարօրութեան, որպէսզի անոնք կեցութեան սովորական պայմաններ ունենան: Երեխաները դպրոց կը յաճախեն: Աշխատանք կը տրամադրեն անոնց, որոնք կրնան աշխատիլ:

Լիբանանի Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանը հնարաւորութիւնը ունեցաւ այցելելու Արցախի բռնի տեղահանուածներուն` Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան պատասխանատու տէր Մարկոսի տնօրինութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան Արմաւիրի մարզի Զուարթնոց շրջանի «Դիմակ» կեդրոնը,  ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Արտաշատի Մրգաւան գիւղը` Արտաշատ քաղաքին  հիւսիս-արեւմուտքը: Այս գիւղին մէջ քանի մը հազար արցախցիներ հաստատուած են: Չորս կամ հինգ ընտանիք միասին կ՛ապրին նոյն յարկին տակ: Մրգաւանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  տէր Միքայէլը մեծ ջանք թափելով` կը խնամէ բռնի տեղահանուածները, որոնք առանց իրենց գոյքերը եւ այլ պէտքերը ունենալու` լքած են իրենց բնակարանները: Ուստի ընտանիքներուն անհրաժեշտ են` սնունդ, հագուստ, քնանալու վայր եւ  ապրելու միջոցներ: Բարեբախտաբար երեխաները դպրոց կը յաճախեն: Անոնք, որոնք կարող են աշխատանք գտնել, սկսած են աշխատիլ: Բայց հիմնականին մէջ անոնք կը մտածեն իրենց կալուածներուն եւ իրենց բնակարաններուն մասին, որոնք լքած են: Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականները  մեծ աջակցութիւն կը  ցուցաբերեն այս վիճակին մէջ գտնուող մարդոց:

Այստեղ, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը միացած է եկեղեցւոյ` մատակարարելու սննդամթերք եւ ձմեռնային հագուստներ, որոնք պատրաստուած են համախմբումին անդամներուն կողմէ եւ առաքուած  են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որպէսզի բաժնուին արցախցիներուն:

Այս բռնի տեղահանուածներուն  հոգատարութիւն ցուցաբերելը շատ մխիթարական է իրենց համար, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը արցունքը աչքերուն կը պատմէր իրեն հետ պատահածները եւ  դժբախտութիւնը:

Անոնցմէ  ոմանք դեռ վերջերս վերանորոգած էին իրենց բնակարանները, ուրիշներ լքած էին իրենց անասուններն ու հողը: Ի վերջոյ, Արցախը հայկական է: Պատմութեան ընթացքին այդտեղ կառուցուած են հինգ հազար եկեղեցիներ:

Խրախուսեցինք զիրենք, որ քաջ մնան` առանց իրենց յոյսը կորսնցնելու: Մնան միշտ Աստուած ունենալով իրենց առաջնորդ եւ վստահելով Աստուծոյ` մնան յոյսով եւ հաւատքով:

Արցախցիներուն հետ շփումը եւ օգտակար դառնալը  անհրաժեշտ է անոնց բարօրութեան եւ անոնց համար մարդավայել պայմաններ ստեղծելու  համար: Իւրաքանչիւր հայ անհատ պարտի օգտակար ըլլալ` իր կարելին ընելով ուրախ պահելու համար զանոնք:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Միակ Իրական Ու Վստահելի Հարեւանը

Յաջորդը

Եզակի Հրատարակութիւն Մը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?