Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Աղբակոյտի Վերածած Է Շուշիի 19-րդ Դարու Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Պատմական Շերտերը

November 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան աղբակոյտի վերածած է Շուշիի 19-րդ դարու Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմական շերտերը: Այս մասին կ՛ահազանգէ Արցախի յուշարձաններու մշտադիտարկումով զբաղող «Մոնիումընթ Ուաչ» կազմակերպութիւնը:

«Ինչպէս յստակօրէն կ՛երեւի «Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» (Քոքըսըս Հերիթէյճ Ուաչ) նախաձեռնութեան կողմէ հրապարակուած արբանեակային լուսանկարներէն, բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն պատճառով վնասուած են Շուշի քաղաքի Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մնացորդները: Համաձայն 3 նոյեմբեր 2023-ին առնուած արբանեակային լուսանկարին, ազրպէյճանական կողմը շրջակայ տարածքներու շինարարութեան ամբողջ շինաղբը ծանր մեքենաներու միջոցով լեցուցած է եկեղեցւոյ` տակաւին 2017 թուականի պեղումներով բացուած հիմնապատերուն եւ ծաւալներուն վրայ:

«2021 թուականէն կատարուած արբանեակային լուսանկարները փաստած են միայն տարածքի անխնամ եւ խոտածածկ դառնալը:

«Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1838 թուականին Մահտեսի Հախումեանցի ծախսերով:

«Մեղրեցոց եկեղեցւոյ տարածքին մէջ 2017 թուականին պեղումներ կատարած է Արցախի Հանրապետութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան հնագիտական արշաւախումբը: Նախքան պեղումները, տարածքը ամբողջովին կուպրապատ էր, այդտեղ կ՛երեւէին միայն խորանը եւ երկու աւանդատուները: Պեղումներուն շնորհիւ վերցուած է կուպրի շերտը, եւ բացուած են եկեղեցւոյ հիմքերը:

«Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 2020 թուականի նոյեմբերին քաղաքը բռնագրաւելէ ետք աշխուժ կերպով կը շարունակեն 1960-ական թուականներուն սկսած Շուշի քաղաքի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութիւնը:

«Լա Հէյի արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումով արգիլուած են հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման գործողութիւնները, «Ազրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխարգիլելու եւ պատժելու վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կը կատարուէին հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ…»: Աւելցնենք նաեւ, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի մշակութային արժէքներուն հասցուող վնասը հարուած է ամբողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ներդրումը ունի համաշխարհային մշակութային բազմազանութեան մէջ: Համաձայն «Զինուած տագնապներու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրի 4-րդ յօդուածին, արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ արարք: Ըստ Լա Հէյի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան, արգիլուած է գրաւեալ տարածքներու մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները:

«Մշակութային ժառանգութեան նմանօրինակ դիտաւորեալ ոչնչացման քաղաքականութիւնը կը դատապարտուի նաեւ «Մշակութային ժառանգութիւնը դիտաւորեալ ոչնչացնելու մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003 թուականի հռչակագիրով», նշուած է կազմակերպութեան կայքին վրայ:

Նախորդը

«Մեզ Չի Հետաքրքրեր Լեռնային Ղարաբաղը Ծանր Վիճակի Մէջ Ձգած Հայաստանի Վարչապետին Կարծիքը» Կ՛ըսէ Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Փաստահաւաք Առաքելութիւնը Պիտի Այցելէ Հայաստան

RelatedPosts

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային  Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները  90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են
Հայկական

Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները 90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.