Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, 13 նոյեմբեր 2023-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հասաւ Ֆիլատելֆիա, դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արտասանած իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ արժէքներու կարեւորութեան` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ: Առանց արժէքի` մարդկային կեանքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իմաստն ու նապատակը, ըսաւ ան` ընդգծելով առաւելաբար հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները: Իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալով` հայրապետը շեշտեց, որ անոնք սերտօրէն իրարու ընդելուզուած են, եւ բոլորն ալ էական են մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան պահպանման համար:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայորդիներու: Հոն տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանուեցան, եւ հայրապետին խօսքով եզրափակուեցաւ ընդունելութիւնը: Մեկնելով Ամերիկայի մէջ յաճախ կրկնուած «Ժողովուրդէն, ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար» խօսքէն` հայրապետը լայնօրէն բացատրեց այս արտայայտութեան խորունկ իմաստն ու պատգամը ու շեշտեց, որ մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ բաժանման գիծեր, տարբեր դասակարգեր պէտք չէ գոյութիւն ունենան, որովհետեւ մենք մէ՛կ ամբողջութիւն ենք` հարուստ զանազանութեամբ: Ան շարունակեց` ընդգծելով, որ «մենք» եւ «դուք» չկայ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այլ կայ միայն «մենք»-ը` զանազան դերակատարութիւններով: Ինչպէս Քրիստոս նոյնացաւ ժողովուրդին հետ` ծառայելով անոր կարիքներուն, այսօր նոյնը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր հոգեւորականներու ու աշխարհական կառոյցներու ճամբով: Ժողովուրդին հետ ըլլլալ, ժողովուրդին համար ըլլալ եւ ժողովուրդին ծառայել: Ա՛յս է Անթիլիասը, եւ ա՛յս է մեր կոչումը, շեշտեց կաթողիկոսը:
Յաջորդ առաւօտ ան հանդիպում ունեցաւ գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առիթով հայրապետը իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց` շեշտը դնելով համագործակցութեան ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու հրամայականին վրայ եւ կարեւորութեամբ նշեց կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու խիստ հրամայականը:
Աւելի ուշ վեհափառ հայրապետը այցելեց Հայ քոյրերու վարժարանը, ուր դպրոցի տնօրէն քոյր Էմման ողջունեց Արամ Ա.-ի օրհնաբեր ներկայութիւնը վարժարանին մէջ: Այս եզակի ու իւրայատուկ առիթով աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը պատրաստած էին` ի պատիւ հայրապետին: Աւարտին խօսք առաւ կաթողիկոսը եւ յիշեցուց հայակերտումի առաքելութիւնը վերաշեշտելու յոյժ կարեւորութիւնը, յատկապէս` սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:
Երեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2023-ի վեհափառն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Նիւ Ճըրզի: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»-ի կանոնական աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, որ ըսաւ, թէ հայրապետը մօտէն կը ճանչնայ այս եկեղեցին ու համայնքը, որովհետեւ անոր համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն զանազան առիթներով այցելած է համայնքին եւ պատարագած ու քարոզած է այս եկեղեցւոյ մէջ:
Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ կարեւոր նկատեց հաւատքին գոյութիւնը մարդու կեանքին մէջ` ընդգծելով, թէ հաւատքն է, որ մարդ արարածը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ: Ան վերյիշեցուց, որ հաւատքով զօրացած մարդը կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, ուստի կոչ ուղղեց մեր հաւատքը վերանորոգելու` գործօն մասնակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ համայնական կեանքին:
Արարողութեան յաջորդեց ընդունելութիւն` եկեղեցւոյ սրահին մէջ, եւ հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան հայրապետին օրհնութիւնը:
Չորեքշաբթի, 15 նոյեմբերին կաթողիկոսը ընդունեց Նիւ Ճըրզիի հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուները: Հանդիպման ընթացքին ան ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւն ըլլալ` կը նշանակէ իրարու օգնել եւ սերտօրէն համագործակցիլ: Համայնքը կը դառնայ հզօր ու կազմակերպ, երբ անոր կեանքին մէջ գործող կառոյցները ներդաշնակ կերպով կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Այս առիթով հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց միութիւններուն տարած աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն իրականացման:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յովնանեան վարժարան, ուր աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին: Դպրոցի տնօրէն Սթեֆընի Թորոսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կաթողիկոսը իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց: Ան յիշեց տասնամեակներ առաջ դպրոցի շինութեան ու կազմաւորման աշխատանքները եւ ընդգծեց այս հաստատութեան դերակատարութիւնը` շրջանի հայութեան կեանքին մէջ: Իր խօսքին մէջ հայրապետը նաեւ վեր առաւ հայ դպրոցին վիճակուած եզակի ու իւրայատուկ դերը` հայապահպանման աշխատանքներու ծիրին մէջ:
15 նոյեմբեր 2023-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ կաթողիկոսը այցելեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, վերապատուելիներու ու պաշտօնէութեան կողմէ:
Ընդհանուր ծանօթացման կարճ հանդիպումէ մը ետք, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կեդրոնին կողմէ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ: Այս ընթացքին խօսք առին Քալվին Սաղըրեանը եւ Զաւէն Խանճեանը: Վերջինս հայրապետը ներկայացուց անոր բազմակողմանի աշխուժ գործունէութեամբ եւ շեշտեց, որ ան իր ծառայութեամբ նոր հմայք տուաւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքի հայութեան: Իր խօսքի աւարտին գործադիր տնօրէն Խանճեանը յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին կողմէ 100.000 ամերիկեան տոլարի գումար մը դրաւ հայրապետին տրամադրութեան տակ` դպրեվանքի առաքելութեան բարեզարդման ու բարգաւաճման ի խնդիր:
Ապա խօսք առաւ կաթողիկոսը եւ անդրադարձաւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն, նաե՛ւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն գործակցութեան ու միացեալ ծրագիրներուն: Հայրապետը անդրադարձ կատարեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութեան` զայն նկատելով ո՛չ թէ եկեղեցւոյ գործունէութեան մարզերէն մէկը, այլ եկեղեցւոյ էութի՛ւնն իսկ: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելութիւն մը կատարելու համար իր աշակերտները աշխարհ ուղարկեց: Այս առիթով Արամ Ա. նաեւ շեշտեց, որ ընկերակցութեան կողմէ կատարուող աշխատանքը միայն աւետարանական եկեղեցին չի ներառեր, այլ, անկէ անդին, ան օգտակար կը հանդիսանայ բոլոր այն ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսագործումն է` աստուածաբանական ուսման, քրիստոնէական դաստիարակութեան, վկայութեան եւ այլ ծրագիրներու ճամբով:
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի միաբերան երգեցողութեամբ: