Քրեմլին կը ցաւի, որ Հայաստանը բարձր մակարդակով պիտի չմասնակցի 23 նոյեմբերին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին եւ յոյսով է, որ Երեւանը պիտի շարունակէ աշխատանքը կազմակերպութեան ծիրին մէջ: Այս մասին 22 նոյեմբերին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Ի հարկէ, կրնանք ափսոսանք յայտնել, որ Հայաստանը վաղը բարձր մակարդակով պիտի չմասնակցի այս վեհաժողովին, յոյսով ենք, որ պիտի ըլլայ աշխատանքային, փորձագիտական մակարդակով մասնակցութիւն: Սակայն, ի հարկէ, կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը կազմակերպութեան ծիրին մէջ», ըսած է ան լրագրողներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարն ու Ազգային ժողովի նախագահը չմասնակցեցան ՀԱՊԿ-ի ժողովին: