Ազրպէյճանը անհրաժեշտ պայմաններ պիտի ստեղծէ Ղարաբաղ վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող հայերու համար:
Այս մասին, ըստ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, յայտարարած է Ազրպէյճանի միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւ:
Անոր հաւաստումով, Ղարաբաղի մէջ բնակարանները եւ մշակութային յուշարձանները կը պահպանեն մասնայատուկ ուժերը: Տուները կապարակնքուած են, եւ ոչ ոք ներս կը մտնէ:
«Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման մէկ մասը կը վերաբերի այս հարցին: Ասիկա Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնն է: Դժուար է ըսել, թէ գործնականին մէջ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի իրականացուի: Կը կարծեմ, ինչպէ՛ս արդէն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտնած է, բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան վերադառնալ, ատոր համար ժամանակ պիտի ստանան: Անոնք, որոնք կը ցանկան վերջնականապէս վերադառնալ` պիտի վերադառնան, կամ եթէ մէկը ուզէ գալ ու իրերը վերցնել` անոր այդպիսի կարելիութիւն պիտի տրուի», ըսած է Շաֆիեւ:
Անոր հաղորդումով, երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը պիտի կատարէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը: