Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը 27-29 նոյեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած հրապարակումին մէջ:
Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր հարթութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները` նպատակ ունենալով դիտարկել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան կապերու խորացման եւ ամրապնդման հաւանական ուղղութիւնները, նաեւ քննարկել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Հայաստանը օգտագործել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ամբողջ ներուժը:
Հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ այցելութիւնը կ՛իրականացուի` հետամուտ ըլլալով 26-27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի յանձնարարականի կատարման` միտուած լաւագոյն կերպով նախանշելու Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները ամրապնդելու տարբերակները:
Այցելութեան շրջանակներուն մէջ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Արտաքին սահմաններու անվտանգութեան Եւրոպական միութեան գործակալութեան` «Ֆրոնթեքս»-ի ներկայացուցիչները պիտի միանան Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու:
Ժամանող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Այցելութեան առիթով պիտի ազդարարուի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ներդրումներու համակարգման հարթակի մեկնարկը: